Մայր Սաճոնեանի ուղերձը Անարատ Յղութեան Տօնին առթիւ։

Տաժանագին օրեր կ՛ապրինք, անորոշութեան ամպերը մթագնած են Հայաստանի և Արցախի երկինքը, սակայն,Աստուծոյ օգնութեամբ և Անարատ Յղացեալի հզօր միջնորդութեամբ, Սեւակի խօսքերով, գիտենք մխալ և կրակ վառել, մոխրանալ որպէս վառ կերոն, բայց միշտ մեր գլուխը վեր պահած, վերակենդանանալ և շատանալ:
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

Հայ Եկեղեցւոյ  մօտ  Սուրբ Կոյս Մարիամի Անարատ Յղութեան տօնին առիթով, որ է նաեւ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու միաբանութեան տօնը, չորեքշաբթի 9 դեկտեմբեր 2020-ի երեկոյեան, Հռոմի Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու միաբանութեան մայրավանքին մէջ, Գերյ Հայր Նարեկ Վրդ Նաամոյեանի մատուցած  սուրբ պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ հայ քոյրերու «ուխտերու» նորոգումին կարգը։

Արարողութեան ներկայ գտնուեցան ի մէջ այլոց Սուրբ Աթոռի մօտ ՀՀ Հանրապետութեան Արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիար Կարեն նազարեանը ու Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովէն Գերապայծառ Մարք Թայյարը։

Արարողութեան աւարտին Միաբանութեան մեծաւորուհին՝ Մայր Արուսեակ Սաճոնեան հետեւեալ խօսքը առասանեց ներկաներուն.

«Փոխանակ փակուելու Անգոնայի վանքին մէջ, հեռու հայ միջավայրէ, հոս պիտի մնաս և պիտի գործես, շուրջդ ժողվելով ազգիդ աղջիկ զաւակները, մանաւանդ աղքատները»:

Մեր Հիմնադիր Հօր՝ Հայր Անտոն Հասունեանի այս վճռական խօսքերը կը խանգարեն մեր հիմնադրուհի մօր՝ Սրբուհի Հաճի Անտոնեանի երկար տարիներու երազը, փակեալ միաբանութեան մը անդամակցելու իր բաղձանքը, սակայն ան կը հնազանդի և այսպէս, Պոլսոյ մէկ աղքատիկ տան մը մէջ, 12 չքաւոր երեխաներով, ծնունդ կ՛առնէ մեր Միաբանութիւնը:, 5 Յունիս 1847-ին:

Մայր Սրբուհիի օրինակը կը խրախուսէ իր նմաններուն միանալու իրեն:  Առաջին 4 նուիրեալները, կրօնաւորական կեանքի և երեք ուխտերու հոգեւոր պատրաստութենէ յետոյ, 9 դեկտեմբեր, 1847-ին, Անարատ Յղութեան տօնին օրը, կ՛արտասանեն հնազանդութեան, ողջախոհութեան և աղքատութեան երեք ուխտերը, խոստանալով ծառայելու հայ մանուկին կրօնա-բարոյական և հայեցի դաստիարակութեանը:

Տիրամօր այս տիտղոսը՝ որ կը բնորոշէ մեր Միաբանութիւնը, վաղուց դաւանած է Հայ Եկեղեցին գովերգելով Աստուածամայրը որպէս անթառամ ծաղիկ, անդատապարտ շառաւիղ, սերովբէ հողեղէն և մարմնաւոր քերովբէ, անհարսնացեալ Մարիամ, Լոյսի Խորան, ևայլն:  Ի յաւիտենից,  կանչուած ըլլալու Մայրը Աստուծոյ Միածին Որդւոյն, Մարիամ չէր կրնար արատաւորուած ըլլալ, մեզի նման,  սկզբնական մեղքով:  Աւետման պահին, հրեշտակը զինք կ՛ողջունէ՝ «լի շնորհքներով, օրհնեալ կիներու մէջ՛.՛

Մեր հիմնադիր հայրը՝ Միաբանութիւնը դնելով Անարատ Յղացեալի պաշտպանութեան ներքև, յորդորած է միշտ քոյրերը Ս. Կոյսին  նմանելու, որդեգրելով իր ԵՂԻՑԻՆ, կեանքի բոլոր պատահարներու մէջ:   Հնազանդութեան այս հոգին եղած է քոյրերուն ուղեցոյցը որոնելու մեր ժողովուրդին կարիքները և բոլորանուէր ամէն միջոցի դիմելու այդ կարիքները հոգալու համար:

Իր հիմնարկութեան առաջին օրերէն, Միաբանութեան քոյրերը՝ անվերապահ նուիրումով, եղած են միշտ մեր ժողովուրդին  կողքին,.մասնակցած անոր տառապանքին,  ճաշակած  արհաւիրքը, ջարդն ու տեղահանութիւնը:  Այսօր ալ, հայրենիքի մէջ, քոյրերու մայրական հոգածութեան ներքև կը գտնուին  բիւրաւոր կարիքաւորներ, ծեր և երեխաներ, և երկու ամիսէ աւելի, բազմաթիւ տեղահանուած արցախցիներ կը վայելեն քոյրերուն սէրն ու գուրգուրանքը:

Տաժանագին օրեր կ՛ապրինք, անորոշութեան ամպերը մթագնած են Հայաստանի և Արցախի երկինքը, սակայն,Աստուծոյ օգնութեամբ և Անարատ Յղացեալի հզօր միջնորդութեամբ,  Սեւակի խօսքերով, գիտենք մխալ և կրակ վառել, մոխրանալ որպէս վառ կերոն, բայց միշտ մեր գլուխը վեր պահած, վերակենդանանալ և շատանալ:

Գերաշնորհ Հայր Նարեկ, Մեծայարգ դեսպաններ, Քոյրեր, Լեւոնեան դպրեվանքի ժառանգաւորներ, և սիրելի ներկաներ,ընդունեցէք իմ յատուկ շնորհակալութիւնս ձեր աղօթաբոյր ներկայութեան և ձեր մասնակցութեան Միաբանութեանս այս բացառիկ տօնախմբութեան առթիւ:  Տէրը պահէ և պահպանէ բոլորս:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/12/2020, 10:38