Որոնել

Սուրբ Երկիր Սուրբ Երկիր 

Քովիտ-19 ժահրի պատճառաւ Սուրբ Երկրի մէջ Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը յետաձգուած է Պենտեկոստէին։

Այսուհանդերձ այս շաբթուայ ընթացքին իւրաքանչիւր եկեղեցական հասարակութիւն Միութեան համար աղօթքները պիտի կատարէ առանձնաբար ու շաբթուայ ընթացքին նախատեսուած են միութեան նուիրուած պատգամներու հրապարակումը ընկերային ցանցերու վրայ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Երուսաղէմի մէջ Համամիութենական արարողութիւնն ու տարբեր եկեղեցիներու միջեւ հանդիպումները Քովիտ-19 համաճարակի պատճառաւ յետաձգուած են ու տեղի պիտի ունենան Պենտեկոստէի ժամանակաշրջանին»։ Լուրը հրապարակուած է Երուսաղէմի Լատինաց Պատրիարքութեան կայքէջին վրայ։

Այսուհանդերձ այս շաբթուայ ընթացքին իւրաքանչիւր եկեղեցական հասարակութիւն Միութեան համար աղօթքները պիտի կատարէ առանձնաբար ու շաբթուայ ընթացքին նախատեսուած են միութեան նուիրուած պատգամներու հրապարակումը ընկերային ցանցերու վրայ։

Ինչպէս յայտնէ է Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուայ այս տարուայ բնաբանը ընտրուած է Զուիցերիոյ « Grandchamp» կրօնական հասարակութեան կողմէ եւ քաղուած է Յովհաննէսի Աւետարանէն (15, 1-7), «մնացէք իմ սիրոյս մէջ, շատ պտուղ կու տաք»։ Անոր նպատակն է արտայայտել «Հասարակութեան կոչումը՝ աղօթքին. հաշտութեան եւ եկեղեցւոյ ու մարդկային ընտանիքին մէջ միութեան»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/01/2021, 09:57