Ո՜վ Տէր, կը խնդրեմ քեզմէ որ իմ սիրտս փոխես, որպէսզի Քեզ ընդունիմ հաւատքով, սիրով եւ ողորմութեամբ Ո՜վ Տէր, կը խնդրեմ քեզմէ որ իմ սիրտս փոխես, որպէսզի Քեզ ընդունիմ հաւատքով, սիրով եւ ողորմութեամբ 

«ԿԵԱՆՔԻ ՈՒՂԵՑՈՅՑ ՄԸ՝ ՆՈՐ ԿԵԱՆՔԻՆ» Արհ. Գէորգ Եպիսկ. Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը։

Տիրոջ արքայութիւնը մեզմէ կը պահանջէ նոր վերադարձ մը մեր կեանքին, այսինքն՝ դէպի նոր աւետարանացումի եւ քրիստոնէութիւն, եւ պէտք է մեր Տիրող առաջնահերթութիւն տանք մեր կեանքին մէջ ընդունելով իր կոչը եւ իր կամքը։
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Մարկ 1, 14-20

Ժամանակը ամբողջացած է եւ Աստուծոյ Արքայութիւնը հասած, ապաշխարեցէ՛ք եւ հաւատացէ՛ք Աւետարանին (Մարկ 1,15)։

Ո՛վ Տէր, կը հաւատամ որ Դուն զիս կը կանչես Քեզի հետեւելու համար եւ ամէն օր ինծի համար առիթ է որ դառնամ Քու հաւատարիմ աշակերտդ, Քու հոգեւոր դպրոցին մէջ։ Օգնէ՛ ինծի՝ ընդունելու Քու թագաւորութիւնդ իմ կեանքիս մէջ, օգնելով նաեւ ուրիշները՝ հաւատալու իմ վկայութեանս։

Յիսուս, որ նոր սկսած էր իր առաքելութիւնը եւ նոր ելած էր հանրութեան, եկած էր փնտռելու իրեն յարմար աշակերտները։

Իր զարմիկին, Յովհաննէս Կարապետին ձերբակալման եւ բանտարկութեան լուրը զինք վշտացուց եւ Ան տառապեցաւ, որովհետեւ դժուարացուց իր առաքելութիւնը, ինչ որ զինք մղեց երթալու Գալիլիոյ գիւղերը՝ յստակ կերպով քարոզելու համար այն ժողովուրդին, զոր զինք կը սպասէր, որովհետեւ կարիքը ունէր իրեն։ Իրենց կու տար քաջութիւն եւ նոր շունչ մը, երբ կ’ըսէր. «Մի՛ վախնաք, Աստուծոյ արքայութիւնը մօտ է»։ Այսինքն, ին եկած եմ ձեզի նոր աշխարհ մը ստեղծելու եւ իրենց կը յիշեցնէր հին մարգարէներուն խոստումները, հրեայ ժողովուրդը առանձին չձգելու։

Կրնանք ըսել որ Յիսուսի անձին պատմական կարեւորութիւնն ու ապրելաձեւը կը գտնուէին իր խօսքերուն եւ գործերուն մէջ, որովհետեւ հրեայ ժողովուրդը դարերէ ի վեր կը սպասէր Անոր գալուստը։ Յիսուս կը հաստատէր որ մարգարէներուն խոստումները իրմով կ’իրականանային։

Հոս կը հասկնանք ժողովուրդին խանդավառութիւնը, զգալով որ Աստուած իրենց ղրկեց նոր Մեսիան։

Յիսուսի բանաձեւը՝ «Աստուծոյ Արքայութիւնը» մեզ հասկցնել կու տայ որ Յիսուսն է Մարգարէն եւ Փրկիչը որ եկած է մեզ հասցնելու Աստուծոյ արքայութիւնը սիրով եւ միութեամբ…։ Այս արքայութիւնը երբե՛ք քաղաքական չէր, այլ խորհուրդ մը, որուն մէջ պէտք է ինք ապրիլ իրեն հետ յաղթելու եւ յարուցանելու համար։

Աստուծոյ արքայութիւնը նոյնինքն Յիսուս Քրիստոսն է, որ մեզի պէս ապրեցաւ, չարչարուեցաւ, խաչուեցաւ եւ յարութիւն առաւ, պայքարելու համար մահուան եւ մեղքին դէմ, այսպիսով մենք կ’ընդունինք Աստուծոյ արքայութիւնը։

Տիրոջ արքայութիւնը մեզմէ կը պահանջէ նոր վերադարձ մը մեր կեանքին, այսինքն՝ դէպի նոր աւետարանացումի եւ քրիստոնէութիւն, եւ պէտք են մեր Տէրը առաջնահերթ ըլլայ մեր կեանքին ընդունելով իր կոչը եւ իր կամքը։

Ո՜վ Տէր, կը խնդրեմ քեզմէ որ իմ սիրտս փոխես, Քեզ ընդունելու հաւատքով, սիրով եւ ողորմութեամբ։ Ամէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/01/2021, 07:55