Սուրբ Ծնունդը Սուրբ Ծնունդը 

«Կրնա՞նք Յիսուս մանուկը ընդունիլ hամաճարակի պայմաններու մէջ» Հայր Գէորգ Եպս. Ասատուրեանի խորհդածութիւնը.

Արդեօք առանձի՞ն ենք այս պայքարին մէջ, արդեօ՞ք Աստուծոյ ականջները բոլորովին գոց են մեր աղաղակներուն առջեւ․․․ միլիոնաւոր մարդիկ կը հարցնեն թէ ո՞ւր է Տէրը այս դժուար օրերուն։ Բոլորս Աստուծոյ եւ եկեղեցւոյ յորդորները կը սպասենք... կը լսենք զանոնք․․․ բայց առանց լաւատես ըլլալու։
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Տէրն է իմ լոյսս եւ կեանքս, ես որմէ՞ պիտի վախնամ։

Տէրն է կեանքիս ապաւէնը, ես որուն առջեւ պիտի դողամ (Սաղ· 26)

Այս սաղմոսները մեզի կը յիշեցնեն թէ երբ չարիքը մեր դռները թակէ, պէտք չէ յուսահատութեամբ կծկուիլ՝ մտածելով թէ աշխարհին վերջը հասաւ։

Մէկ տարի է ի վեր աշխարհ կը գտնուի Քորոնաժահրի հետեւանքով ստեղծուած թոհուբոհին մէջ, միլիոնաւոր մարդիկ կը մահանան, ուրիշներ բժշկական հարցերուն մէջ տուայտելով կը յուսահատին իրենց վտանգաւոր դրութենէն··· այս իրավիճակներու մէջ մեզ կը մնայ ապաւինիլ յոյսին եւ սաղմոսերգուին խօսքերուն, որոնք մխիթարութիւն եւ հոգեւոր ուժ կու տան բոլորին։

Մենք պէտք է ընդունինք այսօրուան իրավիճակը եւ մտածենք թէ ինչպէ՞ս մանուկ Յիսուսը պիտի ծնի այս կացութեան մէջ ․․․

Արդեօք առանձի՞ն ենք այս պայքարին մէջ, արդեօ՞ք Աստուծոյ ականջները բոլորովին գոց են մեր աղաղակներուն առջեւ․․․ միլիոնաւոր մարդիկ կը հարցնեն թէ ո՞ւր է Տէրը այս դժուար օրերուն։ Բոլորս Աստուծոյ եւ եկեղեցւոյ յորդորները կը սպասենք... կը լսենք զանոնք․․․ բայց առանց լաւատես ըլլալու։

Աշխարհս այսօր կը գտնուի Քովիտի լուծին տակ։ Շատեր դիմագրաւեցին մահուան վտանգը։ Ֆրանչիսկոս սրբազան քահայանապետը մեզ յիշեցուց Մովսէսի օրերըˋ երբ հրեաները չէին կրնար գետը անցնիլ, հրաշք սպասելովˋ սակայն յուսահատած կը վախնային, քանի որ իրենց փրկութեան ճամբան անյայտ էր։ Ծննդեան գիրքին մէջ Աստուած կը փնտռէր իմաստուն մարդիկ, որոնք ընդունէին իր կամքը եւ ընտրէին ճշգրիտ ճանապարհը։

Ս․ Յակոբ իր թուղթին մէջ կ’ըսէ։ «Ահաւասիկ, մենք երջանիկ կը հռչակենք անոնց, որոնք գիտեն համբերել։ Տէրը գթած է եւ ողորմած։ Համբերութեամբ եւ ողորմածութեամբ դիմադրենք այսօրուան դժուարութիւնները՝ մանաւանդ Քօրոնա ժահրի պայմաններուն մէջ, որովհետեւ Աստուծոյ որդիներն ենք։ Ան մեզ չի՛ մոռնար։ Չմոռնա՛նք աղօթքի ուժը, զոր մանուկ Յիսուս մեզ կը շնորհէ, իր ներկայութիւնը պարգեւելով մեզ՝ մեր կեանքին մէջ։

Աստուած մեզ ուշադրութեան կը հրաւիրէ թէ′ իր խօսքերով եւ թէ՛ իր սուրբ գործերով, որոնք կը գտնենք Սուրբ Գիրքին մէջ։ Անոր հետ մենք պիտի մասնակցինք իր պատգամներուն եւ շնորհներունˋ մանաւանդ այս դժուարին օրերուն։

Երկխօսութեան մէջ մտնենք մանուկ Յիսուսին հետ։ Ժամանակն է հետը անկեղծօրէն զրուցելու եւ մեր վախերը հեռու վանելու։ Իրմէ խնդրենք որ միշտ սթափ մնանք իր օրհնեալ գալուստը ուրախութեամբ տօնելու համար։ Ամէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/12/2020, 07:42