Կիրակնօրեայ Աւետարանական խորհրդածութիւն։ Կիրակնօրեայ Աւետարանական խորհրդածութիւն։ 

Կիրակնօրեայ Աւետարանական խորհրդածութիւն։Մեր պարտականութիւնը կատարեցինք (Ղուկաս 17, 1-10)

Սուրբ Ծննդեան տօնը կանխող այս կիրակին` Յիսուս մեզի կը խօսի երկու նիւթի շուրջ։ Առաջինը` գայթակղութիւնն է, երկրորդը` ներողամտութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Ամէն մարդ որ կու գայ այս աշխարհ, մաս կը կազմէ Աստուծոյ ծրագրին իրագործման մէկ բաժինին։ Որեւէ անձ չէ ստեղծուած առանց պատճառի, այլ իւրաքանչիւրը իր տեղն ունի աշխարհի վրայ եւ ամէն մէկը իր դերը ունի կատարելիք երկրաւոր կեանքին պատմական մէկ շրջանի մը մէջ։

Ամէն անձ, ինչպէս որ ունի իր իրաւունքները, նոյնպէս ալ ունի իր պարտակա-նութիւնները. Ասոր համար է որ Յիսուս կ՛ըսէ իր խօսքի վերջաւուրութեան. Ինչ որ պարտական էինք ընելու, ըրինք։ Ձեւով մը Աստուած ամէնուս վրայ դրած է բեռ մը զոր պէտք է վերցնենք մեր կեանքի ընթացքին, խաչ մը` զոր պէտք է կրենք, որպէսզի անով կարենանք հասնիլ մեր յաւիտենական փրկութեան։

Ի՞նչ են սակայն այդ պարտականութիւնները. Ի՞նչ բանի մէջ կը կայանայ մեր պարտքը։ Եւ ինչու՞ այդ պարտքով բեռնաւորուած ենք ամէնքս։ Ասոր պատասխանը կրնանք գտնել միայն եթէ զայն փնտռենք Աստուծոյ սկզբնական ծրագրին մէջ. Նախ հարց տալու ենք թէ ինչու՞ Աստուած մեզ ստեղծած է. Ինչու՞ ես եւ ոչ ուրիշ մը։ Մենք Աստուծոյ ծրագիրները հասկնալու համար պէտք է որ ըլլանք իրեն պէս աստուածներ։ Այսինքն գիտնանք ապագան եւ ժամանակի մէջէն դուրս ելլենք, ինչ որ անկարելի է. Ուստի եւ Աստուծոյ ծրագիրները մեզմէ իւրաքանչիւրին համար մեզի անհասկնալի կը մնան, մինչեւ մեր անձին վերջին պահը, մինչեւ մեր մահը. Արդէն անձի մը մահէն ետք կը գիտնանք անոր բուն արժէքն ու արժանիքը։

Մինչեւ որ մասամբ հասկնանք թէ ինչ է Աստուծոյ ծրագիրը մեր վրայ, արդէն մեր կեանքի մեծ մասը ապրած կ՛ըլլանք. Ուստի մեզի համար կարեւոր չէ անպայման գիտնալ այդ ծրագիրը, այլ աւելի կարեւոր է ընթանալ Աստուծոյ կամքին համաձայն, կատարելով մեր առօրեայ պարտականութիւնները եւ ապրելով աւետարանական սկզբունքներուն համեմատ։

Սուրբ Ծննդեան տօնը կանխող այս կիրակին` Յիսուս մեզի կը խօսի երկու նիւթի շուրջ։ Առաջինը` գայթակղութիւնն է,  որմէ պէտք է խուսափինք, որովհետեւ այնքան ծանր յանցանք մըն է որ նախընտրելի է ծովուն մէջը խեղդուիլ քան մանուկ մը գայթակղեցնել, անոր գէշ օրինակ տալով, կամ զինք վարժեցնելով չարիք գործելու։ Այս կէտին մէջ Յիսուս շատ խստապահանջ եւ անդրդուելի կը մնայ։

Երկրորդը` ներողամտութիւնն է. Երբ մենք կը սիրենք մեր ընկերը եւ գիտենք ներել անոր երբ մեղանչէ մեր դէմ, լիովին կատարած կ՛ըլլանք մեր պարտականութիւնը անոր հանդէպ եւ յարգած Յիսուսի պատուէրը։ Սակայն պահ մը եթէ բարձրացնենք մեր ակնարկը աշխարհի վրայ, կը տեսնենք ահաւոր պատերազմներ, անմեղներու ջարդ եւ ժողովուրդներու սպանութիւն։ Միեւնոյն ժամանակ սակայն, կը տեսնենք թէ աշխարհի միւս մասը, ուր բարեբախտաբար պատերազմ եւ ջարդ չկայ, անտարբեր աչքով կը նայի ուրիշ երկիրներու մէջ պատահածներուն. Կարեւորը այն է որ մեզի բան մը չըլլայ: Այսպէսով ձեւով մը մեղսակից կ՛ըլլանք գործուած ոճիրներուն եւ համատարած չարիքներուն։

Որպէսզի կարենանք հասկնալ թէ ինչ է Աստուծոյ կամքը մեզի նկատմամբ, ուրիշ միջոց չունինք եթէ ոչ աղօթքը. Աղօթքի խորութեան մէջ ընկղմելով` մեր հոգին պիտի բարձրանայ դէպի Արարիչը եւ անոր Հոգիէն պիտի ստանայ հարկ եղած գիտութիւնը եւ ուժը կատարելու անոր սուրբ կամքը, ամէն տեղ ու ամէն ժամ։ Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/12/2020, 08:35