Քրիստոս մեզ կը հրաւիրէ այս տարի եւս օգտուելու մեզի շնորհուած Աստուածատուր թանկագին ժամանակէն Քրիստոս մեզ կը հրաւիրէ այս տարի եւս օգտուելու մեզի շնորհուած Աստուածատուր թանկագին ժամանակէն 

Աստուծոյ համբերութիւնն ալ սահման ունի «Այս երրորդ տարին է...». (Ղուկաս 13, 1-9)

Նոր Տարին լաւագոյն ժամանակն է վերսկսելու բեղմնաւորել մեր ծառը եւ արգասաբերել մեր հոգիին հողը աղօթքով, սիրով եւ բարեգործութեամբ:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Բազմաթիւ յանկարծադէպ աղէտներով յատկանշուած տարի մը կ'աւարտի, եւ ուրախ կամ տխուր անակնկալներով նոր տարի մը կը սկզբնաւորուի:

2020-էն 2021 անցումը մեզի բարենպաստ պատեհութիւնը կ'ընծայէ, հոգեշահ խորհրդածութիւն մը կատարելու՝ մեկնելով Յիսուսի պատմած «անպտուղ թզենի»-ի առակէն, ուր դժգոհ այգիին տէրը կը հրահանգէ այգեպանին.«Այս երրորդ տարին է, որ կու գամ թուզ քաղելու, բայց չեմ գտներ: Ուստի, կտրէ' զայն, ինչո՞ւ անիմաստ կերպով տեղ գրաւէ» (Ղուկաս 13, 7):

Երբ մարդոց չարութեան կամ բնութեան կատաղութեան պատճառով դժբախտութիւն մը պատահի, կը փնտռենք յանցաւորը: Երբ չարիք մը վրայ հասնի կամ աղէտ մը տեղի ունենայ, բոլորս բնական հակում մը ունինք ուրիշները մեղադրելու՝ մենք մեզ անմեղ ու բարի անձերուն շարքին դասելով:

Միշտ ուրիշն է յանցաւորը:

Ղուկաս Աւետարանիչի պատմած ցաւալի երկու դէպքերը ցնցիչ պարագաներ էին (Ղուկաս 13,1-5):

Առաջինը, տաճարէն ներս ընծայ մատուցողներուն ահաւոր սպանդն է:

Երկրորդը, փլած աշտարակի մը հետեւանքով տասնութը բնակիչներուն մահը:

Սոյն երկու արկածները, ծայր տուած ըլլալու են կարգ մը վէճերու Երուսաղէմացիներուն միջեւ՝ տառապանքի եւ յանցապարտութեան կապակցութեամբ:

Այդ ժամանակաշրջանին, ժողովրդական համոզումին համաձայն, Աստուած փորձանքներով՝ յանցաւորը կը պատժէ: Սակայն, ակնարկելով ընծայ մատուցողներուն սպանութեան եւ Սելովամի աշտարակի փլուզումին պատճառած ոմանց մահուան արկածներուն, Յիսուս կը մերժէ այդ վարկածը՝ թելադրելով, որ այդ զոհերուն վախճանը խորհրդածութեան նիւթ դառնայ: Այլ խօսքով, Աստուածային Վարդապետը այս զոյգ դրուագներէն կ'օգտուի՝ կոչ ուղղելու ապաշխարութեան եւ վերադարձի առ Աստուած. «Կը կարծէ՞ք, թէ այս սպաննուող Գալիլեացիները միւս բոլոր Գալիլեացիներէն աւելի մեղաւոր են, որ այդպիսի վախճան մը ունեցան: Ո'չ: Կ'ըսեմ ձեզի, որ եթէ չապաշխարէք՝ դուք բոլորդ ալ նոյնպէս պիտի կորսուիք» (Ղուկաս 13, 2-3): Յիսուս, ըստ էութեան, կ'ուզէ ըսել. «Գիտցէ'ք, որ կեանքին մէջ մահ կայ եւ մահուան տեսակները անթիւ են ու անհամար. հիւանդութիւն, արկած, դժբախտութիւն, սրտի կաթուած, պատերազմ... ուստի, յանցաւոր փնտռելու փոխարէն, ձեր խիղճը քննելու էք՝ պատրաստ ըլլալու համար»:

Աստուածաշունչ Սուրբ Գրքի աստիճանական յեղաշրջումը մեզի կը թելադրէ հրաժարելու՝ պատժող ու պատուհասներու հեղինակ Աստուծոյ գաղափարէն, որ սակայն անհետացած չէ տակաւին մինչեւ այսօր: Ոմանք դժբախտութիւններուն ժամանակ, կ'ընդվզին Աստուծոյ դէմ, զԱյն պատասխանատու նկատելով մեզի 3 պատահած բոլոր արկածներուն, դժբախտութիւններուն եւ համաճարակներուն. «Ո՞ւր էիր Աստուած ցեղասպանութեան ատեն, երկրաշարժի ժամանակ, թշնամիներուն դէմ պատերազմ մղած ատեննիս...ո՞ւր ես հիմա երբ միլիոնաւոր անձինք «Քորոնա» համաճարակի պատճառով կը մեռնին»:

Ուշադրութիւն:

Աշխարհը մեր հոգածութեան յանձնուած է: Հետեւաբար, մեզի կը վիճակի անոր գործերը վարել, բնութեան տիրանալ, եւ ուրիշներուն հետ եղբայրական յարաբերութիւններ հաստատել: Իրաւ է, որ իշխանատենչութեան, մոլեռանդութեան, վայրագութիւններուն, ընչաքաղցութեան եւ դաւաճանութեան... մեղքը կրնայ աւերներ յարուցանել:

Սակայն, անիկա Աստուծոյ յանցանքը չէ:

Եթէ մաֆիան, կարգ մը պաշտօնատարներ, նախարարներ, երեսփոխաններ կամ եկեղեցականներ կը կողոպտեն հանրային ունեցուածքները, անիկա Աստուծոյ յանցանքը չէ:

Անիմաստ է, նաեւ, այդ մեղքերը աստուածային պատիժ համարել: Ո'չ Յիսուսի մահը խաչին վրայ, ո'չ Պիղատոսի հրահանգով Գալիլեացիներուն դէմ գործադրուած սպանդը, եւ ո'չ ալ Սելովամի մէջ փուլ եկած աշտարակին պատճառած տասնութը մարդոց մահը Աստուծոյ պատիժ էին: Անոնք արդիւնք էին որոշ անձերու չարամտութեան, իսկ աշտարակի աւերումին պատահարի պարագային, շատ հաւանական է, որ կառոյցին հիմը կամ ճարտարապետական շինութիւնը թերի էր:

Յիսուս, ինչպէս վարուեր էր շնացող կնոջ «դատաւորութեան» առիթով, մեզ կը հրաւիրէ մեր սեփական խիղճը քննելու. «Ձեր մէջէն անմեղը նախ թող քար նետէ անոր վրայ» (Յովհաննէս 8, 7):

Ուստի, ուրիշները չդատած, զԱստուած չդատած, սկսինք մենք մեզ դատել. «Նախ աչքիդ մէջէն գերանը հանէ, որ կարենաս յստակ տեսնել եւ ապա՝ միայն եղբօրդ աչքին շիւղը հանել» (Մատթէոս 7, 5):

Քրիստոսի համար, մենք բոլորս կարիք ունին վերադարձի առ Աստուած, եւ մեզմէ իւրաքանչիւրը նման է Աւետարանի թզենիին: Քիչ պտուղ բերած ըլլալնուս համար՝ կարիք ունինք Աստուծոյ համբերութեան եւ բարեգթութեան. «Այս երրորդ տարին է, որ կու գամ թուզ քաղելու, բայց չեմ գտներ: Ուստի կտրէ' զայն, ինչո՞ւ անիմաստ կերպով տեղ գրաւէ» (Ղուկաս 13, 7):

Այսուհանդերձ, չփորձենք չարաշահիլ Աստուծոյ համբերութիւնը եւ ապագային յետաձգել մեր կարողութիւնը պտուղ բերելու: Աստուած երկայնամիտ է, սակայն, պիտի գայ այն օրը երբ մեզի Իր տրամադրած ժամանակը պիտի աւարտի: Բաւ է իմանալ ամէն օրուայ մահուան պարագաներն ու մահացողներուն թիւը:

Ուշագրաւ է, որ թզենիին առակը անաւարտ է, քանի որ եզրակացութեամբ մը չի վերջանար: Չենք գիտեր ի'նչ պատահեցաւ այդ ծառին: Նոյնը՝ մեզմէ իւրաքանչիւրին պարագան:

Ապագան լայն լայն բաց է մեր առջեւ: Մեր երջանիկ թէ ապերջանիկ վախճանը մեզմէ կախում ունի:

Արդարեւ, Աստուծոյ համբերութիւնն ու հոգածութիւնը մեզի շնորհուած են, ո'չ թէ մեզ մղելու ծուլութեան, անփութութեան կամ անհոգութեան, այլ կազդուրելու մեր յոյսը՝ պտղատու ծառ ըլլալու համար:

Նոր Տարին լաւագոյն ժամանակն է վերսկսելու բեղմնաւորել մեր ծառը եւ արգասաբերել մեր հոգիին հողը աղօթքով, սիրով եւ բարեգործութեամբ:

Քրիստոս մեզ կը հրաւիրէ այս տարի եւս օգտուելու մեզի շնորհուած Աստուածատուր թանկագին ժամանակէն. «Տէ'ր, թող այս տարի ալ մնայ: Ես իր շուրջի հողը կրկին կը փորեմ եւ պարարտացուցիչ կը դնեմ: Այս ձեւով թերեւս պտուղ տայ»: «Ապա թէ ոչ՝ գալ տարի կտրէ զայն» (Ղուկաս 13, 8):

Գերյարգելի Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ Զապարեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/12/2021, 07:29