Տօն Ամենայն Սրբոց, Տօն Ամենայն Սրբոց, 

Կիրակնօրեայ Աւետարանական խորհրդածութիւն։ - Ո՞վ է իմ հայրս, մայրս, քոյրս կամ եղբայրս։

Տօն Ամենայն Սրբոց, այսինքն՝ Անոնց որոնք մաս կը կազմեն Յիսուսի ճշմարիտ ընտանիքին (Ղուկաս 8, 17-21)

           [ Audio Embed Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը]

Աշխարհի բոլոր եկեղեցիները կը տօնեն այսօր բոլոր սուրբերու տօնը: Որով կան սուրբեր որոնք յայտնի են եւ Եկեղեցւոյ կողմէ հաստատուած որպէս սուրբ. Սակայն կան նաեւ բազմահազար, պիտի ըսէի միլիոնաւոր սուրբեր որոնց անունները յայտնի չեն մեզի եւ սակայն անոնք երկնքի մէջ են արդէն եւ կը վայելեն յաւիտենական ուրախութիւնը:

            Անոնց մէջ են մեր հայ միլիոնաւոր նահատակները, որոնց անունները չենք գիտեր եւ սակայն այսօր լուսաւոր պսակ մը շինած են մեր գլխուն վերեւ եւ, իրենց հզօր հովանա-ւորութեամբ՝ կը պաշատպանեն մեր ազկն ու պատառ մը հայրենիքը երկրի վրայ մեզի սպառնացող բոլոր վտանգներէն, ինչպէս նաեւ հոգեւոր ու մարմնաւոր թշնամիներէն:

            Որեւէ ազգ չի կրնար այլեւս չարիք հասցնել Աստուծոյ կողմէ նախընտրուած եւ նախասիրուած մեր հայ ազգին:

            Այսօր մենք իրական ընտանիքը կը կազմենք Յիսուսի, անոր մայրը, քոյրը եւ եղբայրը: Ահա կը վերադառնանք այսօրուայ աւետարանին, երբ հարց կու տայ Յիսուս շուրջիններուն. Ո՞վ է իմ հայրս, մայրս, քոյրս կամ եղբայրս։

            Ճիշտ է որ Յիսուսի համար, առաջնակարգ սէրը եւ յարգանքը կ՛երթայ Աստուծոյ, ինչպէս որ կը հրամայէ առաջին պատուիրանը, սակայն կարելի է ըսել թէ իր բոլոր ջանքը եւ քարոզութիւնը կը գործածէ բացատրտելու, զարգացնելու եւ աճեցնելու համար ընկերոջ սէրը – զոր կը դասէ համահաւասար առաջին պատուիրանին` Աստուծոյ սիրոյն – եւ երբ կը խօսի ընկերոջ մասին, կ՛ուզէ հասկնալ ոչ միայն մարդու մը ընտանիքը, ազգականները, բարեկամները, այլ` իսկապէս բոլոր իր շուրջ գտնուող անձերը, առանց խտրութեան։

            Ուստի կրնանք եզրակացնել թէ Յիսուս չ՛ուզեր որ մէկը իր ընտանիքին սէրը գերադասէ Աստուծոյ սիրոյն եւ նաեւ ընկերոջ սիրոյն. Ընտանիքի սէրը մաս մըն է միայն ընկերսիրութեան եւ ըստ այնմ, Յիսուս կը պատգամէ թէ իր հարազատ ընտանիքը չի կազմուիր միայն իր մօրմէն, եղբայրներէն ու քոյրերէն, այլ բոլոր անոնցմէ որոնք մտիկ կ՛ընեն իր խօսքին եւ զայն կը գործադրեն. Մէկ խօսքով` իր ընտանիքը այս կերպով կ՛ընդլայնուի եւ կը դառնայ հոգեւոր նոր ընտանիք մը։

            Կրնանք ըսել այսօր թէ մենք եւս մաս կը կազմենք Յիսուսի այս հոգեւոր ընտանիքին. Նախ մկրտութեամբ՝ մաս կը կազմենք Քրիստոնեայ կոչուած մեծ ընտանիքին, զանազան խորհուրդները ստանալով` այդ ընտանիքի անդամներէն կը սեպուինք, սակայն այս բոլորը կը մնայ տեսական եթէ գործնականօրէն չի հետեւինք իր ուսուցումին եւ ապրինք կեանք մը որու ընթացքին անտեսենք Յիսուսի սորվեցուցածը, որ գրի առնուած է սուրբ աւետա-րաններուն մէջ։

            Ուստի եթէ կ՛ուզենք մաս կազմել այդ ընտանիքին, գործադրելու ենք հետեւեալ համառօտ պայմանները.

            Ա. Սիրել մեր ընկերը մեր անձին պէս, այսինքն հաւասար սէր ու գուրգուրանք ցոյց տալ մեր շուրջ գտնուող բոլոր անձերուն հանդէպ, իբրեւ թէ անոնք ըլլային մեր հարազատները, մեր հայրը, մայրը, քոյրը կամ եղբայրը։

            Բ. Այդ սէրը ըլլայ ամբողջական, այսինքն պատրաստ ըլլանք նոյնիսկ մեր անձը նուիրելու կամ զոհաբերելու մեր ընկերոջ համար. Յիսուս ըսաւ. Սիրեցէք զիրար ինչպէս ես ձեզ սիրեցի. Եւ ինք իր կեանքը զոհեց մեզի համար։

            Գ. Վերջապէս այդ սէրը տարածուելու է նոյնիսկ անոնց որոնք մեզի թշնամի են, կամ մեզի հակառակ կը գործեն, անոնց որ մեզի հետ չեն բաժներ մեր կրօնքը, մեր բարոյական սկզբունքները եւ կամ մեր համոզումները։

            Սէրն է որ կը կապէ Յիսուսի նոր ու հոգեւոր ընտանիքի բոլոր անդամները իրարու:

Յովսէփ Ծ.Վ. Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/11/2020, 07:35