ԾՆՈՒՆԴԸ ՀՈԳԵՒՈՐ ԵՒ ՍԻՐՈՅ ՏՕՆ ՄԸ ՊԷՏՔ Է ԸԼԼԱՅ ՄԵԶԻ ԾՆՈՒՆԴԸ ՀՈԳԵՒՈՐ ԵՒ ՍԻՐՈՅ ՏՕՆ ՄԸ ՊԷՏՔ Է ԸԼԼԱՅ ՄԵԶԻ 

ԾՆՈՒՆԴԸ ՀՈԳԵՒՈՐ ԵՒ ՍԻՐՈՅ ՏՕՆ ՄԸ ՊԷՏՔ Է ԸԼԼԱՅ ՄԵԶԻ: Հայր Գէորգ Եպս. Ասատուրեանի խորհդածութիւնը:

Սէրը ապրելով, կը զգանք Աստուծոյ ուժը, որ մեզի կ’ընկերանայ, մեզ դարձնելով լաւագոյն հրաշքը մեր գոյութեան։ Սոյն հրաշքով մենք կը դառնանք նաեւ խաղաղութեան գործիչներ։
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Սկզբունքով, Սբ· Ծնունդը կրօնական տօն մըն է, մեզ յիշեցնելու համար երկնային եւ լուսաւոր էակի մը ծնունդը։ Բոլորս անկասկած համաձայն ենք, որ Յիսուս եղաւ մեզի պէս մարդ մը, սակայն պատմութեան մէջ մեծ նշանակութիւն ունեցաւ։ Ան է որ աշխարհիս բարիք բխեց, մեծ շնորհք մը տալով մեզի եւ իր սիրոյ գագաթնակէտը եղաւ իր չարչարանքները եւ մահը վասն մեր փրկութեան եւ մեր կեանքին իմաստ տալու համար։ Այդ պատճառաւ, մենք՝ հաւատացեալներս, Ծնունդը պէտք է նկատենք, տարուոյս ամենակարեւոր եւ ամենայատկանշական հոգեւոր պահը։

Հոգեւոր մեր կեանքը պէտք է ընդգրկէ համայն հաւատացեալները, եւ բոլոր անոնք, որոնք կը մասնակցին մեր գոյութեան լաւագոյն եւ աստուածահաճոյ ճանապարհը գտնելուն։

Վաճառականական եւ նիւթական աւանդութիւններէն եւ արարողութիւններէն հեռու, Ծնունդը պէտք է վերածել անձնական ներհայեցողութեան, մեր անձնական կեանքին վրայ։ Մենք մեզ հարցադրելու ենք, թէ մենք ո՛վ ենք այսօրուան աշխարհիս մէջ· խորհրդանշական իմաստով, Յիսուսի ծնունդը՝ մե՛ր հոգեւոր ծնունդն է, ծնունդն է սիրոյ, կարեկցութեան եւ բարեացակամութեան։

Եթէ ընդունինք զայն մեր սրտին մէջ, այն ատեն Ծնունդը կը դառնայ սիրոյ նոր եւ մեծ ալիք մը մեր ներաշխարհին մէջ, խոստանալով հիմնանորոգ հոգեւոր կեանք մը, գալիք տարուոյն համար, որ կը պատրաստուի մեզ տալու նոր հորիզոններ, վերադառնալու համար հիմնականին, սիրոյ եւ իսկական էութեան։

Պատմականօրէն, Սբ· Ծնունդը մեր Փրկիչին ծնունդն է, սակայն պէտք է ըլլայ նաեւ իմ հոգեւոր ծնունդը, սիրոյ ծնունդը, որն է իմ բնութիւնս, ինչ որ զարթնումն է իմ խղճին եւ որոշումը՝ երթալու դէպի իսկական եւ անաղարտ սէրը։

Սէրը ապրելով, կը զգանք Աստուծոյ ուժը, որ մեզի կ’ընկերանայ, մեզ դարձնելով լաւագոյն հրաշքը մեր գոյութեան։ Սոյն հրաշքով մենք կը դառնանք նաեւ խաղաղութեան գործիչներ։ Ծնունդը, ուրեմն ունի հոգեւոր բնոյթ մը, որ կը նշանակէ, թէ ես սէրը կ’ապրիմ՝ Աստուծոյ օգնութեամբ, որովհետեւ սէրը այն լոյսն է, որ բոլոր խաբկանքները եւ պատրանքները կը փարատէ մեր կեանքէն։ Մենք, երբեք չենք չարչարուիր եթէ Աստուծմէ շնորհուած սիրոյ շնորհքը ընդունինք։ Բայց Աստուծոյ կողմէ պիտի դատուինք, եթէ մեր ընդունած սէրը չկարենանք բաշխել նաեւ ուրիշներուն։

Ա՛յս է մեծագոյն նուէրը, զոր կրնանք տալ Սբ· Ծնունդին տօնին առթիւ։

Սէրը նուիրաբերել բոլոր այն կարիքաւորներուն, որոնք կը գտնուին ոչ միայն նիւթական, այլեւ հոգեւոր չքաւորութեան եւ աղքատութեան մէջ։

Ամէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/12/2020, 07:04