Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Իսթանպուլի Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդ Արհ. Լեւոն Արքեպիսկոպոս Չէքիեանը։ Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Իսթանպուլի Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդ Արհ. Լեւոն Արքեպիսկոպոս Չէքիեանը։  

Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Իսթանպուլի Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդ Արհ. Լեւոն Արքեպիսկոպոս Չէքիեանը։

Ֆրանչիսկոս Պապը Գերապայծառ Չէքիեանի հետ հանդիպումի ընթացքին «խոր սրտակցութիւն» յայտնեց Հայ ժողովուրդին
Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի 12 Նոյեմբեր 2020-ի առաւօտեան, Ն. Ս. Ֆրանչիսկոս Պապը Վատիկանի մէջ ընդունեցաւ Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ Թեմի Վիճակաւոր եւ Մխիթարեան Միաբանութեան Քահանայապետական  Պատուիրակ, Գերպ․ Տ․ Լեւոն Արք. Զէքիեան, ընկերակցութեամբ Ս. Ղազարու Մայրավանքի պատասխանատու փոխանորդ՝ Հ. Համազասպ Վրդ․ Քէշիշեանի ։

Սրբզ․ Քահանայապետը, Գերպ․ Զէքիեանի հետ առանձնազրոյցի ընթացքին, մօտէն հետաքրքրուեցաւ Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ համայնքին եւ Մխիթարեան Միաբանութեան հարցերով, ինչպէս նաեւ Արցախի պատերազմէն եւ զինադադարէն յառաջագայող ներկայ իրավիճակով։

Տ․ Լեւոն Արք․ Սրբզ․ Քահանայապետին ներկայացուց համայնքին ներկայ քանակութեան, իրաւական եւ հովուական կազմակերպութեան մասին տեղեկութիւններ։ Բնութագրեց Միաբանութեան ներկայ վիճակն ու հարցերը եւ անդրադարձաւ Միաբանութեան ընդհանուր թիւին համեմատութեամբ նորընծայ եւ ուխտեալ կոչումներու  յուսադրիչ աճին։ Արցախի առնչութեամբ Գերպ․ Զէքիեան կանգ առաւ յատկապէս այս եւ նման ազգամիջեան հարցերու նկատմամբ իրաւական արդար լուծումի մը կարիքին, անտուն մնացած եւ ցրուած արցախցի ժողովուրդին օգնութեան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի հայ քրիստոնեայ յուշարձաններուն պահպանման հարցերուն վրայ։ Սրբազան Քահանայապետը իր խոր սրտակցութիւնը յայտնեց  Հայ ժողովուրդին։

Կէս ժամ տեւող ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապը իր մասնաւոր օրհնութիւնը շնորհեց Մխիթարեան Միաբանութեան, Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ հօտին, բովանդակ հայութեան եւ յատկապէս Արցախի վշտակիր ժողովուրդին։   

Թղթակից

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/11/2020, 14:40