Շրջակայ միջավարի յարգանք Շրջակայ միջավարի յարգանք 

Բարթողոմէոս Ա. Համաճարակը բնութիւնը յարգելու «յուսահատ կոչ է»։

Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք Բարթողոմէոս Ա բացումը կատարելով բնապահպանութեան յարգանքի եւ շրջակայ միջավայրի կայունութեան նուիրուած «Halki Summit» վեհաժողովին, հաստատեց թէ Քովիտի ճգնաժամը Աստուծոյ վրէժխնդրութեան արարք մը չէ, այլ մղում շրջակայ միջավարի նկատմամբ աւելի յարգալիր մօտեցումի։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

26 -28 Յունուարին հեռակապով կայացած «Halki Summit» վեհաժողովին բացումը կատարելով, Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք Բարթողոմէոս Ա. խօսքը ուղղելով վեհաժողովին մասնակցող բազմաթիւ մասնագէտներուն,  դիտել տուաւ թէ «Halki»ի վեհաժողովներուն յատկանիշները եղած են միշտ երկխօսութեան եւ համագործակցութեան արժէքները, որոնց այսօր կարիքն ունինք աւելի քան երբեք, ի տես համաճարակի իրականութեան։

«Մենք համոզուած ենք, որ որեւէ իրական յոյս կլիմայական փոփոխութիւնը հակադարձելու համար կարիքը ունի աշխարհը ըմբռնելու ու անոր հետ վարուելու մեր  ապրելակերպին արմատական բարեփոխումին», հաստատեց Բարթողոմէոս Ա դիտել տալով, որ այդ խնդիրին մէկ մասը կը կայանայ մեր դժկամութեան մէջ զոհողութիւններ կատարելու ի նպաստ ուրիշներու ու երկրին։

«Քովիտը մեզի սորվեցուց ուրիշները ունկնդրելու ու անոնցմէ դաս քաղելու կարեւորութիւնը ու ցոյց տուաւ սիրոյ եւ զօրակցութեան արժէքն ու զօրութիւնը» ըսաւ Կ. Պոլսոյ տիեզերական պատրիարքը, հաստատելով նաեւ, որ համաճարակը մեզի յիշեցուց թէ կարելի չէ, որ գոյութիւն ունենայ  իսկական զարգացում երբ ան հիմնուած է բնական միջավայրի քանդումին վրայ։

Բարթողոմէոս Ա. Պատրիարքը հուսկ խօսելով պատճառահետեւանքային կապերու մասին ընդմէջ մարդկութեան բնութեան ծալքերու մէջ շարունակական ու անհրաժեշտէն աւելի ներխուժման եւ  վարակիչ հիւանդութիւններու և վիրուսներու արագ տարածման կենդանիներու միջեւ, ներառելով մարդը, հաստատեց՝ թէ այս մէկը պատահականութիւն մը չէ նշելով ապա թէ ասիկա Աստուծոյ կողմէ վրէժխնդրութեան արարք մը չէ այլ յուսահատ կոչ ի նպաստ բնութեան նկատմամբ մեր բոլորի կողմէ աւելի յարգալիր մօտեցումի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/01/2021, 09:59