Խոր Վիրապ Խոր Վիրապ 

Հայ եկեղեցւոյ ծէսը և ծիսակարգը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (ԻԸ)։

Մեր այսօրուայ հաղորդաշարի ընթացքին՝ պիտի շարունակենք անդրադառնալ Գիշերային ժամերգութեան սաղմոսերգութեան:

ԻԸ. Հաղորդում

Ունկնդրէ լուրը

Ողջոյն ձեզ յարգելի ունկնդիրներ                              

Մեր այսօրուայ հաղորդաշարի ընթացքին՝ պիտի շարունակենք անդրադառնալ Գիշերային ժամերգութեան սաղմոսերգութեան:

Առաքեալներու օրերէն՝ սաղմոսասացութիւնը ամենահին աղօթելու եղանակը եղած է, և քրիստոնէութեան փոխանցուած է հրէական ծէսէն: Հին կտակարանի մէջ Սաղմոսներու գիրքը  մաս կը կազմէ իմաստութեան գիրքերուն, որովհետեւ Աստուծոյ հետ երկխօսութեան փորձառութեան ընդմէջէն աղօթել կ'ուսուսացնէ։ Սաղմոսներուն մէջ կը գտնենք մարդկային բոլոր զգացումները՝ ուրախութիւնը, ցաւը, կասկածները, յոյսը,  դառնութիւնը, որոնք անբաժան մասը կը կազմեն մեր կեանքին։ Սաղմոսներու գիրքը կարդալով մենք կը սորվինք աղօթքի լեզուն։ Հայր Աստուած իր Հոգիին միջոցաւ Դաւիթ թագաւորն ու  մարգարէները ներշնչեց, որպէսզի ամէն այր ու կնոջ սորվեցնեն ինչպէս փառաբանել զԱստուած, գոհութիւն տալ, աղերսել եւ Անոր դիմել ուրախութեան եւ ցաւին մէջ, ինչպէս նաեւ պատմել Անոր գործերուն սքանչելիքները։ Այլ խօսքով՝ սաղմոսները Աստուծոյ ուղղուած խօսքեր են, զորս մեր շրթներէն կ'ելլեն իր հետ խօսելու համար։ Անոնք աղաղակներ են, յաճախ ողբերգական, որոնք կը բխին սրտի խորերէն:

Դարեր առաջ, վանքերու ու եկեղեցիներու մէջ, հայ հոգեւորականները ՃԾ. (150) սաղմոսները կանոնաւոր կերպով 24 ժամուան մէջ կ'արտասանէին: Դարերու ընթացքին, հայ եկեղեցին այդ սաղմոսները ութ մասի բաժնեց և զանոնք «կանոն» կոչեց: Ամէն «կանոն» կը պարունակէ 13-29 գլուխ: Առաջին կանոնը կը պարունակէ 1-17 սաղմոս, երկրորդ կանոնը՝ 18-35, երրորդը՝ 36-54, չորրորդը՝ 55-71, հինգերորդը՝ 72-88, վեցերորդը՝ 89-105, եօթներորդը՝ 106-118, ութերորդը՝ 119-147:

Ը. և Թ. դարերուն՝ հայ եկեղեցւոյ մէջ «Կանոն»ի դրութիւնը որդեգրուեցաւ, Յոյն Եկեղեցիին հետեւողութեամբ: Այս ութ կանոնները յետագային պատշաճեցուած են հայ Եկեղեցւոյ ութ ձայներուն: Աւելի ուշ՝ Հայ Եկեղեցին այս ութ «կանոն»ները օրուան ժամերգութիւններուն մէջ բաժնեց: Ութ «կանոն»ներէն առաջին երկուքը՝ Գիշերայինին մէջ զետեղեց: Երրորդ և չորրորդ կանոնները՝ Առաւօտեանին մէջ: Իսկ մնացեալ չորս կանոնները մնացեալ չորս ժամերգութիւններուն մէջ զետեղեց: Այս ութ կանոններուն ամէն մէկը անուն մը ունի, որ իւրաքանչիւր սաղմոսի առաջին բառէն առնուած է: Այսպէս՝ առաջին կանոնը «Երանեալ» կը կոչուի, որովհետեւ սաղմոսը (Սղմ. 1) «Երանեալ» բառով կը սկսի: Երկրորդ կանոնը «Երկինք պատմեն» կը կոչուի: Երրորդ կանոնը «Մի նախանձիր»: Չորրորդ կանոնը «Հաստատեցաւ»: Հինգերորդ կանոնը «Իբրեւ»: Վեցերորդ կանոնը «Տէր ապաւէն»: Եօթներորդ կանոնը «Խոստովան»: Ութերորդ կանոնը «Ի նեղութեան» բառերով կը սկսին:

Ժամանակի ընթացքին, կանոնի պարունակած սաղմոսները դարձեալ երբ երկար թուեցան, Եկեղեցին զանոնք բաժնեց եօթնական խմբակներու, որոնք գուբղայ կոչուեցան: Գուբղայ կը նշանակէ խմբուած: Իւրաքանչիւր կանոն եօթը գուբղայ ունեցաւ, իսկ եօթներորդ գուբղան կոչուեցաւ «կանոնագլուխ», որ կը նշանակէ կանոնի աւարտը կամ գլուխը: Կանոնագլուխը ընդհանրապէս բարձրաձայն և ձայնիւ կ'երգուի: Օձնեցիի համաձայն՝ եօթներորդ գուբղան բարձրաձայն և ձայնիւ երգուիլը կը խորհրդանշէ հրեաներու վեց անգամ լռելեան և եօթներորդ անգամուն բարձրաձայն աղաղակով Երիքովի շուրջ պտտիլը, որմէ ետք ինկան քաղաքի պարիսպները: Յատուկ կանոնագլուխ ունինք Աւագ Ուրբաթին «Իշխանք հալածեցին», իսկ Աւագ Շաբթուանը «Դատեա»: Հայ Եկեղեցին ժամերգութեան միապաղաղութիւնը փարատելու համար, եօթը գուբղաները ընդմիջած է աղօթքով, քարոզով և շարականի երգեցողութեամբ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/11/2020, 07:21