Հաւատացեալներու ուխտագնացութիւնը Հաւատացեալներու ուխտագնացութիւնը 

Համաճարակի պատճառաւ առկախուած է Մանիլայի ''Նազովրեցիին'' նուիրուած թափօրը։

Թափօրին փոխարէն Մանիլայի «Quiapo» թաղամասի Նազովրեցիի անուան փոքր պազիլիքային մէջ, ուր պահպանուած է նաեւ վերոնշեալ Խաչի արձանը, նախատեսուած են 15 պատարագներ, որոնցմէ ամէն մէկուն թոյլտուութիւն տրուած է 400 հաւատացեալներու մասնակցութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ամէն տարի 9 Յունուարին միլիոնաւոր հաւատացեալներ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն, Մանիլա քաղաքին մէջ 1606 թուականէն աւանդութիւն դարձած՝ Յիսուսը Խաչին ծանրութեան տակ ներկայացնող  «Սեւ Նազովրեցի» անուամբ սեւ գոյնով խաչի թափօրին, որ այս տարի տեղի պիտի չ՝ունենայ համաճարակի հետեւանքով Երկրին իշխանութիւններուն կողմէ որդեգրուած սահմանափակումներու պատճառաւ։

Փոխան թափօրին 15 պատարագներ

Թափօրին փոխարէն Մանիլայի «Quiapo» թաղամասի Նազովրեցիի անուան փոքր պազիլիքային մէջ, ուր պահպանուած է նաեւ վերոնշեալ Խաչի արձանը, նախատեսուած են 15 պատարագներ, որոնցմէ ամէն մէկուն թոյլտուութիւն տրուած է 400 հաւատացեալներու մասնակցութեան։

Այս մէկը առիթ պիտի տայ 6000 անձերու մասնակցելու արարողութիւններուն մինչ պատարագներ պիտի մատուցին նաեւ քաղաքի այլ եկեղեցիներուն մէջ իսկ Փայտէ արձանը անցեալ Ծննդեան օրէն ասդին տեղադրուած է Quiapoյի Եկեղեցւոյ պատշգամին վրայ։

Սեւ Նազովրեցիի տօնին ուխտագնացութիւնը, Ֆիլիփինեան կղզեխումբին մէջ ամենէն կարեւոր տօնակատարութիւններէն մին է։ «Նազարէնօ Ներօ -Սեւ Նազովրեցի»' Յիսուսի արձանի ջերմեռանդական պաշտամունքը սկիզբ առած է 17-րդ դարուն՝Սպանական տիրապետութեան ժամանակաշրջանին։

Սեւ Նազովրեցիի հրաշագործ արձանի Մանիլա ժամանումը

Կը պատմուի, թէ Քրիստոսի հրաշագործ արձանը կղզի հասած է 1607-ին, Մեքսիքոյէն ժամանած Սպանացի Ակոսթինեան միսիոնարի մը հետ։ Ըստ աւանդութեան, նաւու միջոցաւ ճամբորդութեան ժամանակ յանկարծակի ուժգին հրդեհի մը պատճառաւ նաւակը ամբողջութեամբ կը հրկիզուի , սակայն՝ անվնաս կը մնայ Յիսուսի արձանը, այրուած փայտի՝ սեւ գոյնով։

Այդ օրէն, Մանիլա քաղաքի բնակիչներն ու հաւատացեալները, հրկիզուած եւ փրկուած Յիսուսի հրաշագործ արձանը պահպանած են մեծ երկիւղածութեամբ՝ անոր հանդէպ յատուկ ջերմեռանդութիւն ցուցաբերելով։ Անոր համբաւը եւ հրաշագործ զօրութեան լուրը հասած է մինչեւ Սուրբ Աթոռ, ուր՝1650-ին, Իննոչենցօ Ժ Քահանայապետի օրով հիմնուեցաւ «Սեւ Նազովրեցի» Յիսուսի հրաշագործ արձանի անունը կրող եղբայրութիւնը։

Արձանը ականատես եղաւ տարբեր աղէտներու ինչպէս երկու մեծ հրդեհները, որոնք 1791ին եւ 1929-ին կործանեցին Եկեղեցին, ապա 1645-ի եւ 1863-ի երկրաշարժները։

Նշենք թէ  ամէն տարի 9 Յունուարի այս տօնը կանխուած է Իննօրեայէ մը որ ընդհանրապէս սկիզբ կ՛առնէ 31 դեկտեմբերին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/01/2021, 09:28