«Ես եմ Անարատ Յղութիւնը». Անզուգական առանձնաշնորհումի մը արգասիքը

Այսօր տօնն է Աստուածածին Սուրբ Կոյսին Անարատ Յղութեան:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

1988-ին, Հայաստանի Երկրաշարժին հետեւանքով քարուքանդ եղած Գիւմրիի եկեղեցիներէն մէկուն մէջ զետեղուած Ս. Կոյս Մարիամի արձանը՝ հրաշքով մը անվնաս մնացած էր: Թէեւ սեւցած ու մոխրացած՝ այնուհանդերձ իր ամբողջութիւնը պահած էր:

Իր գոյութեան առաջին րոպէէն իսկ Սուրբ Կոյս Մարիամ արատաւորուած չէր ադամական մեղքով, ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս վնասուած չէր այդ կործանած եկեղեցիին արձանը, հակառակ որ իր շուրջ ամէն ինչ աւերակ էր դարձած:

Մարդկային էակներս, որ ծնունդով կը ժառանգենք մեր նախահայրերուն մեղքը ու կը մաքրուինք Մկրտութեան Ս. Խորհուրդով, կը պատուենք Աստուածամայրը՝ որովհետեւ անզուգական առանձնաշնորհումով մը յղացուեցաւ ու ծնաւ առանց սկզբնական մեղքի:

Ի յաւիտենից Աստուած ծրագրած ըլլալով, որ Իր Միածին Որդին պիտի մարդեղանար եւ բնակէր մեր մէջ, մտադրած էր, որ Անարատ Յղացեալ Մայր մը ծնունդ պիտի տար Ամենասուրբ Երրորդութեան Երկրորդ Անձին:

1854-ին, դեկտեմբերի 8-ին, Պիոս Թ. Պապը հանդիսաւորապէս հռչակեց Աստուածածին Մարիամի Անարատ Յղութեան Վարդապետութիւնը, ինչ որ արդէն քրիստոնեաներուն հաւատքն էր վերոյիշեալ թուականէն դարեր առաջ:

Տիրամայրը՝ Լուրտի մէջ՝ չորս տարի շարունակ երեւնալէ յետոյ, 1858-ին Պերնատէթ Սուպիրուսին կ'ըսէր. «Ես եմ Անարատ Յղութիւնը», եւ այսպիսով կը հաստատէր Պապին հռչակած հաւատքի դաւանութիւնը:

Մենք հիացումով կը նայինք Մարիամի անբծութեան ու սրբութեան: Ի'նքն է առաջին հաւատացողը, առաջին քրիստոնեան եւ վեհագոյն տիպարը:

Ծնած սկզբնական մեղքով՝ մենք ամէն օր կը պայքարինք փորձութեան ու մեղքի դէմ. առ այդ, դիմելու ենք մեր երկնաւոր Մօր, որպէսզի ան մեզի օգնէ մեր ճանապարհորդութեան ընթացքին, եւ որպէսզի չսայթաքինք ու սատանայի սադրանքներուն յաղթելով՝ ի վիճակի ըլլանք սրբութեամբ ապրելու:

Առաջին Եւան մեղքի մղեց իր կողակիցը՝ Ադամը եւ երկուքը խզեցին իրենց յարաբերութիւնը Արարիչին հետ: Մարիամ Կոյսը, իբրեւ երկրորդ Եւան, թէ' Աւետման ժամանակ եւ թէ' իր ամբողջ կեանքի ընթացքին, իբրեւ կամուրջ հանդիսացած էր Արարիչին եւ արարածներուն միջեւ:

Ան Նոր Եւան է, որովհետեւ Մայր է բոլոր անոնց, որոնք շնորհիւ Մկրտութեան Ս. Խորհուրդին՝ նոր կեանքի ծնան:

Թող որ «Անհարսնացեալ Մարիամ», «Կենդանի Տապանակը», «Լոյսի Խորանը» եւ «Տիեզերքի Թագուհին»` Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածինը պարգեւէ բոլորիս իր անսպառ ու մշտահոս բարիքները, մայրական գութը, սէրն ու գորովը եւ մեզի համար բարեխօսէ առ Միածին Որդին, որ միշտ փառաւորուած է երկնածին եւ երկրածինարարածներուն կողմէ, յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:

Մոնրէալ, 8 դեկտեմբեր 2020

Գերյարգելի Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ Զապարեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/12/2020, 08:48