«Աւետարան ըստ Մատթէոսի» գրքի ներկայացում Փանիկի մէջ

Փանիկի սուրբ Աստուածածին Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, մատուցուեց սուրբ եւ անմահ Պատարագ ու տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն Արցախեան 2րդ պատերազմի նահատակներուն հոգիներու հանգիստին համար

Կիրակի 20 դեկտեմբեր 2020ին, վեցերորդ կիրակի յիսնակաց շրջանին, Փանիկի սուրբ Աստուածածին Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, սուրբ եւ անմահ Պատարագ մատուցեց արժանապատիւ Տէր Մաշտոց քհն. Ղազարեանը։ Մասնակցութեամբ տեղւոյն ժողովրդապետ՝ գերյ. Հ. Գառնիկ Ծ.Վրդ. Յովսէփեանի։ Յաւուր պատշաճի իր խօսքին մէջ, տէր Մաշտոց քահանան մեկնաբանեց օրուայ սուրբ գրային հատուածները շեշտելով աղօթքի կարեւորութեան մասին քրիստոնեայի ամենօրեայ կեանքին մէջ։ Աւարտին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն Արցախեան 2րդ պատերազմի նահատակներուն հոգիներու հանգիստին համար։ Ինչպէս նաեւ Փանիկ գիւղի համայնքապետ՝ պրն. Վարդան Մաքեանի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն գիւղի գերեզմանատան պանթէոնի նահատակաց շիրիմին առջեւ։

Արարողութիւններու աւարտէն ետք, Փանիկի երիտասարդականի, տիկնանց միութեան եւ հաւատացեալներու բազմութիւնը ներկայ գտնուեցան ժողովրդապետութեան լսարանի շէնքէն ներս «Աւետարան ըստ Մատթէոսի» գրքի ներկայացումին։ Աշխատասիրութիւնը կատարող Արժ. Տէր Մաշտոց քահանան մանրամասնօրէն անդրադարձաւ այս աշխատանքին եւ անոր մէջ տեղ գտած բացատրական գիտելիքներու կարեւորութեանը հասկանալու համար Մատթէոս աւետարանի բովանդակութիւնը։ Ան նաեւ ներկայացուց թէ աշխատանքը շարունակական բնոյթ ունի եւ արդէն իսկ ընթացքի մէջ եւ մնացած երեք աւետարանիչներուն եւ Պօղոս առաքեալի նամակներուն ու Յայտնութեան գիրքի մեկնաբանութիւնները։

Ի վերջոյ, ժողովրդապետ գերյարգելի հայրը, իր սրտի խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց տէր հօր կատարած բացատրական եւ մանրամասն ներկայացումին համար։ Ան մաղթեց որ շուտով կարողանայ իր ջանքերը բազմացնէ եւ կարճ ժամանակի ընթացքին աւարտին հասցնէ մնացած սուրբ գրային գիրքերու մեկնաբանութիւնները։

Դիւան՝

Ս. Աստուածածին Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/12/2020, 20:50