Աղթամարի Կղզին Աղթամարի Կղզին  

Հայ Եկեղեցին եւ Հայ Երիտասարդը դէմ առ դէմ: Սատանային միակ բարիքը

Սատանային միակ բարիքը՝ իր կատարած չարիքն է մեզի, որ յանկարծ կրնայ ահազանգ դառնալ մեր հոգիին մէջ, ու մենք յանկարծ կը գտնենք զԱստուած:

Արագ ընթերցանութեան վարժութիւն ունեցող անձերու աչքերուն ոսպնեակին մէջ նման վերնագիր մը հազիւ նկարուած, անոնց ուղեղը անմիջապէս պիտի հակազդէ, «անհեթեթ» անուանելով սատանային «բարեգործութիւնը»: Միթէ՞ սատանան երբեւէ բարիք կրնայ գործել… եւ այն ալ՝ միակ բարիքը…։

Ուղեղին ունեցած այս հակազդեցութիւնը անգիտակից սրբագրութեան հրաւէր մը կը դառնայ, տառական սխալ մը ուղղելու՝ «բ» տառը «չ»ով փոխանակելու: Ուրեմն մարդկային տեսողութեան զգայարանքն իսկ չի՛ կրնար սատանայ անունին կողքին տեսնել «բարիք» բառը եւ հակադարձ շարժումով մը զայն կ՛ուզէ փոխարինուած տեսնել «չարիք» բառով:

Չարիքի կերպարը՝ բոլորիս ծանօթ սատանան, կրօնական տարբեր համոզումներու եւ հաւատալիքներու մարմնաւորած տխեղծ էակէն բացի, այս կեանքին մէջ իւրաքանչիւր մարդ արարածի սեփական փորձառութեան հետ կապ ունեցող իրականութիւն մըն է: Անոր ֆիզիքական կամ աննիւթ ըլլալը չէ՛ բուն խնդիրը, այլ անոր զգալի դառնալը, յատկապէս մեր կեանքին ճակատագրական փուլերուն: Սատանային «ներկայութիւնը» ամէնէն աւելի շեշտող եւ զայն հեղինակաւոր դարձնող պահերը, երկընտրանքներու վայրկեաններն են մեր կեանքին մէջ:

– Ա՞յս, թէ՞ այն:

Ահաւասիկ հիմնական խնդիրը, որուն շուրջ կը դառնայ նիւթական կեանքի ամբողջ համակարգը: Եթէ ուշադրութեամբ նայինք մեր կեանքին, անպայման պիտի նկատենք այս իրականութիւնը, որովհետեւ գրեթէ ամէն վայրկեան կը գտնուինք ա՞յս, թէ՞ այն ընտրելու ստիպողութեան առջեւ: Անշուշտ մեր ընտրելիքներու գինը, քանակը, կարեւորութիւնը կամ նուիրականութիւնը միշտ ալ նոյնը կրնան չըլլալ, սակայն՝ պարտաւորութիւնը կը մնայ, նոյնիսկ եթէ թեթեւ ստիպողութիւն ներկայացնէ: Օրինակ, մեր զրուցակիցը կրնայ այնպիսի յարձակողական մօտեցումներ ցուցաբերել, որ մենք մղուինք վիրաւորական ծանր արտայայտութեամբ կասեցնելու իր յառաջխաղացքը: Սակայն, մեր ենթագիտակցութիւնը շուտով կը յուշէ, որ նման ոստումներ միշտ պիտի ունենան իրենց դառն հետեւանքները: Ուստի, «քար» մը դնելով մեր լեզուին վրայ, կը կանխենք այն խօսքին հետեւանքները, որ դուրս պիտի գար մեր բերանէն:

Նոյնը կարելի է իբրեւ օրինակ տալ ֆիզիքական հակադարձումով տեղւոյն վրայ հարցեր լուծելու յանկարծական որոշման համար: Պահուան ազդեցութեան տակ, երբ մանաւանդ ուղղակի մեզի վերաբերող գերխնդիր մը կայ լուծելիք, կամ մեր բարոյական կամ ֆիզիքական անձին սպառնացող վտանգ մը կայ, մեր ուղեղը բաւարար ժամանակ չ՛ունենար դատում կատարելու: Ուստի, մեր ձեռքերն ու ոտքերը անմիջապէս գործի կը լծուին, մեր ներքին անձին կողմէ անկանխատեսելի մղումով արժանի պատասխանը տալու մեզի դէմ  նոյնիսկ ծրագրուած յարձակման մը: Ասիկա վարուելակերպն է չափազանց զգայուն եւ դիւրագրգիռ մարդոց, որոնց հետ դիւրին չէ ապրիլ նոյն յարկին տակ: Անոնք իւրաքանչիւր խօսքիդ, գործիդ ու ծրագիրիդ դէմ կանխաւ տրամադրուող մարդիկ են, որոնց «ո՛չ առջեւէն կրնաս քալել եւ ո՛չ ետեւէն», ինչպէս կ՛ըսէ ժողովրդային իմաստութիւնը:

– Սատանան բարիք կը գործէ՞

Պատանի մը կը հարցնէ ինծի այս հարցումը, որովհետեւ արդէն հինգ տարի է, որ Կիրակնօրեայ դպրոցի իւրաքանչիւր դասաւանդութեան ընթացքին կը լսէ այս տարօրինակ էակին  զզուելիութեան, չարութեան, թակարդներ լարելով՝ մարդիկը սայթաեցնելու եւ այլ խորամանկութիւններուն մասին: Վերոյիշեալ դպրոցներուն բարոյալից պատմուածքները բնականօրէն այս կերպարը կը ներկայացնեն Բարիին հակադրուած մօտեցումով, որ ինքնին քրիստոնէական վարդապետութեան զօրեղ տեսակէտն է:

Սատանային միակ բարիքը՝ իր կատարած չարիքն է մեզի, որ յանկարծ կրնայ ահազանգ դառնալ մեր հոգիին մէջ, ու մենք յանկարծ կը գտնենք զԱստուած: Ահա՛ թէ ի՛նչ նշանակութիւն ունի Յիսուսի յիշած «դարձ»ը մեղաւոր մարդուն, որուն համար երկինքի մէջ ուրախութիւն պիտի ըլլայ (Հմմտ. Ղկ 15.7): Կրնա՞նք արդեօք «արթնութեան կոչ» համարել սատանային պատճառած պատուհասը, որուն հետեւանքով մեղաւոր մարդը կրնայ դարձի գալ եւ ճանչնալ զԱստուած: Անկասկած: Քրիստոնեայ մարդը իր բարոյական կառուցուածքով վարժ է արդէն, ամէն չարիքէ բարիք քաղելու սկզբունքին:

Քրիստոնեայ հայրերը, Յիսուսի վարդապետութեան վրայ հիմնելով իրենց մեկնողական գրականութիւնը, սատանային տուած են բազմաթիւ հոմանիշներ, որոնցմէ մէկն է «թշնամի» բառը. «Թշնամին գիշեր ատեն գալով…», կ՛ըսէ Յիսուս «Որոմներու առակ»ին մէջ (Հմմտ. Մտ 13.28), բացատրելու համար անոր վտանգաւոր ըլլալը:

Հաւատքի ու բարոյական մեր կեանքին մէջ «թշնամին» ներգործելէ բացի, ան նաեւ կրնայ մեր ֆիզիքական կեանքին ազդել: Այնպէս ինչպէս անհատներ իրենց ոխերիմ թշնամիները կ՛ունենան, նոյնպէս ալ ազգեր, պետութիւններ, հիմնարկութիւններ կամ հաստատութիւններ իրենց երեւելի թշնամիները կ՛ունենան: Այլապէս աշխարհի մէջ ինչպէ՞ս կը բացատրուին պատերազմները, պետութիւններու միջեւ անհամաձայնութիւնները, հողային սահմաններու համար տարուող պայքարները եւ մանաւանդ իրենց հայրենի հողը ոռոգող զինուորներու հերոսական նահատակութիւնները:

Պատերազմներու ընթացքին իւրաքանչիւր կողմ կը մեղադրէ իր թշնամին, անոր կատարած անմարդկային արարքներուն համար, առանց անդրադառնալու, որ թշնամին «իր գործը» կ՛ընէ: Դուն իր բարեկամը չես, որ քեզի նայի իբրեւ բարեկամ կամ հարազատ: Դուն, ի վերջոյ, իր թշնամին ես, զոր պիտի փորձէ ոչնչացնել, որքան շուտ՝ այնքան լաւ:

Եթէ «սատանայ» բառին դիմաց «թշնամի» բառը ընդունած են մեր եկեղեցւոյ Հայրերը իրենց գրականութեան մէջ, ուրեմն, այս թշնամին եւս ունի «բարիք» մը, որ կրնայ օգտակար հանդիսանալ մեզի: Իսկական այդ բարիքը, զոր թշնամին չկամութեամբ կը պարտադրէ իր թշնամիին՝ միասնականութեան կոչն է: Թշնամին երբեք պիտի չուզէր նման կոչով հանդէս գալ, սակայն իր յարձակողապաշտ ոգին, կատարած վայրագութիւնները, գետին փռած բազմաթիւ զոհերը, պատճառած աւերներն ու քանդումները, մէկ խօսքով իր թշնամութիւնը պատճառ կը դառնայ իր թշնամիին միասնական ճակատ կազմելուն:

Քաղաքակիրթ, գիտութեամբ յառաջդիմած ու բարձր հանդուրժողականութիւն ունեցող ազգերու յատուկ գիտակցութիւն է այս, որմէ զուրկ են դժբախտաբար բազմաթիւ ժողովուրդներ ու հաւաքականութիւններ: Ներ-անհատական կեանքի մէջ կամ ներ-ազգային, միակ եւ ամէնէն վայրագ ու անզսպելի թշնամին «Ես»ն է, իր լայնածիր ու անհաւասարակշիռ գործունէութեամբ: Աշխատանք՝ որ միայն սատանային ու անոր կրկնօրինակ հանդիսացող թշնամիին կրկնակի զուարճութիւն կը պատճառէ. նախ անոր համար, որ իր սկսած կործանարար աշխատանքին շարունակականութիւնը ապահովուած կը տեսնէ, եւ երկրորդ՝ չկամութեամբ իր առաջարկած բարիքին՝ միասնականութեան խափանման վճռագիրը կը հաստատէ:

ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/12/2020, 08:36