Կարդինալ Լուիս Ռաֆայէլ Սաքօ Կարդինալ Լուիս Ռաֆայէլ Սաքօ 

Կարդինալ Սաքօ. Աղօթենք որ նոր տարին «տապալէ ատելութեան եւ բռնութեան պատերը»։

Պատերազմներու դէմ ու խաղաղութեան ի նպաստ յանձնառումը կ՛անցնի «կրթութեան» համակարգէն, երաշխաւորուած ընտանիքի, դպրոցներու, եկեղեցիներու, մզկիթներու եւ լրատուամիջոցներու շնորհիւ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Թող որ նոր տարին «տապալէ ատելութեան ու բռնութեան պատերը» Միջին Արեւելքի եւ համայն աշխարհի մէջ ու Ֆրանչիսկոս Պապին Իրաք կատարելիք ճամբորդութիւնը կարողանայ Երկրին պարգեւել ուժ, որպէսզի «դառնանք նոր ազգ մը»։ Այս է Քաղդէացիներու Պատրիարք՝ Կարդինալ Լուիս Ռաֆայէլ Սաքոյին մաղթանքը, զոր Ան արտայայտեց Խաղաղութեան Համաշխարհային օրուան առթիւ յղած իր պատգամին մէջ։

«Տխուր երեւոյթ է ականատես ըլլալ, թէ ինչպէս մեր երկիրը ու համայն աշխարհը դիմած է մրցավազքի յանուն իշխանութեան եւ փողի ու ոչ թէ ի նպաստ մարդոց եւ ծառայութիւններուն» կը նշէ Քաղդէացիներու Եկեղեցւոյ Պետը, որ նկատել կու տայ թէ կարելի չէ ձեռք բերել իրական խաղաղութիւն մինչեւ, որ «իսկական եղբայրութիւնը չի հաստատուի մեր մէջ», որովհետեւ առանց խաղաղութեան չկայ կայունութիւն եւ զարգացում։

Կարդինալը հուսկ կը հաստատէ թէ խաղաղութեան հասնելու համար հարկաւոր է մարդիկը դաստիարակել «եղբայրութեան, հանդուրժողականութեան, զօրակցութեան եւ ոչ բռնութեան»։ Մինչ կրօններուն առաքելութիւնն է «տարածել ու խթանել խաղաղութեան, եղբայրութեան եւ սիրոյ մշակոյթը»։  Իսկ Կրօնապետերուն պարտականութիւնն է վերանորոգել կրօնական մտածողութիւնը ու տարածել «հանդուրժողականութեան ու կրօնական եւ մտային բազմազանութեան հոգին»։

«Պետութիւնն ալ պէտք է ստանձնէ իր պարտականութիւնը պաշտպանելով իր բոլոր անդամները քաղաքացիութեան տրամաբանութեան, օրէնքի եւ իրաւունքի ու արժանապատուութեան հիման վրայ» կը նշէ միշտ Քաղդէացիներու Պատրիարքը, որ կը հաստատէ նաեւ թէ պատերազմներու դէմ ու խաղաղութեան ի նպաստ յանձնառումը կ՛անցնի «կրթութեան» համակարգէն, երաշխաւորուած ընտանիքի, դպրոցներու, եկեղեցիներու, մզկիթներու եւ լրատուամիջոցներու շնորհիւ։

«Միանանք Ֆրանչիսկոս Պապին Խաղաղութեան համաշխարհային 54րդ օրուան պատգամի մաղթանքին, որպէսզի «մարդկութիւնը յառաջանայ եղբայրութեան, արդարութեան ու խաղաղութեան ճանապարհին վրայ», հրաւէր կ՛ուղղէ ապա Քաղդէացիներու Պատրիարքը այդ հրաւէրին աւելցնելով նաեւ աղօթք՝ վասն «Քահանայապետին Իրաք կատարելիք ճամբորդութեան յաջողութեան»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/01/2021, 07:39