«Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն» հիմնարկ «Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն» հիմնարկ 

«Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն» հիմնարկին «հաւատքի պարգեւներ» արշաւը ի նպաստ հալածուած քրիստոնեաներուն։

Նախաձեռնութիւնը թոյլ կու տայ Քահանայապետական Հիմնարկի կայքէջի յատուկ էջէն ընտրել այնտեղ զետեղուած մէկ կամ աւելի յատուկ նուէրներ, ապա ներբեռնել աջակցելիք ծրագիրի համապատասխան տոմսը, որպէսզի ուղարկուի հասցէատիրոջ:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Հաւատքի պարգեւներ ի նպաստ հալածուած քրիստոնեաներուն» այս է Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն բարեսիրական հաստատութեան 2020-ի Սուրբ Ծննդեան առթիւ նախաձեռնած  արշաւը, որուն նպատակն է, մխիթարութիւն շնորհել անոնց, որոնք կ՛ապրին դժուարութեան մէջ ու աջակցիլ միսիոնար քահանաներուն եւ կրօնաւորներու կարիքներուն, ամէն տեսակ օգնութիւն տրամադրելով բոլորին։

Նախաձեռնութիւնը թոյլ կու տայ Քահանայապետական Հիմնարկի կայքէջի յատուկ էջէն ընտրել այնտեղ զետեղուած մէկ կամ աւելի յատուկ նուէրներ, ապա  ներբեռնել աջակցելիք ծրագիրի համապատասխան  տոմսը, որպէսզի ուղարկուի հասցէատիրոջ։

«Հալածանքի երկիրներուն մէջ, ուր քրիստոսները այսօր կ՛ապրին օրապահիկով, անոնք կը մնան Քովիտ19 համաճարակի տնտեսական տագնապէն ամէնէշատ վնասուածները», կը հաստատէ Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն հիմնարկի Իտալիոյ մասնաճիւղի տնօրէն Տիար Ալեսսանտրօ Մոնթետուրօ նշելով՝ թէ «անոնք կը դիմեն տեղական ժողովրդապետութիւններուն, որպէսզի կարողանան սնունդ հայթաթել իրենց ընտանիքներուն», թէեւ, նկատել կու տայ Մոնթետուրօ, քահանաները իրենց կարգին կը գտնուին դժուարութեան մէջ եւ կարելիութիւնը չունին օգնութեան հասնելու այդ ընտանիքներուն»։

Ասոր համար Սուրբ Ծննդեան տօնը առիթ է օգնութեան հասնելու բազմաթիւ այն քրիստոնեաներուն, որոնք կը գտնուին դժուարութեան մէջ եւ սատարելու նաեւ հալածանքի մէջ գտնուող եկեղեցիներուն, «հաւատքի զօրակցութեան պարգեւով» մը կը հաստատէ միշտ  Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն հիմնարկի Իտալիոյ մասնաճիւղի տնօրէն Տիար Ալեսսանտրօ Մոնթետուրօ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/12/2020, 11:37