Ազատագրուած է կարդինալ Թումի Ազատագրուած է կարդինալ Թումի 

Ազատ արձակուեցաւ Քամերունի մէջ առեւանգուած ծիրանաւոր Թումի

Արեւանգումէն մէկ օր ետք շրջանառութեան մէջ սկիզբը լուրեր տարածուեցան, որ ծիրանաւորը ազատագրուած է ապա լուրը հերքեց Տուալա թեմի եպիսկոպոսը։ Այժմ հաստատ լուրերու հիման վրայ հաղորդուեցաւ թէ Ծիրանաւորը ազատագրուած է

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

հինգշաբթի, 5 նոյեմբերին, յետմիջօրէին, Քամերունի հիւսիս արեւելք գտնուող Քումպա եւ Պամենտ քաղաքներու միջեւ գտնուող շրջանէն ներս, խումբ մը զինեալներ առեւանգեցին Տուալա թեմի առաջին եւ երբեմնի կարդինալ արքեպիսկոպոսՎիյկան Թումին։

Ունկնդրէ լուրը

Արեւանգումէն մէկ օր ետք շրջանառութեան մէջ լուրեր տարածուեցան, որ ծիրանաւորը ազատագրուած է։ Սակայն աւելի ուշ  90 ամեայ ծիրանաւորին ազատագրումի լուրը հերքեց Տուալա թեմի արքեպիսկոպոս, գերապայծառ Սամուէլ  Քլետա։ Ուրբաթ, 6 նոյեմբերին, յետմիջօրէին դարձեալ հաղորդուեցաւ ,որ ծիրանաւորը ազատագրուած է։  Սակայն ագնամ ազատագրումի լուրը հաստատեց Տուալա թեմի եպիսկոպոս գերապայծառ, Սամուէլ Քլետա, նշելով որ Կարդինալ Թումի ազատագրուած է, սակայն տակաւին իր բնակարանը չէ վերադարձած։

Յայտնենք, թէԱռեւանգումի պատճառներէն մին նկատուած է այն իրողութիւնը, որ վերջերս Կարդինալ Թումի, անչափահասներուն քաջալերած է դպրոց յաճախել։ Արդարեւ՝ անցեալ 24 հոկտեմբերին, խումբ մը զինեալներ յարձակելով  Mother Francisca անուան դպրոցին վրայ սպանած են 8 աշակերտներ։ Նշենք, որ այդ տխուր առիթով ֆրանչիսկոս Պապ իր ցաւն ու տխրութիւնը յայտնեց կոչ ուղղելով դադրեցնելու բռնութիւններն ու երաշխաւորելու երիտասարդներուն կրթութիւնն ու ապագան։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/11/2020, 12:31