Որոնել

Հալածուած Քրիստոնեաներ Հալածուած Քրիստոնեաներ 

Աշխարհի մէջ կան 340 միլիոն հալածուած Քրիստոնեաներ. «Open Doors»։

Բաց Դռներ միջազգային կազմակերպութիւնը «քրիստոնեայ միսիոներական գործակալութիւն մըն է որ նեցուկ կը կանգնի իրենց հաւատքին համար հալածուած քրիստոնեաներուն
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Բաց դռներ» հալածուած ու հարստահարուած քրիստոնեաներուն ի նպաստ գործող մարդասիրական միսիոներական կազմակերպութիւնը, անցեալ 13 Յունուարին Իտալիոյ խորհրդարանին մէջ ներկայացուց 2020 տարուայ Քրիստոնեաներու դէմ հալածանքին հայող տարեկան տեղեկագիրը, որուն հիման վրայ կը հաստատուի թէ 2020 տարուայ ընթացքին իրենց հաւատքին համար սպաննուած քրիստոնեաներուն թիւը հասած է 4761-ի, մինչ աւելիով կը վատթարանայ «կրօնական ազատութեան» կացութիւնը։

50 երկիրներու մէջ հալածանքները ծայրայեղ են

«Աշխարհի մէջ 340 միլիոնէ աւելի քրիստոնեաներ հալածուած են, ու անոնցմէ շատեր թիրախ են հարստահարումներու։ Հալածանքներ՝ որոնք ծայրայեղ կը համարուին 50 երկիրներու մէջ»։ Այս է ահա «Բաց Դռներ» կազմակերպութեան ներկայացուցած համապատկերը, ուր նշուած է նաեւ թէ համաճարակը որոշ երկիրներու մէջ աւելիով վատթարացուց  քրիստոնեաներուն իրավիճակը ու անոնց դէմ մղուած հալածանքներն ու կրօնական ազատութեան ուղղութեամբ սահմանափակումները։

Սպանութիւններուն թիւը աճի մէջ

Բաց Դռներ կազմակերպութեան տեղեկագիրին մէջ նշուած է նաեւ թէ սպաննուած քրիստոնեաներու թիւը աճած է ու վերջին տարուան ընթացքին կատարուած հետազօտութեան բերումով ի յայտ կու գայ թէ սպաննուած են 4761 քրիստոնեաներ (միջին հաշիւով օրական 13 անձ), 60 առ հարիւր աճով, ուր Նիճերիան կը մնայ երկիրը ուր արձանագրուած են սպանութիւններու ամենաբարձր թիւը։

Անարդար կերպով ձերբակալուած եւ կալանաւորուած քրիստոնեաներուն թիւը հասած է 4277-ի մինչ առեւանգուած քրիստոնեաներու թիւն է 1710։ Բարեբախտաբար նուազած են Եկեղեցիներու ու քրիստոնէական կառոյցներու դէմ յարձակումներուն թիւը 2019 տարուայ 9.488էն անցած է  4.488 պարագայի։

Ծայրայեղ հալածանքներ

Ծայրայեղ հալածանքներով երկիրներու շարքին առաջին տեղը կը գրաւէ Հիւսիսային Քորէան։ Անոր կը յաջորդեն Աֆղանիստանը, Սոմալիան, Լիպիան եւ Փաքիստանը։

Բաց Դռներ միջազգային կազմակերպութիւնը «քրիստոնեայ միսիոներական գործակալութիւն մըն է որ նեցուկ կը կանգնի իրենց հաւատքին համար հալածուած քրիստոնեաներուն։ Ան կը գործէ 60 երկիրներուն մէջ ուր կ՛արձանագրուին քրիստոնեաներու դէմ ծանր հալածանքներ եւ հարստահարումներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/01/2021, 10:17