Հովիւներու այցելութիւնը Յիսուս Մանուկին Հովիւներու այցելութիւնը Յիսուս Մանուկին 

Կիրակնօրեայ Աւետարանական խորհրդածութիւն։Հովիւներու այցելութիւնը Յիսուս Մանուկին (Ղուկաս 2, 15-20)

Կիրակի 27 Դեկտեմբեր 2020 - 3-րդ օր Ծննդեան
Ունկնդրէ լուրը

Որքան որ գաղտնի պահուեցաւ Յիսուսի յղութիւնը իր մօր՝ Մարիամի արգանդին մէջ, երբ ան Նազարէթ կը գտնուէր իր ամուսնոյն՝ Յովսէփի հետ, նոյնպէս ալ՝ Բեթղեհէմի քարայրի մը մէջ իր անշուք ծնունդը, սակայն Տէրը չուզեց բոլորովին մութի մէջ թողուլ անոր ծննդեան աւետիսը, գոնէ շրջանին մէջ բնակող պարզ ժողովուրդին համար: Ահա ուրեմն հրեշտակներ յայտնուեցան ու երկինքը լուսաւորեցին, պարզելով տեղացի բնակիչներուն՝ պատահած բացառիկ եղելութիւնը. Աստուած երկիր կ'իջնէր եւ մարդ կ'ըլլար մեզի նման:

Ահա ուրեմն պարզ ու անգրագէտ հովիւներ, Աստուծոյ նախընտրութեամբ, առաջինները կ'ըլլան աշխարհի վրայ որոնք նախապատուութիւնը կ'ունենան ականատես ըլլալու այս ամենամեծ հրաշքին, որով Աստուած մարմին կ'առնէր եւ մարդ կ'ըլլար, նման միւս բոլոր մարդոց:

Անշուշտ այդ պարզ հովիւներուն հիասթափութիւնը շատ մեծ կ'ըլլայ տեսնելով հասարակ մանուկ մը, բոլորովին աղքատ ու ամէն բանէ զուրկ մսուրի մը մէջ, սակայն անոր տեսքը կը լուսաւորէ զիրենք, ուրախութեամբ լեցնելով իրենց սրտերը: Այնչափ կը հաւատան հրեշտակներուն տուած աւետիսին որ յաջորդ օրն արդէն ամէն տեղ կը տարածեն բարի լուրը Յիսուսի ծննդեան: 

Ամէն տարի մենք ալ այս օրերուս՝ կը յիշատակենք այս բացառիկ դէպքը եւ կը ջանանք ուրախ ու զուարթ կերպով անցնել տարեվերջի այս շրջանը, հակառակ այս տարուայ բացառիկ պայմաններուն, ուր կը զգուշանանք իրարու շատ մօտենալէ, քիթ բերան գոց՝ իրարու հետ կը խօսինք: Յոյսով ենք, յամենայն դէպս որ այս օրերը մօտօրէն կ'անցնին եւ տխուր յիշատակներ կ'ըլլան: Կ'ակնկալենք նաեւ որ եկող տարին աւելի բարեջան ըլլայ եւ բարելաւէ մեր կեանքը:

Այսօր մանուկ Յիսուսը մեզի պատգամներ կու տայ Բեթղեհէմի քարայրին ընդմէջէն.

Առաջին պատգամն է խաղաղութիւնը. Խաղաղութիւն` ազգերու միջեւ, դադարումովը պատերազմներու եւ իշխանութեան տիրանալու պայքարներու, որուն համար աղօթքով հարկ է որ մասնակից ըլլանք. Խաղաղութիւն` ընտանիքներու միջեւ, ուր հարկ է որ ամբողջովին մեր ջանքը թափենք, դադրեցնելով մեր մէջ տիրող քինախնդրութիւնն ու ատելութիւնը. Խաղաղութիւն` ի վերջոյ մեր հարազատներու հետ, մեր ընտանիքին մէջ, իրարու աւելի սերտ ու սիրալիր միացումով։

Երկրորդ պատգամն է խոնարհութիւնը, նման այդ պարզ ու խոնարհ հովիւներուն, որոնք վստահեցան հրեշտակներու խօսքերուն եւ միամտաբար եկան իրենց յարգանքը մատուցանելու նորածին Փրկչին. գիտնանք ընկճել մեր հպարտութիւնը, որ յաճախ աղբիւրն է շատ մը չարիքներու։

Երրորդ ու մեծագոյն պատգամն է սէրը, եղբայրսիրութեան հոգին, որով մեր սիրտը պիտի դառնայ նման Քրիստոսի սրտին. իրմէ պիտի սորվինք ներել մեզի դէմ յանցանք գործողներուն, հաշտուիլ մեր հակառակորդներուն հետ եւ տարածել սիրոյ իր պատգամը, խօսքով եւ գործով` մեր շուրջը։ 

Ահա Սուրբ Ծննդեան պատգամները, որոնք ծրագիրներ են ոչ միայն տարուայ մը, այլ ամբողջ կեանքի մը։ Աստուած հաստատ պահէ մեզ մեր հաւատքին մէջ, սիրով լեցնէ մեր սրտերը եւ միշտ վառ պահէ յոյսը յաւիտենական կեանքին. Ամէն։ 

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/12/2021, 09:02