Քրիստոնեաներու միութեան համար աղօթքի շաբաթ։ Քրիստոնեաներու միութեան համար աղօթքի շաբաթ։ 

Ի՞նչ ընելու ենք քրիստոնեաներու միութեան համար։

Խօսքով ու գործով մենք պէտք է մտիկ ընենք Քրիստոսի, որուն բացայայտ կամքն է որ բոլորը մէկ ըլլան (Յովհաննէս, 17,21)։

Վատիկան Նիուզ

Երիտասարդ թէ տարեց, քրիստոնեաներու միութիւնը աշխատանք մըն է որ բոլոր քրիստոնեաներուն կը վերաբերի։ Միութիւնը Յիսուսի ամենաջերմ փափաքներէն մին եղաւ. Ան աղօթեց Հօրը` ըսելով. Թող բոլորը մէկ ըլլան… որպէսզի աշխարհը հաւատայ թէ դուն ղրկեցիր զիս (Յովհաննէս 17,21)։

Բաժանումները կը նմանին վէրքերու` Քրիստոսի մարմնոյն մէջ, անոնք ցաւ կը պատճառեն եւ կը թարախոտին։ Բաժանումները կ՛առաջնորդեն դէպի թշնամութիւն, անոնք կը տկարացնեն հաւատքը եւ քրիստոնեաներու հանդէպ համարումը։

Որպէսզի բաժանումներու գայթակղութիւնը աշխարհէն արմատախիլ ըլլայ, հարկ է որ իւրաքանչիւրը դարձի գայ, բայց ունենայ նաեւ աւելի լաւ հասկացողութիւն մը իր սեփական համայնքի հաւատքին եւ անոր տարբերութիւններուն միւսներուն հետ. Իսկ ամէնէն աւելի` հարկ է որ գոյութիւն ունենան հասարակաց աղօթք եւ համագործակցութիւն քրիստոնեաներու միջեւ, ի սպաս մարդկութեան։

Գալով Եկեղեցւոյ պատասխանատուներուն` պէտք չէ թողուն որ ընդհատուի միութենական երկխօսութիւնը։

Յիսուսին «Թող մի ըլլաք», բաղձանքը դժբախտաբար, չիրականացաւ։

Առաջին օրերուն առաքեալները քրիստոնեաներու նոր միութիւններ հիմնեցին, եկեղեցիներ շինեցին, եւ ժողովրդապետութեան տուներ ու կեդրոններ ունեցան։

Իւրաքանչիւր կեդրոն ունեցաւ իր եպիսկոպոսը եւ քահանաները, եւ այդպէսով  տարածուեցաւ Աստուծոյ խօսքը շնորհիւ Առաքեալներուն՝ եկեղեցւոյ պետերուն։

Առաջին բաժանումը տեղի ունեցաւ Քաղկեդոնի ժողովի ընթացքին, երբ Արեւելքը բաժնուեցաւ Արեւմուտքէն, եւ սկսան ստեղծուիլ նոր ճիւղեր, նոր ճեղքեր Եկեղեցւոյ մէջ, որ բաժանումի տարաւ  Յիսուսին նոր հաւատացող ժողովուրդը։ Թէեւ պատմութեան ընթացքին, եղած են քայլեր միութեան՝ քով քովի գալու։

Շատ մը ճիգեր ընելէ ետք, կարգ մը հոգեւորականներ եւ աշխարհականներ կրցան գէթ միութեան համար աղօթքներ ստեղծել տարւոյն ընթացքին։ 1740–ին Անգլիոյ մէջ հաւատացեալներու խմբակ մը ծնունդ տուին շարժումի մը որ իրարու մօտ բերաւ  Քրիստոսի զաւակները միասին աղօթելու եւ սիրով ապրելու համար։

1840-ին Ինքնատիպս Սբենսեր պատուելին  առաջարկեց իննօրեայ մը աղօթել՝ Քրիստոնեաներու միութեան համար։

Սոյն առաջարկը  պաշտօնական կերպով  կը սկսի իրականանալ 1968–ին, երբ համաշխարհային Եկեղեցիներու խորհուրդը  կը հաստատէ ամէն տարուայ Յունուար 18-25, յիշատակել որպէս քրիստոնեաներու միութեան համար աղօթքի շաբաթ։

Այդ օրերուն սակայն անցան հանդիպումները զանազան Եկեղեցիներուն պետերը, այսինքն Կաթողիկէ, Օրթոտոքս եւ Բողոքական. իւրաքանչիւր Եկեղեցի ունեցաւ իր œcuménique շարժումը եւ իր խորհուրդները, եւ ասոր համար սկսան աշխատանքներ տածել որպէսզի հասնին տեսանելի եւ լիակատար միութեան։

Եկէք մենք ալ միանանք Քրիստոնեաներու միութեան համար աղօթքին։։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/01/2021, 09:00