Ազատ արձակուած գերապայծառ Մոզէս Չիքուէ Ազատ արձակուած գերապայծառ Մոզէս Չիքուէ  

Ազատ արձակուեցաւ Նիճերիոյ մէջ առեւանգուած եպիսկոպոսը։

Գերապայծառ Մոզէս Չիքուէ այժմ կը գտնուի իր բնակարանին մէջ մինչ վարորդը փոխադրուած է հիւանդանոց դարմանումներ ստանալու համար։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Նիճերիայի Օվերրի թեմին օգնական եպիսկոպոս գերապայծառ Մոզէս Չիքուէ՝ որ անցեալ 27 դեկտեմբեր 2020-ին առեւանգուած էր իր վարորդին հետ միասին, երէկ երեկոյեան ժամը 22-ին ազատ արձակուեցաւ։ Լուրը կը հաստատէ Օվերրի թեմին արքեպիսկոպոսը գերապայծառ Անթոնի Օպիննա։

Ան իր հրապարակած մէկ յայտարարութեան մէջ գոհաբանութիւն յայտնելով Աստուծոյ, շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին, որ  մէկ Յունուարի Մարեմեան Աղօթքի աւարտին կոչ ուղղած էր եպիսկոպոսին ու անոր վարորդին ազատագրումին համար։ Գերապայծառ Օպիննա շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ բոլոր անոնց որոնք միացան գերապայծառ Չիքուէի ու անոր վարորդի ազատագրումին նուիրուած աղօթքներուն ու յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Նիճերիոյ  ոստիկանութեան, անոնց անխոնջ  ջանքերուն ի նպաստ  ազատագրումին։

Գերապայծառ Մոզէս Չիքուէ այժմ կը գտնուի իր բնակարանին մէջ մինչ վարորդը փոխադրուած է հիւանդանոց դարմանումներ ստանալու համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/01/2021, 11:26