ԳԷՈՐԳ ԵՊՍ. ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆ ԳԷՈՐԳ ԵՊՍ. ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆ 

ԱՐԴԵՕՔ ՄԱՆՈՒԿ ՅԻՍՈՒՍԸ ՄԵՐ ՅՈՅՍԸ ՊԻՏԻ ԻՐԱԿԱՆԱՑՆԷ՞։ ԳԷՈՐԳ ԵՊՍ. ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆ

Յիսուսի ծնունդը լոկ պատմական դէպք մը չէ, այլ անդրադարձ մը, ուր անցեալը, ներկան ու ապագան իրարու կը միանան։
Ունկնդրէ լուրը

Աշխարհիս բոլոր քրիստոնեաները անհամբեր կը սպասեն Մեսիային գալուստը, Ան որ խաղաղութիւն պիտի բերէ աշխարհիս, երկինքէն իջած Որդին՝ ազգերուն յոյսը։

Յիսուսի ծնունդը լոկ պատմական դէպք մը չէ, այլ անդրադարձ մը, ուր անցեալը, ներկան ու ապագան իրարու կը միանան։

Սակայն Յիսուս յայտնուեցաւ իբրեւ պարզ մարդու մը զաւակը` համեստ ու խոնարհ: «Երբ հասաւ ժամանակներուն լրումը, Աստուած ղրկեց իր Որդին, որ ծնաւ կնոջմէ, մտաւ Օրէնքի տակ, որպէսզի ազատագրէ օրէնքի հպատակները եւ մեզի պարգեւէ որդեգրութեան շնորհը» (Գաղ. 4, 4-5):

Յիսուս կը ծնի եկեղեցւոյ մէջ, ինչպէս նաեւ ամէն մէկուն սրտին եւ կեանքին մէջ: Ան մաս կը կազմէ մարդկութեան պատմութեան: Ան մարդացաւ` մեզի վերստին տալու համար մեր հիմնական մարդկային արժանապատուութիւնը, զոր կորսնցուցինք Ադամի սկզբնական մեղքին պատճառով: Մեր հարազատ Յիսուսը ընտրեց Խաչի եւ Սիրոյ ճանապարհը, եւ առ ի հետեւանք, բարեսիրտ Հայրը իրեն շնորհեց ամէնավսեմ անունը:

Յիսնակացի ժամանակ եկեղեցին բարձր հոգեւոր շունչով եւ հետեւողականութեամբ կը կրկնէ առաջին քրիստոնեաներուն աղերսը· «Մարանա թա» (այսինքն՝ եկո՛ւր ով Տէր)։ Մենք քրիստոնեաներս արդեօք վառ կը պահե՞նք մեր Տիրոջ բոցը, ի՞նչ կ’ընենք, նոր Փրկիչը կրկին ընդունելու համար մեր մէջ։

Կաղանդը առիթ մըն է վերադառնալու Աստուծոյ, որ Իր միակ Որդին ղրկեց մեր կեանքը փոխելու համար: Այս տօնակատարութեան ու անոր նախապատրաստութիւններու շրջանին, ջանանք մեր մէջ հիւրընկալել Ան, որ կը փափաքի մեր սրտերուն մէջ հիմնել իր սուրբ տաճարը, ուր Ան շարունակ կը վերածնի` մեզ ստեղծելու համար ըստ Իր պատկերին եւ նմանութեան:

Մենք երբեմն կը հարցնենք թէ ո՛վ է քրիստոնեան։ Սուրբ Բարսեղ կը պատասխանէ ըսելով· «Քրիստոնեան այն մարդն է որ ամէն օր եւ ամէն ժամ սթափ է, համոզուած ըլլալով որ Տէրը պիտի գայ եւ օգնութեան պիտի հասնի իրեն»։ Բոլորս կը հարցնենք, արդեօք այսօրուան քրիստոնեաները համոզումո՞վ կը սպասեն Տիրոջ գալուստը։ Եկեղեցին նորէն կը հարցնէ, թէ մենք ի՞նչ կը սպասենք Իրմէ, որպէս նոր Փրկիչ մարդկութեան, որ պատրաստ է մեզ տալու ճշմարտութիւնը եւ արդարութիւնը։ Եւ այդ համոզումէն ետք, Ծնունդը կը դառնայ ճշմարիտ բոցը մեր կեանքի եւ ոչ լոկ տօնակատարութիւն մը։

Սէրը ապրելով, կը զգանք Աստուծոյ ուժը, որ մեզի կ’ընկերանայ, մեզ դարձնելով լաւագոյն հրաշքը մեր գոյութեան։ Սոյն հրաշքով մենք կը դառնանք նաեւ խաղաղութեան գործիչներ։

Աշխարհս այսօր կը գտնուի Քովիտի լուծին տակ։ Շատեր դիմագրաւեցին մահուան վտանգը։ Ֆրանչիսկոս սրբազան քահայանապետը մեզ յիշեցուց Մովսէսի օրերըˋ երբ հրեաները չէին կրնար գետը անցնիլ, հրաշք սպասելովˋ սակայն յուսահատած կը վախնային, քանի որ իրենց փրկութեան ճամբան անյայտ էր։ Ծննդեան գիրքին մէջ Աստուած կը փնտռէր իմաստուն մարդիկ, որոնք ընդունէին իր կամքը եւ ընտրէին ճշգրիտ ճանապարհը։

Տիրոջ հրեշտակին խօսքերը կը խրախուսեն մեզ Ծննդեան օրը եւ ամբողջ կեանքին համար` ըլլալու աւելի ճշմարիտ, աւելի մաքրասիրտ, աւելի երջանիկ: Թողունք, որ Տէրը ծնի մեր մէջ, թող իր ներկայութիւնը ձեւաւորէ մեզ իր պատկերին նման ու կարող դարձնէ սիրելու զինք ու զիրար` իր սիրով:

ԳԷՈՐԳ ԵՊՍ. ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/12/2020, 15:30