Խոր Վիրապ Խոր Վիրապ 

Հայ եկեղեցւոյ ծէսը և ծիսակարգը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (Լ)։

Մեր այսօրուայ հաղորդաշարի ընթացքին՝ պիտի անդրադառնանք Գիշերային ժամերգութեան աղօթքներուն:

Լ. Հաղորդում

Ունկնդրէ լուրը

Ողջոյն ձեզ յարգելի ունկնդիրներ

Մեր այսօրուայ հաղորդաշարի ընթացքին՝ պիտի անդրադառնանք Գիշերային ժամերգութեան աղօթքներուն:

Հայ Եկեղեցւոյ բոլոր ժամերգութիւններուն մեծ աղօթքները երկու մասի բաժնուած են, ընդմիջուած «խաղաղութիւն»ով: «Զքէն գոհանամք» աղօթքին հեղինակը Յովհան Մանդակունին է: Աղօթքը եկեղեցականը կ'արտասանէ՝ ի դիմաց ժողովրդեան: Ան ուղղուած է ի դէմս Հօր Աստուծոյ, փառք տալով նաեւ Որդւոյ և Հոգւոյ: Աղօթքի կիսուն՝ «Խաղաղութիւն» տալը եկեղեցիներուն մէջ ողջոյն տալու ձեւ մըն է: Քրիստոս իր յարութենէն ետք, երեւցաւ Առաքեալներուն և ողջունեց զանոնք. «Խաղաղութիւն ընդ ձեզ» (Ղկ ԻԴ. 36) (Յովհ Ի. 20) ըսելով: Այս ողջոյնն է որ աղօթքներու ընթացքին կը տրուի: Ինչպէս որ քահանան միջնորդ է ժողովուրդին և Աստուծոյ միջեւ, նոյնպէս ալ աստուածային ողջոյն տուողը կը համարուի: Երբ քահանան խաղաղութիւն կու տայ, սարկաւագը կը ձայնէ «Աստուծոյ երկրպագեսցուք», իսկ ժողովուրդը «առաջի քո Տէր» այսինքն՝ «երկրպագանեմք առաջի քո Տէր»: Հարկ է գիտնալ որ աղօթքներուն աւարտին գտնուող «Ամէն»ները միշտ ժողովրդեան վերապահուած են:

Կանոնագլուխ

Մեծ աղօթքին կը հետեւի Կանոնագլուխը, պատշաճեցուած եկեղեցւոյ ութ ձայներուն: Ինչպէս վերեւ յիշեցինք՝ Կանոններու ամէն 7-րդ գուբղան կը կոչուի «Կանոնագլուխ», որ իր երաժշտական ոճով և վառ մեղեդիներու զուգորդութեամբ՝ աւելի գեղեցկացած է քան կանոնի միւս մասերը:

 

Հանգստեան  Պաշտօն

Տէրունի և տօնական օրերուն, երբ Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցուի, Կանոնագլուխէն յետոյ կը կատարուի «Պաշտօն Հանգստեան»: Ան բաղկացած է շարականէ, սաղմոսէ, Աւետարանի ընթերցումէ, երգէ, փակման մաղթանքէ, քարոզէ և աղօթքէ: Ըստ  Օրմանեանի՝  «Հանգստեան Պաշտօն»ը չորս տեսակ է՝ ննջեցեալներու, Խաչի, Մեծ Պահքի շաբաթ օրերու, և Տաճարի (տէրունի տօներու զուգադիպումին) երբ Պատարագ կը մատուցուի: Համօրէն ննջեցեալներու հանգստեան կարգի շարականը նման է օրհնութեան, որ օրուայ ձայնին համաձայն կ'երգուի, որմէ ետք, Աւետարանը կը կարդացուի ըստ ձայնի: Աւետարանին կը յաջորդէ Շնորհալիի «Աստուած Անեղ» երգը՝ ըստ ութը ձայնի:  Պաշտօնի երկրորդ տեսակն է Խաչի պաշտօնը, որ յատուկ է Խաչի տօներուն. այս պաշտօնի շարականն է «Այսօր Անճառ»ը, որ նոյնպէս Շնորհալիի կը պատկանի և կը բաղկանայ 36 տուներէ: Աւագ Ուրբաթ օրը Աւետարանէն ետք, Շնորհալիի «Նորոգող տիեզերաց»ը կ'երգուի: Հանգստեան պաշտօնը կ'աւարտի «Հայր Մեր»ով և կը փակուի «Քրիստոս Աստուած մեր» մաղթանքով, որ վերջին դարերուն շարադրուած է:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/12/2020, 07:27