Հօրը հաւատքը կը փրկէ աղջկան կեանքը Հօրը հաւատքը կը փրկէ աղջկան կեանքը 

Կիրակնօրեայ Աւետարանական խորհրդածութիւն։ Հօրը հաւատքը կը փրկէ աղջկան կեանքը (Ղուկաս 8, 49-57)

Ու՞ր էիր Աստուած, բացագանչեցին մեր նախնիքը, առաջին եղեռնէն ետք, երբ քու հաւատացեալ ժողովուրդդ սպանդի ու ջարդի կ՛ենթարկուէր. Ու՞ր ես Տէր Աստուած, կը բացագանչենք այսօր մենք, երբ դարձեալ քեզի ապաւինած ու քեզի հաւատացող հայ ժողովուրդին մնացեալ բեկորները կը զոհուին խաչն ի ձեռին:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Կը կանչեն Յիսուսը բուժելու համար Յայրոս անունով ժողովարանի մը պետին աղջիկը. Սակայն տակաւին անոր տունը չհասած, աղջիկը կը մահանայ։ Երբ Յայրոսի ազգականները կու գան լուր տալու թէ աղջիկդ մեռաւ, վարդապետին նեղութիւն մի տար այլեւս, Յիսուս կը նայի շեշտակի Յայրոսի եւ կ՛ըսէ. Դուն միայն հաւատա եւ աղջիկդ պիտի փրկուի։

Ճիշդ է որ Յիսուս կը բուժէ հիւանդները հրաշագործութեամբ, այն զօրութեամբ որ տրուած է իրեն որպէս Աստուծոյ Որդի. Բայց արդեօ՞ք այս զօրութիւնը կրնայ նաեւ մեռեալի մը յարութիւն տալ։ Ահա այս դէպքին յաջողութեան համար, Յիսուս կը պահանջէ ուժեղ եւ հաստատուն հաւատք ենթակայէն՝ աղջկան հօրմէն, Յայրոսէն։

Մենք՝ այս օրերուն կը տառապինք ահաւոր դժուարութիւններով. Պատերազմը չի դադրիր մեր հարազատ հայրենիքին՝ Հայաստանի մէջ. Հալածանքը կը շարունակուի մեր քրիստոնեայ կրօնքին դէմ. Մուրճերով ու դանակներով զինուած մեր դարաւոր թշնամիները կը սպառնան վերստին ջարդել մեզ Հայերս։ Արեւելքի մեր ժողովուրդին երեք քառորդը արդէն տեղահան եղած է, աննկարագրելի դժուարութիւններու ընդմէջէն անցնելով, եւ ահա այսօր, ան կը գտնուի երկրորդ ցեղասպանութեան մը սպառնալիքին տակ, առաջինէն հարիւր տարիներ ետք:

Ու՞ր էիր Աստուած, բացագանչեցին մեր նախնիքը, առաջին եղեռնէն ետք, երբ քու հաւատացեալ ժողովուրդդ սպանդի ու ջարդի կ՛ենթարկուէր. Ու՞ր ես Տէր Աստուած, կը բացագանչենք այսօր մենք, երբ դարձեալ քեզի ապաւինած ու քեզի հաւատացող հայ ժողովուրդին մնացեալ բեկորները կը զոհուին խաչն ի ձեռին:

Հոս հարց պիտի տայի սակայն թէ ինչու՞ մենք չենք լսեր Աստուծոյ ձայնը որ կ՛ըսէ. Ու՞ր մնացիք դուք, ու՞ր է ձեր հաւատքը, երբ կիրակի օրերը եկեղեցիները պարապ կը մնան. Ինչու՞ կը մեղադրէք զԱստուած երբ յանցաւորը դուք էք, որովհետեւ տկարացաք ձեր պապերուն հաւատքին մէջ եւ թուլացաք ձեր հոգեւոր եւ բարոյական պարտակա-նութիւններուն հանդէպ։ Հին Կտակարանին մէջ յաճախ կը հանդիպինք այս տեսակի երկխօսութեան Աստուծոյ եւ իր ընտրեալ ժողովուրդին միջեւ. Երբ ժողովուրդը կը հեռանար ճշմարիտ Աստուծոյ պաշտամունքէն, չարիքները կը տեղային անոր գլխուն, իսկ երբ դարձեալ մօտենար Աստուծոյ, երկիրը բարիքներով կը լեցուէր։

Ուրեմն նախ փորձելու ենք մեր հաւատքը. Ո՞ր աստիճանի հաւատարիմ ենք մեր հոգեւոր պարտականութիւններուն, որքանո՞վ կարելի է այսօր մեզ կոչել քրիստոնեայ ժողովուրդ, ինչու՞ եղբայրսիրութիւնը յաճախ կը պակսի մեր յարաբերութիւններուն մէջ իրարու հանդէպ։ Ուստի եթէ անդրադառնանք որ տկարացած է մեր հաւատքը, ջանանք դարմանել զայն մօտենալով մեր Փրկչին` Քրիստոսի։ Հաւատքը բան մըն է որ պէտք է սնուցանել, ինչպէս որ բոյս մը կը ջրենք որպէսզի ողջ մնայ եւ չի թառամի, նոյնպէս ալ մեր հոգին հարկ է որ լեցնենք աղօթքի պահերով եւ մանաւանդ յաճախելով մեր եկեղեցիները կիրակի եւ տօնի օրերը, որպէսզի մեր հաւատքը զօրանայ եւ Աստուած ալ ողորմի մեզի։

Յայրոսի աղջկան պատահած հրաշքը, որով ան մահուընէ դէպի կեանք դարձաւ, կրնայ պատահիլ մեզմէ ամէն մէկուն, եթէ հոգեւոր մահուընէ դառնանք դէպի իսկական քրիստոնէական կեանք մը. Ասոր համար հարկաւոր է որ ունկնդրենք Յիսուսի խօսքին, որ մեզի կը հասնի Սուրբ Գրքին ընդմէջէն, ինչպէս նաեւ քրիստոնէականի ուսուցումէն:

Այն ատեն Հաւատքը մեզ կը փրկէ չքացումի վտանգէն. Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/11/2020, 09:42