«Ծնունդովդ մեզի յոյս տուր» բարեսիրական արշաւի հանդիսութիւն «Ծնունդովդ մեզի յոյս տուր» բարեսիրական արշաւի հանդիսութիւն 

«Ծնունդովդ մեզի յոյս տուր» բարեսիրական արշաւի հանդիսութիւն Սբ. Փրկիչ եկեղեցւոյ Հ.Կ.Մ.ի սրահին մէջ

Ծննդեան օրերուն տեղի ունեցող այս արշաւին նպատակն է կարիքաւորներու եւ տառապեալներուն ուրախութիւն պարգեւել, յատկապէս տնտեսական այս դժխեմ օրերու ընթացքին, որուն ծիրէն ներս օգնութիւններ տրամադրուեցան աւելի քան 100 հոգիի, Քորոնա ժահրի համաճարակի հետեւանքով հաստատուած հասարակական առողջապահական կանոններու կիրառութեամբ։

Հայ Կաթողիկէ պատրիարքութեան Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Գերապայծառ Գէորգ Ասատուրեանի հովանաւորութեամբ, եւ ներկայութեամբ Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ Սբ. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հայր Խաչիկ վրդ. Գույումճեանի եւ օգնական ժողովրդապետ Հայր Վարդան Ժալուֆի, Հայր Լեւոն Ստեփանի եւ ընկերային ծառայող տիկին Անի Գալուստի, երկրորդ տարին ըլլալով անընդմէջ Չորեքշաբթի, 16 Դեկտեմբերի առաւօտեան տեղի ունեցաւ «Ծնունդովդ մեզ յոյս տուր» խորագրեալ բարեսիրական արշաւի հանդիսութիւնը, Սբ. Փրկիչ եկեղեցւոյ Հ.Կ.Մ.ի սրահին մէջ։

Ծննդեան օրերուն տեղի ունեցող այս արշաւին նպատակն է կարիքաւորներու եւ տառապեալներուն ուրախութիւն պարգեւել, յատկապէս տնտեսական այս դժխեմ օրերու ընթացքին, որուն ծիրէն ներս օգնութիւններ տրամադրուեցան աւելի քան 100 հոգիի, Քորոնա ժահրի համաճարակի հետեւանքով հաստատուած հասարակական առողջապահական կանոններու կիրառութեամբ։

Գերապայծառ Գէորգ Ասատուրեան բարեսիրական ձեռնարկին բացումը կատարեց աղօթք բարձրացնելով Բեթղեհէմի քարայրի մանկան` խաղաղութիւն հայցելով Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի բոլոր երկրներուն համար։ Ան ըսաւ. «Յիսուս ծնաւ եւ մեզ կեանք շնորհեց իր օրհնեալ գալուստով եւ ասիկա մեծ պարգեւ մըն է մեզի համար եւ անգնահատելի նուէր մը աշխարհիս բոլոր մարդոց համար անխտիր։ Այսօր, այս ծանր պայմաններու մէջ, մենք կարողացանք յոյսի եւ ուրախութեան սերմեր ցանել տառապող սրտերու մէջ, եւ այս հունձքը արդիւնք է մարդու կողմէ` այլ մարդոց ուրախութեան եւ կարեկցանքին հանդէպ հաւատքի, եւ ասիկա այն օրինակն է, զոր մեզ տուաւ պարոն Ֆարաժ Խապպազ` մեր արշաւին նկատմամբ երկրորդ տարին անընդմէջ ցուցաբերուած իր հոգատարութեամբ եւ աջակցութեամբ։

Կեանքը կը շարունակուի` հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, եւ սէրը այն հիմքն է, որուն շնորհիւ մարդ կը շարունակէ իր կեանքի ուղին: Բոլորս յոյսով ենք, որ այս սէրը կ’ընդարձակուի ամբողջ աշխարհի տարածքին, քանի որ այսօր մեզ պէտք է այս նուէրը, որ կը ներկայանայ Սուրբ Ծնունդի ուրախութեամբ եւ կը մարմնաւորուի մեզ համար ծնունդ առած քարայրի մանուկին շնորհիւ։

Իր կարգին քարոզարշաւի հովանաւոր եւ բարերար, պարոն Ֆարաժ Խապպազ իր սրտի խօսքով հաւաստիացուց որ. «Երջանկութեան իսկական իմաստը տալն է, եւ Քրիստոսը ծնունդ առաւ մեզ համար եւ մեր փրկութեան համար եւ մարդկութեան սիրոյն զոհուեցաւ: Այսօր, «Ծնունդովդ մեզ յոյս տուր» արշաւի ընդմէջէն կը փափաքիմ գէթ մէկ տոկոսով հատուցել Յիսուսի նուիրումը, որ մեր բարձրագոյն իտէալն է։

Կը խնդրենք Աստուծմէ, որ իր օրհնութեան շնորհիւ կարողանանք մշտապէս օգնել եւ ուրախութիւն պատճառել սիրոյ եւ ցնծութեան կարիքը ունեցող շատ սրտերու, եւ մեր իսկական ուրախութիւնը այն է, երբ մենք կ’օգնենք ուրիշին եւ կը մտածենք անոր մասին, այդպիսով ամբողջացնելով ծննդեան ուրախութիւնը:

Սուրբ Ծննդեան յատուկ երաժշտութեան հնչիւններու ներքոյ, ներկաները ուրախութեան եւ սիրոյ մթնոլորտի կիսեցին մատուցուած ճաշը, իսկ ձեռնարկի աւարտին նուէրներ բաժնուեցան բոլորին` ի նշան սիրոյ եւ յոյսի, մինչ Գերապայծառ Ասատուրեան շնորհակալութիւն յայտնեց բարեսիրական արշաւի բարերար պրն. Խապպազին, Տիկին Անի Գալուստի, ժողովրդապետներուն, եւ բոլոր անոնց, որոնք աշխատած էին այս օրուան յաջողութեան ի խնդիր:

Քաղուած «armeniancatholic.org» դիմատէտրէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/12/2020, 08:02