Որոնել

Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթ Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթ 

Եկեղեցական Գիտելիքներ - Երկրորդ Շաբաթ Յայտնութեան (17-24 Յունուար 2021)

Քրիստոնեաները , որպէսզի կարենան իրագործել Յիսուսի իրենց յանձնած պատգամը , որ է տարածել իր աւետարանը բոլոր աշխարհի վրայ, պէտք է որ միանան , եւ ցոյց տան թէ իրենք հարազատ եղբայրներ են իրարո
Ունկնդրէ լուրը

Այս շաբթուայ ընթացքին ` կը կատարենք աղօթքներ Քրիստոսի Եկեղեցւոյ միութեան համար . Զանազան դարերու ընթացքին բաժանումներ յառաջացած են այդ Եկեղեցւոյն մէջ, որ գոյացած են մեծ մասամբ քրիստոնեայ հասարակութիւններու միջեւ վարդապետական անհասկացողութիւններու հետեւանքով։ Այսօր գրեթէ հարթուած են այդ վարդապետական բաժանմունքները եւ երկուստեք անկեղծ փափաք մը կայ իրար հանդիպելու վերջնականապէս լուծելու համար այս կացութիւնը։

Քրիստոնեաները , որպէսզի կարենան իրագործել Յիսուսի իրենց յանձնած պատգամը , որ է տարածել իր աւետարանը բոլոր աշխարհի վրայ, պէտք է որ միանան , եւ ցոյց տան թէ իրենք հարազատ եղբայրներ են իրարու:

Որեւէ բաժանում կամ հակառակութիւն պիտի չնպաստէ իրենց այս կոչումին , Տիրոջ պատգամը տարածելու աշխարհիս վրայ։ Ահա այս միութեան համար կ՛աղօթենք այս շաբթուայ ընթացքին։

Երկուշաբթի 18 Յունուարին , տօնն է Սուրբ Անտոն անապատականի . Կրնանք սեպել զինք Եկեղեցւոյ վանականներու նահապետը եւ ճգնաւորներու հայրը։ Ծնած է Եգիպտոսի Կոմա քաղաքը , 251 թուին. Իր ծնողաց մահուընէ ետք` բոլոր ունեցածները աղքատներուն կը բաժնէ եւ Թեպայի շրջանի անապատը կը քաշուի ճգնելու համար։ Երբ կը տեսնէ թէ բազմաթիւ աշակերտներ իրեն կը հետեւին եւ անապատ կը քաշուին , 305 թուին կը հիմնէ առաջին վանքը միայնակեաց կրօնաւորներու . Իր հռչակը հետզհետէ ընդարձակուելով ` բազմաթիւ վանքեր կը հաստատէ , այրերու թէ կիներու, անոնց համար օրէնքներ սահմանելով (Անտոնեան կրօնաւորներու օրէնքները ). կը պայքարի նաեւ արիոսեան աղանդին դէմ. Կը վախճանի 356 թուին, 105 տարեկանին : Իր կեանքի եւ գործերուն մասին գրած է Ս. Աթանաս մեծ հայրապետը։

Երեքշաբթի 19 Յունուարին ` կը տօնենք Մեծն Թէոդոս կայսրը , որ տիրեց Բիւզանդական աշխարհի վրայ 379-395 թուականը . Իր ժամանակ է որ քրիստոնէութիւնը կայսրութեան պետական կրօն հռչակուեցաւ ’’ մօտ 80 տարի վերջ Հայաստանէն ’’ : Կը տօնենք նաեւ Եփեսոսի Եoթը երիտասարդ ննջողներու տօնը, որոնք 250 թուին` փախչելով հալածանք թուին ներէն, ապաւինեցան քարայրի մը մէջ, ուր իրենց վրայ քուն մը եկաւ որ տեւեց 100 տարիէն աւելի. Արթնցան Մեծն Թէոդոսի օրով եւ տեսնելով որ կայսրութիւնը ամբողջ քրիստոնեայ դարձած էր, մեծապէս մխիթարուեցան ու մի քանի օր ապրելէ ետք` մահացան Եփեսոսի մէջ։ Նոյն օրը տօնն է Սուրբ Մարութա եպիսկոպոսի ու նաեւ Եւգինէոս , Մակարիոս , Վաղերիոս , Կանդիտոս եւ Ակիւղա սուրբերու:

Հինգշաբթի 21 Յունուարին ` տօնն է Սուրբ Կիրակոսի եւ անոր մօր` Յուղիտայի . անոնք քրիստոնեայ ըլլալով` փախան քաղաքէ քաղաք եւ ի վերջոյ ապաստանեցան Տարսոնի մէջ. Սակայն հոն եւս հասան հալածանքները եւ մայր ու զաւակ նահատակուեցան յետ անողոք չարչարանքներու , 304 թուականին։ Տօնն է նաեւ մեր հայազգի մեծ սուրբերէն ` Սուրբ Վահան Գողթնացիի ։ Ան փոքր տարիքին ` գերի բռնուեցաւ Արաբներու կողմէ 707 թուին եւ Դամասկոս տարուեցաւ , ուր մեծցաւ Խալիֆայի պալատին մէջ եւ դարձաւ դիւանապետ։ Շատ սիրուեցաւ իր շրջապատէն . Սակայն երբ նոր խալիֆա մը եկաւ եւ արտօնեց որ բոլոր հայ գերիները դառնան իրենց տուները , ինք եւս մեկնեցաւ Հայաստան եւ հոն` ճանչնալով քրիստոնէութիւնը , դարձի եկաւ ու մկրտուեցաւ . Ամուսնացաւ ու զաւակներ ունեցաւ, բայց որովհետեւ խօսք տուած էր խալիֆային վերադառնալ Դամասկոս , ետ դարձաւ Սուրիա եւ մերժելով ուրանալ քրիստոնէութիւնը , նահատակուեցաւ , այսպէսով արժանանալով իր հօրը` Խոսրովի մարտիրոսական պսակին , 737 թուին։

21 Յունուարին ` կը տօնենք նաեւ` Սուրբ Վլաս Սեբաստիոյ հայրապետը . Ոմանք զինք հայ կը կարծեն ծագումով , սակայն որեւէ փաստ չկայ այդ ուղղութեամբ . Նշանաւոր եղած է իր բժշկութիւններով , մանաւանդ կոկորդի ցաւէ տառապողներուն համար։ Հալածանքներու ժամանակ , ինք եւս կը բռնուի եւ տարուելով Կեսարիա , շատ մը չարչարանքներու կ՛ենթարկուի . Կը մարտիրոսանայ 316 թուին։ Նոյն օրը կը տօնենք Ոնեսիմոս , Պօղոս առաքեալի աշակերտներէն մին, որուն մասին վկայութիւն տուած է առաքեալը , Փիլեմոնի ուղղած իր թուղթին մէջ։

Շաբաթ 23 Յունուարին , տօնն է Աղեքսանդրիոյ Եկեղեցեւոյ երկու մեծ հայրապետներու . Սուրբ Աթանասի եւ Սուրբ Կիւրեղի։ Աթանաս ծնած է Աղեքսանդրիա 295 թուին։ Փոքր հասակէն տեղւոյն եպիսկոպոսը կ՛առնէ զինք իր հովանաւորութեան տակ եւ շուտով կը դառնայ եկեղեցւոյ գլխաւոր սիւներէն մին, իր փարումովը Սուրբ Երրորդութեան ճշմարիտ հաւատքին։ 326-ին կ՛ըլլայ հայրապետ Աղեքսանդրիոյ . Բազմիցս կը հալածուի ու կ՛աքսորուի Արիոսի դէմ իր մղած անտեղիտալի պայքարին պատճառաւ։ Կը վախճանի 373- ին, Աղեքսանդրիա։ Իսկ Կիւրեղ ծնած է դարձեալ Աղեքսանդրիա 375-ին. Հետագային կը դառնայ ինք եւս հայրապետ Աղեքսանդրիոյ 412-ին, կը նախագահէ Եփեսոսի տիեզերական ժողովին (431ին) ուր դատապարտել կու տայ Նեստորը , հաստատելով միութիւնը Քրիստոսի մէջ. Կը վախճանի 444-ին, Աղեքսանրիա։ Տօնն է նաեւ ` Սուրբ Գրիգոր Նազիանցիի , որ ճանչցուած է նաեւ ` e Աստուածաբան անունով , իր բարձր մակարդակի հոգեւոր կրթութեան պատճառաւ։ Ծնած է 330-ին, Արիանզ գիւղը եւ բաւական ուսումներ ստանալէ ետք` 371-ին կը ձեռնադրուի Եպիսկոպոս Նազիանզի . Կ՛որոշուի նաեւ պատրիարք Կ.Պոլսոյ, սակայն իր դէմ լարուած հակառակութիւններուն պատճառով ` կը հրաժարի եւ կը քաշուի իր քաղաքը , ուր եւ կը վախճանի 390 թուին։ Կը յիշատակենք նաեւ` Եւգինէ կոյսին, անոր հօր` Փիլիպպոսի , մօր` Կղոդէի , երկու եղբայներ ` Սերկէյի եւ Ապիտոնի , ու նաեւ երկու ներքինիներու տօնը:

Կիրակի 24 Յունուարը , Առաջաւորաց բարեկենդան է:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/01/2021, 07:29