Գոհաբանական աղօթքի արարողութիւն Մեսրոպեանի մէջ Գոհաբանական աղօթքի արարողութիւն Մեսրոպեանի մէջ 

Գոհաբանական աղօթքի արարողութիւն Մեսրոպեանի մէջ

Արարողութիւնը տեղի ունեցաւ նախաձեռնութեամբ եւ ներկայութեամբ Հայ կաթողիկէ Պատրիարքութեան վարչական խորհուրդի նախագահի տեղակալ, Զմմառու վանահայր Հայր Գաբրիէլ ծ. Վրդ. Մուրատեանի:
Ունկնդրէ լուրը

8 եւ 9 Դեկտեմբերի առաւօտուն, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի շրջափակին մէջ կատարուեցաւ աշակերտական գոհաբանական աղօթք, քորոնաժահրի պայմաններուն մէջ դպրոցական առկայ դասընթացքներու մասնակի վերականգնման առիթով:

Արարողութիւնը տեղի ունեցաւ նախաձեռնութեամբ եւ ներկայութեամբ Հայ կաթողիկէ Պատրիարքութեան վարչական խորհուրդի նախագահի տեղակալ, Զմմառու վանահայր Հայր Գաբրիէլ ծ. Վրդ. Մուրատեանի: Մասնակցեցան Մեսրոպեանի հոգեւոր տեսուչ Տէր Ռաֆֆի քահանայ Յովհաննէսեան, Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հայր Խաչիկ վրդ. Գույումճեան, օգնական վարդապետները եւ ուսուցիչներ:

Իր խօսքին մէջ Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ շնորհակալութիւն յայտնեց այս նախաձեռնութեան եւ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ սպասաւորներուն կողմէ աշակերտներու հոգեւոր կարիքներուն նկատմամբ հոգածութեան եւ հետեւողական աշխատանքին համար:

Աշակերտներու կողմէ “Առաւօտ Լուսոյ” աղօթքի խմբային երգեցողութեան յաջորդեց դիտաւորութեան ընթերցում՝ վասն աշակերտութեան, ուսուցիչներու եւ ծնողներու առողջութեան: Արարողութիւնը եզրափակուեցաւ Հայր Գաբրիէլ ծ. Վրդ. Մուրատեանի գոհաբանական աղօթքով, որով ան հայցեց Աստուծոյ, Տիրամօր, բոլոր սուրբերուն, մանաւանդ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի պաշտպանութիւնը աշակերտներուն վրայ, անոնց ընծայելով շնորհքը համբերելու եւ դժուարութիւններուն դիմադրելու՝ առողջապահական, տնտեսական, ընկերային եւ քաղաքական տագնապալի այս օրերուն՝ Լիբանանէն մինչեւ Հայաստան:

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/12/2020, 19:21