Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պատահած պայթումի վայրէն լուսանկար Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պատահած պայթումի վայրէն լուսանկար 

«Տառապող եկեղեցւոյ Օգնութիւն» բարեսիրական կազմակերպութիւնը կը շարունակէ թիկունք կանգնիլ Լիբանանի բնակչութեան

5 միլիոն եւրօ եկեղեցիներու եւ բնակարաններու վերակառուցման աշխատանքներուն համար

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Լիբանանի եկեղեցիներու զանգակները դարձեալ պիտի հնչեն Պէյրութի նաւահանգիստի մէջ տեղի ունեցած պայթումի աղէտէն 100 օր ետք։ Տառապող եկեղեցւոյ  Օգնութիւն  Քահանայապետական բարեսիրական կազմակերպութիւնը կը շարունակէ թիկունք կանգնիլ Լիբանանի ժողովուրդին  սատարելով տնանկ եղած ընտանիքներուն բնակարաններու եւ կործանուած եկեղեցիներու  վերակառուցման աշխատանքներու յատկացնելով  մեծ գումարներ ։

Ունկնդրէ լուրը

Առ այդ ,«Տառապող եկեղեցւոյ Օգնութիւն»  Քահանահապաետական բարեսիրական կազմակերպութեան անգլիական մասնաճիւղը  յայտարարութեամբ մը տեղեկացուց, թէ 5 միլիոն եւրո յատկացուցած է, Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ եկեղեցիներու եւ բնակարաններուն վերակառուցման աշխատանքներու համար։

Այս օգնութիւնը կ՝աւելնայ,Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք աւելի քան 5800 տնանկ եղած ընտանիքներուն յատկացուած նախորդ օգնութիւններուն, նշուած է յայտարարութեան մէջ։


Վերակառուցման աշխատանքներուն ծրագիրին մէջ կայ նաեւ Յոյն Կաթողիկէ համայնքի սուրբ Փրկիչ եկեղեցին, որուն տանիքը ամբողջութեամբ կործանուած է պայթումի պատճառաւ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/11/2020, 07:40