Կիրակնօրեայ Աւետարանական խորհրդածութիւն։ Կիրակնօրեայ Աւետարանական խորհրդածութիւն։  

Կիրակնօրեայ Աւետարանական խորհրդածութիւն։ Ինչ պատասխան տալու ենք Տիրոջ հրաւէրին (Ղուկաս 14, 12-24)

Սիրելի հաւատացեալ, առակին մէջ` տէրը բարկացաւ իր հրաւէրը մերժողներուն դէմ եւ զրկեց զանոնք խնճոյքէն. Անոնց տեղը կանչեց բոլոր մնացածները, նոյնիսկ փողոցի մարդիկը, անոնք որ նախապէս մէկդի դրուած էին։ Իսկ մենք եթէ տեւապէս Քրիստոսի հրաւէրը մերժենք եւ զանազան պատրուակներով` եկեղեցի յաճախելէ դադրինք, արդեօ՞ք փրկութեան պիտի յաջողինք հասնելու։ Լաւ մտածենք ասոր վրայ եւ հոգեւոր կեանքին նպաստող առողջ որոշումներ առնենք:
Ունկնդրէ լուրը

  Յիսուս կը նմանցնէ երկնքի արքայութիւնը մեծ խնճոյքի մը, որուն մասնակցելու հրաւիրուած են բոլոր մարդիկ: Այս հրաւէրը ուղղուած է բոլորին, առանց բացառութեան: Տէրը կը հրաւիրէ ամէնքս, որով կ'ուզէ փրկել բոլոր մարդկութիւնը. Ան երբ մեզ կը հրաւիրէ մասնակցելու աստուածային մեծ խնճոյքին, չ՛ուզեր որ իր ստեղծած արարածներէն ոչ մէկը զրկուի անկէ. Հրաւէրը բոլորին կ՛ուղղուի անխտիր, առանց զանազանութեան հարուստի թէ աղքատի, եկեղեցականի թէ աշխարհականի, քրիստոնեայի թէ ոչ-քրիստոնեայի. Իսկապէս ընդհանուր է փրկութեան հրաւէրը։

            Առակին մէջ` զոր կը պատմէ այսօր Յիսուս, կը տեսնենք սակայն թէ ոմանք կը մերժեն այս հրաւէրը եւ զանազան պատրուակներ գտնելով` կը հրաժարին խնճոյքի մասնակցելէ, յառաջ բերելով նիւթական, զգացական կամ աշխատանքային արգելքներ։

            Մենք այսօր կ՛ուզենք Տիրոջ այս հրաւէրը նմանցնել կիրակնօրեայ սուրբ պատարագի մասնակցութեան հրաւէրին. Գիտենք թէ ամէն քրիստոնեայ պարտականութիւնն ունի ամէն կիրակի մասնակցելու սուրբ պատարագի խորհուրդին. Սակայն իրազեկ ենք թէ ընդհանրապէս 100-ին միայն տասը, երբեմն աւելի պակաս՝ քրիստոնեաներուն իրապէս կ՛իրագործէ իր պարտականութիւնը:

Սակայն ինչու՞։ Եթէ քննենք պատճառները, կամ աւելի ճիշտ` պատրուակները զոր անոնք կը յարուցանեն, կը տեսնենք թէ ընդհանուր առմամբ` անոնք կը նոյնանան առակին մէջ պատճա-ռաբանող անձերուն հետ։ Թերեւս ասոնց աւելցնելու է անտարբերութիւնը կամ անհոգութիւնը իրենց հոգեւոր պարտականութիւններուն հանդէպ, ինչպէս նաեւ ծուլութիւնը որ յաճախ գէշ սովորութիւն մը կը դառնայ, երբ մարդ չի զգաստանար։

            Հարուստ դասակարգի պատկանողները կը պատրուակեն թէ կիրակի օրերը պէտք է երթան իրենց գիւղի տունը, թէ հոն ընելիքներ շատ կան պարտէզին մէջ, թէ շաբթուայ մը աշխատանքէն ետք` քիչ մը հանգիստի արժանի են եւ եթէ շաբաթավերջին՝ իրենց գիւղի տունը չերթան ե՞րբ պիտի երթան. Հարկ է ուրեմն զիրենք հասկնալ եւ թոյլ տալ որ զանց ընեն իրենց կրօնական պարտականութիւնները, նիւթական շատ աւելի կարեւոր գործունէութիւններու համար։

            Երիտասարդները կ՛առարկեն թէ բոլոր շաբաթը էրիկ-կնիկ կ՛աշխատին եւ իրարու հետ միասին անցնելու ուրիշ ժամանակ չունին եթէ ոչ կիրակի օրերը. Պէ՞տք է արդեօք ստիպել զիրենք այդ օրը Տիրոջ նուիրելու եւ զրկուելու իրենց ամուսնական պարտականութիւններէն ու պահանջներէն. Ինչպէ՞ս կարելի է պահանջել իրենցմէ հաւատարմութիւն իրարու հանդէպ երբ կը խլուին իրենցմէ նոյնիսկ այն ժամերը ուր քիչ մը միասին կրնան մնալ։

            Իսկ մարդոց մեծ մասը կը պատրուակէ թէ ամենօրեայ աշխատանքը բաւարար չէ զիրենք հանգիստ ապրեցնելու, թէ կիրակի օրերն ալ քիչ մը աշխատելով` աւելի կը նպաստեն իրենց ընտանիքի բարօրութեան, թէ վաղը երբ գործէ դադրին, ծերանան, այն ատեն բաւական ժամանակ կ՛ունենան եկեղեցի յաճախելու եւ իրենց հոգեւոր կեանքով զբաղելու, հիմա անխոնջ աշխատանքի շրջանն է որ կ՛ապրին, հարկ է ուրեմն որ ժամանակ չկորսնցնեն եկեղեցի երթալով։

            Սիրելի հաւատացեալ, առակին մէջ` տէրը բարկացաւ իր հրաւէրը մերժողներուն դէմ եւ զրկեց զանոնք խնճոյքէն. Անոնց տեղը կանչեց բոլոր մնացածները, նոյնիսկ փողոցի մարդիկը, անոնք որ նախապէս մէկդի դրուած էին։ Իսկ մենք եթէ տեւապէս Քրիստոսի հրաւէրը մերժենք եւ զանազան պատրուակներով` եկեղեցի յաճախելէ դադրինք, արդեօ՞ք փրկութեան պիտի յաջողինք հասնելու։ Լաւ մտածենք ասոր վրայ եւ հոգեւոր կեանքին նպաստող առողջ որոշումներ առնենք: Ամէն։

 Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/12/2020, 08:56