Խոր Վիրապ Խոր Վիրապ 

Հայ եկեղեցւոյ ծէսը և ծիսակարգը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (ԼԱ)։

Մեր այսօրուայ հաղորդաշարի ընթացքին՝ պիտի անդրադառնանք Գիշերային ժամերգութեան Աւագ Օրհնութեան շարականին, Ալէլուիաներուն և Թագաւոր յաւիտեանին, որոնցմով կ'աւարտի Գիշերայինը:

ԼԱ. Հաղորդում

Ունկնդրէ լուրը

Ողջոյն ձեզ յարգելի ունկնդիրներ

Մեր այսօրուայ հաղորդաշարի ընթացքին՝ պիտի անդրադառնանք Գիշերային ժամերգութեան Աւագ Օրհնութեան շարականին, Ալէլուիաներուն և Թագաւոր յաւիտեանին, որոնցմով կ'աւարտի Գիշերայինը:

Կանոն Աւագ Օրհնութեանց Քրիստոսի Յարութեան

Կանոն Աւագ Օրհնութեանց Քրիստոսի Յարութեան շարականը ութ ձայներէ կը բաղկանայ: Ը. դարուն՝ Ստեփանոս Սիւնեցին յօրինուած է զանոնք, ներշնչուելով Աստուածաշունչի մարգարէական օրհնութիւններէն  (Ելից ԺԵ. 1), ուր գրուած է օրհնութիւն Մովսէսի. «Օրհնեսցուք զՏէր»: Աւագ Օրհնութեանց կողքին կան նաեւ կանոն համօրէն մարտիրոսաց օրհնութիւնք և կանոնք Պահոց օրհնութիւնք: «Աւագ Օրհնութիւն»ներուն սկիզբը կը տեսնենք սղագրութիւն մը, որոնք ակնարկութիւնն են տասը մարգարէական Օրհնութիւններուն: Այս համառօտագրութիւններն են. Աւհ՝ Մովսէսի արտասանած «Օրհնեսցուք» երգի յիշատակութիւնն է, Նայ՝ «Նայեցարուք» օրհնութեան, Զիհ՝ «Զի հուր բորբոքեցաւ» օրհնութեան, Ծան՝ «Ծաներուք» օրհնութեան, Հաս՝ Աննայի «Հաստատեցաւ» օրհնութեան, Գիշ՝ Եսայի մարգարէի «Ի գիշերաց» օրհնութեան, Եսա՝ Եսայի մարգարէի «Ես ասացի» օրհնութեան, Օրհ՝ որ դարձեալ սղագրութիւն է Եսայի մարգարէի «օրհնեցէք» օրհնութեան, Նեղ՝ յիշատակութիւնն է Յովնանու մարգարէի «Ի նեղութեան իմում» օրհնութեան, Տրլ՝ Ամբակու մարգարէի արտասանած «Տէր զլուր» օրհնութեան: Աւագ Օրհնութեան շարականի երգեցողութեան կը յաջորդէ Մաղթանքը, որ փառաբանութիւն մըն է քաղուած սաղմոսներէն. և ժամասացութեան նախագահին վերապահուած է: Մաղթանքները երեք տեսակ են. Տէրունի, Սրբոց և Պահոց: Պահոց օրերու մաղթանքները ութ հատ են՝ ըստ ութը ձայներուն: Անոնք քաղուած են սաղմոսներէն և յարմարեցուած Քրիստոսի. Անոնք միշտ կ'աւարտին «Մարդասէր Տէր» աղաչանքով, տէրունական մաղթանքներուն պէս: Ապա քարոզ և աղօթք օրուան ձայնին համաձայն:

Գիշերային ժամերգութիւնը տէրունական օրերուն կ'աւարտի «Ալէլուք»ներով: Ալէլուք բառը կազմուած է «ալէլուիա» բառէն, որ եփրայերէն «Աստուած փառաբանեցէք» կը նշանակէ: Ալէլուքը կը սկսի երեք անգամ ալէլուիա երգելով, անոր կը յաջորդէ երկու տուն սաղմոս: Սաղմոսներուն իմաստը կը պատշաճի տօներու իմաստին հետ:  Ալէլուիաներ կան, որոնք նուիրուած են նաեւ Քրիստոսի Յարութեան, Համբարձման և Հոգւոյն Գալստեան. ինչպէս նաեւ Ալէլուիաներ կան, նուիրուած՝ խաչի տօնին, եկեղեցւոյ և Ծաղկազարդի:

Թագաւոր յաւիտեան

Գիշերային ժամերգութեան Սրբոց և Պահոց օրերուն՝ «Ալէլուք»ներուն փոխարէն, «թագաւոր յաւիտեան» կ'երգուի:

Ալէլուք և Թագաւորք հին ժամանակներէն մեզի հասած կը թուին: Մեր մեծ հայրապետներէն՝ Յովհան Օձնեցի իր գրութեանց մէջ կը յիշատակէ Ալէլուքը: Երկու տեսակ են Ալէլուքը. մէկուն մէջ փառաբանութիւն կայ, որ նուիրուած է Տէրունի տօներուն, իսկ Սրբոց համար մաղթանք՝ բարեխօսութեամբ սրբոց: Թագաւորքը և փոխը Եկեղեցւոյ Ս. Հայրերուն կողմէ գրուած են Ս. Գրոց հետեւողութեամբ, մանաւանդ՝ սաղմոսաց: Անոնց լեզուի ճոխութիւնը և վսեմութիւնը ապացոյց մըն են որ  Ոսկեդարուն գրուած են և հաւանաբար Մեսրոպ Մաշտոցի հեղինակութիւնը կը կրեն (ըստ Տաթեւացիին):

Ալէլուք - Այսօր դասք

«Դասք Հրեշտակաց»ի կցորդը յատուկ է Զատկին, որ կ'երգուի ամէն առաջին ձայնին: Այսպէս ամէն տէրունական տօնին՝ երբ օրուան ձայնը ԱՁ ըլլայ՝ «Դասքն» կ'երգեն: Գլխաւոր վեց խումբ Ալէլուք կան ըստ ձայնի. 1- Ծննդեան, որ և Աստուածածնի տօներուն կ'երգուին, 2- Յարութեան, Յինանց և հասարակ կիւրակէից, 3- Համբարձման, 4- Հոգեգալստեան, 5- Խաչի, 6- Եկեղեցւոյ: Յատուկ Ալէլուք կան նաեւ Հրեշտակապետաց տօնին, Ղազարու յարութեան, Ծաղկազարդին, Աւագ Շաբթուայ և Վարդավառի տօնին երգուող: Սրբոց տօներուն պարագային՝ «Այսօր դասքը Հրեշտակաց»ը միայն Ս. Ստեփանոսի տօնին կ'ըսուի, քանզի Ստեփանոս նախավկայ է, և եկեղեցին ուզած է այս տօնին հանդիսութիւն մը տալ: «Այսօր դասք»ին ժամանակ Աւետարանը կը բարձրացուի աշխարհի չորս ծագերուն իբր օրհնութիւն: Ինչպէս յիշեցինք, Գիշերայինը կ'աւարտի Մաղթանքով օրուայ ձայնին համաձայն և ապա «Օրհնեալ Տէր մեր» և «Հայր մեր»ով:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/12/2020, 07:03