Խոր Վիրապ Խոր Վիրապ 

Հայ եկեղեցւոյ ծէսը և ծիսակարգը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (ԼԴ)։

Այսօրուան մեր հաղորդման ընթացքին, պիտի անդրադառնանք Առաւօտեան ժամերգութեան աւարտին գտնուող Արձակման կարգին:

ԼԴ. Հաղորդում

Ողջոյն ձեզ յարգելի ունկնդիրներ

Ունկնդրէ լուրը

Այսօրուան մեր հաղորդման ընթացքին, պիտի անդրադառնանք Առաւօտեան ժամերգութեան աւարտին գտնուող Արձակման կարգին:

Կիրակի օրերը, Առաւօտեան ժամերգութիւնը կ'աւարտի բժշկութեան Աւետարանի ընթերցումով, ըստ օրուայ ձայնին: Աւետարանէն առաջ դպրաց դասը «Եղիցին անուն Տեառն» 142-րդ սաղմոսը կ'երգէ, իսկ Աւետարանէն ետք՝ Շնորհալիի «Նորաստեղծեալ երգը», նուիրուած Արարչութեան և Յարութեան խորհուրդին: Տէրունական օրուան ժամասացութիւնը կը փակուի առանց մաղթանքի, այլ՝ «Խնդրեսցուք» քարոզով և «Քում ամենազօր» աղօթքով:

Պարզ օրերուն՝ Առաւօտեան ժամերգութեան Արձակման կարգը վերստին կ'որդեգրէ սաղմոս-շարական-քարոզ-մաղթանք ձեւը: «Օրհնեցէք Մանկունք» 112-րդ սաղմոսին կը յաջորդէ «Մանկունք» շարականը: «Մանկունք» շարականները երկու տեսակ են. Մարտիրոսաց և Պահոց. անոնք վերագրուած են Պետրոս Գետադարձին: Այնուհետեւ «Վասն խաղաղութեան» քարոզը կու գայ և «Սուրբ ես Տէր» աղօթքը, որոնցմէ ետք «Սիրեցի» սաղմոսը: Ապա Շնորհալիի այբբենական շարքով յօրինած «Արարչական»էն՝ վեցական տուն կ'երգեն, որ ըստ Մեր Սուրբ Հայրերուն՝ շարականի իւրաքանչիւր օրը նուիրուած է ստեղծագործութեան մը. Կիրակին՝ երկինքի անմարմին էակներուն, լոյսին, հրեշտակներուն ստեղծումին: Երկուշաբթին՝ հողի հաստատութեան: Երեքշաբթին՝ բուսականութեան: Չորեքշաբթին՝ արեւուն: Հինգշաբթին ծովային կենդանիներուն և թռչնազգիներուն: Ուրբաթ՝ մարդուն և անոր անկումին: Շաբաթը՝ հանգիստին: Սրբոց օրուան Առաւօտեան ժամասացութիւնը կը փակուի «Վասն խաչի քո պատուականի» օրուան պատշաճ մաղթանքով, «Ս. Ճգնաւորօք» քարոզով և «Պսակիչ սրբոց» կամ «Որ ընտրեցեր» աղօթքով, որոնց կը միանան Սարկաւագ վարդապետին (1129) վերագրուած «Յիշեա Տէր» մաղթանքն ու «Բարերար և բազումողորմ» աղօթքը: Իսկ Մեծ Պահոց օրերուն «Բանից իմոց» 5-րդ սաղմոսը կ'աղօթեն, ապա Ներսէս Շնորհալիի «Արարչական» շարականէն ետք, «Խաչ քո եղիցի մեզ ապաւէն» պահոց մաղթանքը կը կատարուի, ապա քարոզ «Աղաչեսցուք» և յետոյ աղօթք «Օգնեա մեզ Տէր, օգնեա մեզ», որոնց կը միանան Սարկաւագ վարդապետին (1129) վերագրուած «Յիշեա Տէր զպաշտօնեայս քո» մաղթանքը եւ «Բարերար և բազումողորմ» աղօթքը: Իսկ  Մեծ Պահոց արձակման յատուկ է Մանասէ թագաւորին «Տէր Ամենակալ» ապաշխարութեան աղօթքը, որ այժմ չի կատարուիր: Եւ այսպէս Առաւօտեանը կ'աւարտի օրուան սրբոց կամ պահոց օրերուն յատուկ մաղթանքով և աղօթքով:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/01/2021, 07:45