Ֆրանչիսկոս Պապը եւ Կարդինալ Սաքոն Ֆրանչիսկոս Պապը եւ Կարդինալ Սաքոն 

«Ֆրանչիսկոս Պապին այցելութիւնը Իրաք բազմաթիւ անորոշութիւններու մէջ մխիթարութեան նշան է». Կարդինալ Սաքօ։

«Արեւելքի Քրիստոնեաները թող շարունակեն ըլլալ Քրիստոսի սիրոյ ներկայութեան նշան, ու նշան տիեզերական եղբայրութեան եւ համակեցութեան»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Քաղդէացիներու Պատրիարք Կարդինալ Լուիս Ռաֆայէլ Սաքօ նամակ մը ուղղած է Իրաքցիներուն հայող Քահանայապետի Իրաք կատարելիք այցելութեան, որուն մէջ  կը մատնանշէ թէ Սրբազան Պապին ուխտագնացութիւնը կը ներկայացնէ ազգային ու եկեղեցական ապագայի համար մեծ հնարաւորութիւն։

«Բարի եկած էք Նորին Սրբութիւն, հաւատացեալներու հայր Աբրահամի երկիր» խօսքերն են ասոնք, որով Բաբելոնի Քաղդէացիներու Պատրիարքը Կարդինալ Լուիս Ռաֆայէլ Սաքոն կ՛աւարտէ իր պատգամը ուղղուած քրիստոնեաներուն եւ համայն Իրաքցիներուն, յառաջիկայ մարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Իրաք այցելութեան առիթով.

«Իրաքը թող պատրաստուի իրադարձութեան մը՝ որ հետք պիտի թողու, եկեղեցին ու երկիրը մղելով բարեփոխութեան յանուն եղբայրութեան եւ խաղաղութեան» կը գրէ ի մէջ այլոց Քաղդէացիներու Պատրիարքը դիտել տալով, որ այս այցելութիւնը պիտի հանդիսանայ քաջալերանք՝ յաղթահարելու համար անցեալի ցաւերն ու վէրքերը եւ հայեացքը ուղղելու հաշտութեան, խաղաղութեան եւ յառաջընթացին, յանուն կարելի համակեցութեան մը «մէկ ընտանիքի տարբեր եղբայրներու» միջեւ։

Մինչ Քրիստոնեաներուն համար Քահանայապետի այս այցելութիւնը կը ներկայացնէ կրկնակի առիթ. Ուխտագնացութիւն քրիստոնէական եւ իրաքեան արմատներուն, ապա վերատեսութիւն եւ վերացոլացում եկեղեցւոյ գործունէութեան, որպէսզի ան դառնայ աւելի խանդավառ աւելի մօտիկ եւ միշտ աւելիով ծառայող, իր նախահայրերու օրինակով։

«Արեւելքի Քրիստոնեաները թող շարունակեն ըլլալ Քրիստոսի սիրոյ ներկայութեան նշան, ու նշան տիեզերական եղբայրութեան եւ համակեցութեան» դիմագրաւելու համար Իրաքի դիմաց կայացած մարտահրաւէրները, որոնց շարքին քաղաքական, տնտեսական ու ընկերային ճնշումները հակամարտութեան, ծայրայեղականութեան եւ գաղթականութեան պատճառաւ ինչպէս նաեւ քորոնաժահրի համաճարակին հետեւանքներուն պատճառաւ» կը յորդորէ Քաղդէացներու Պատրիարքը որ ապա։

կոչ կ՛ուղղէ հաւատացեալներուն չի հրաժարելու իրենց մայրենի հողէն, որ «կարելի չէ երեւակայել առանց քրիստոնեաներու ներկայութեան», ան ապա կը խրախուսէ ընտանիքները վախ չունենալու զաւակներ բերելու եւ զանոնք աճեցնելու, այս ուղղութեամբ Իրաքի եւ Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու գոյատեւման համար կը մատնանշէ «աստուածային ծրագիրի», «կոչում եւ առաքելութեան», որմէ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն կարելի չէ հրաժարիլ։

«Հարկաւոր է կարողութիւնը ունենալ իրերը պատշաճեցնելու ներկայի կարիքներուն բաց եւ իմաստուն մտածողութեամբ միշտ կառչած մնալով ակնաղբիւրին» կը գրէ Պատրիարքը յղում կատարելով Քահանայապետի ուսուցումին ունենալու «դէպի դուրս եկեղեցիի մը», եկեղեցի մը, որ ընթանայ դէպի մարդիկը, ըլլայ անոնց մօտ, խօսի անոնց լեզուն, որպէսզի ան ըլլայ  մշտական մարդեղութեան եւ յարութեան եկեղեցի։

«Քրիստոսի Եկեղեցի. Աւետարանի եւ Աւետարանութեան եկեղեցի, ծառայութեան եկեղեցի» կը շեշտէ Քաղդէացիներու առաջնորդը աւելցնելով նաեւ որ Ան պէտք է ըլլայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հետ հաղորդութեան մէջ, յանձնառու Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովին ընդգծած վերանորոգումի ճանապարհով, յանձնառում նաեւ միջ եկեղեցական ու միջ կրօնական երկխօսութեան ճանապարհով։ Առանց մոռնալու, թէ ան պէտք է ըլլայ Եկեղեցի մը, որ հոգ կը տանի նաեւ հանրային հարցերուն, որպէսզի թիկունք կանգնի ժողովուրդի արդար սպասումներուն եւ վերացնէ անարդարութիւնները, իրականացնէ արդարութիւնը, հաւասարութիւնը, ազատութիւնը եւ արժանապատուութիւնը։

Պատգամի աւարտին Կարդինալ Սաքոն կոչ կ՛ուղղէ քրիստոնեաներուն միացած ըլլալու  Աւետարանի վկայութեան մէջ, որովհետեւ, կը գրէ Ան, մենք հիմնականին մէջ մէկ ընտանիք ենք տարբեր անեղբայրներով, կանչուած իրականացնելու մեր կոչումը այդքան տառապող Արեւելքի մէջ։

Քաղդէացի Եկեղեցւոյ առաջնորդը կոչ կ՛ուղղէ նաեւ հասարակաց կարծիքին, որպէսզի թիկունք կանգնի Արեւելքի քրիստոնեաներուն, որպէսզի անոնք շարունակեն գոյատեւել որպէս նշան Քրիստոսի սիրոյն, նշան տիեզերական եղբայրութեան եւ համակեցութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/12/2020, 08:43