Փարիսեցին եւ մաքսաւորը Փարիսեցին եւ մաքսաւորը 

Եկեղեցական Գիտելիքներ: 6-րդ Շաբաթ Յիսնակաց 20-27 Դեկտեմբեր 2020

Յիսուս կ՛ուզէ մեզի սորվեցնել թէ Աստուած կը նախընտրէ խոնարհ սրտերը եւ անոնց կու տայ առատօրէն իր շնորհքները, իսկ ամբարտաւաններուն` կը զլանայ իր շնորհքը եւ անոնք երբեք կարող չեն հաճելի ըլլալու իրեն
Ունկնդրէ լուրը

Յիսնակաց 6-րդ շաբաթը խոնարհութեան շաբաթն է որով Յիսուս կ՛ուզէ մեզի սորվեցնել թէ Աստուած կը նախընտրէ խոնարհ սրտերը եւ անոնց կու տայ առատօրէն իր շնորհքները, իսկ ամբարտաւաններուն` կը զլանայ իր շնորհքը եւ անոնք երբեք կարող չեն հաճելի ըլլալու իրեն։ Փաստ փարիսեցիին եւ մաքսաւորին պատմութիւնը, ուր յստակօրէն կ՛երեւի թէ որուն կ՛երթայ Քրիստոսի նախընտրութիւնը։

Ան աւելի կը գնահատէ մեղքերով լի մաքսաւորին խոնարհ աղօթքը քան թէ օրէնքի պաշտպան ու բծախնդիր կերպով գործադրող, ամէնուն բարի օրինակ տուող փարիսեցիին ինքնաքով եւ ամբարտաւան աղօթքը։ Նոր վարդապետութիւն մըն է Քրիստոսինը, որ իբրեւ օրինակ կը դնէ մեր առջեւ ընկերութենէն արհամարհուած` բայց Տիրոջմէ սիրուած ու գնահատուած անձեր, իրենց պարզ ու խոնարհ ընթացքին համար։

Երկուշաբթի 21 Դեկտեմբերը`Ծննդեան Պահոց Ա. Oրն է:

Երեքշաբթի 22 Դեկտեմբերը` Ծննդեան Պահոց Բ. Oրն է: տօնն է Դաւիթ մարգարէին որ Հրէաստանի թագաւորն էր եւ Ս. Գրքի մէջ իր անունը ճանչցուած է որպէս յօրինող Սաղմոսներուն։ Ան նախահայրը կը սեպուի Յիսուսի, որ Բենիամինի ցեղէն եւ սերունդէն էր, ինչպէս Դաւիթ։ Յիսուս յաճախ կը կոչուի իր ժամանակակիցներէն Դաւթի Որդի։ Երկրորդ տօնն է Սուրբ Յակոբ, զոր կը կոչենք Տեառնեղբայր, այսինքն եղբայրը Յիսուսի. Աւելի ճիշտ պիտի ըլլար ըսել իր հարազատ զարմիկը, որով Հին Հրէաստանի մէջ` զարմիկները զիրար եղբայր կ՛անուանէին։

Զորեքշաբթի 23 Դեկտեմբերը` Ծննդեան Պահոց Գ. Oրն է:

Հինգշաբթի 24 Դեկտեմբերը` Ծննդեան Ճրագալոյցն է. Այդ օրը կը կարդացուին նախապէս Եսայիի եւ Միքիայի մարգարէութիւնները որոնք Յիսուսի Ծննդեան կը հային, որմէ ետք` տեղի կ՛ունենայ Ճրագալոյցի հանդիսաւոր սուրբ Պատարագը Հինգշաբթի օրը, տօնն է նաեւ Դաւիթ մարգարէին որ Հրէաստանի թագաւորն էր եւ Ս. Գրքի մէջ իր անունը ճանչցուած է որպէս յօրինող Սաղմոսներուն։ Ան նախահայրը կը սեպուի Յիսուսի, որ Բենիամինի ցեղէն եւ սերունդէն էր, ինչպէս Դաւիթ։ Յիսուս յաճախ կը կոչուի իր ժամանակակիցներէն Դաւթի Որդի։ նաեւ տօնն է Սուրբ Յակոբ, զոր կը կոչենք Տեառնեղբայր, այսինքն եղբայրը Յիսուսի. Աւելի ճիշտ պիտի ըլլար ըսել իր հարազատ զարմիկը, որով Հին Հրէաստանի մէջ` զարմիկները զիրար եղբայր կ՛անուանէին։

Ուրբաթ 25 Դեկտեմբերին` տօնն է Քրիստոսի Ծննդեան Բեթղեհէմի քարայրին մէջ. Եկեղեցիներու մէջ սովորութիւն կայ մսուրներ շինել եւ արձանիկներով զարդարել, յիշատակելու համար Յիսուսի Սուրբ Ծնունդը։ Արեւելեան Եկեղեցիները` Հայերը, Ասորիները եւ Ղպտիները, սովորութիւն ունին Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդը տօնելու 6 Յունուարին։ Այս աւանդութիւնը անշուշտ աւելի հին է քան 25 դեկտեմբերին ծնունդը տօնելու սովորութիւնը, որ յետագային ներմուծուած է Յունա-Հռովմէական իշխանութիւններու կողմէ` որոնք Դ. դարուն վերջն է միայն որ այս որոշումն առին, արեւու ծննդեան հեթանոսական ժողովրդականացած տօնը վերջնականապէս ջնջելու համար ժողովուրդի յիշատակէն, զայն փոխարինելով Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան տօնով։

Շաբաթ 26 Դեկտեմբերին` աշխարհի բոլոր Եկեղեցիներուն մէջ – իսկ Հայերու մօտ` 25-ին – կը տօնուի Սուրբ Ստեփանոս նախավկայի տօնը. Ան առաջինը հանդիսացաւ որ Քրիստոսի համար իր կեանքը զոհեց եւ մեռաւ քարկոծուելով Հրէաներու կողմէ, երբ կը քարոզէր Աւետարանը։

Կիրակի 27 Դեկտեմբերը, Ծննդեան Գ. Oրն է:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/12/2020, 07:20