ֆրանչիսկոս Պապ եւ Հայր Պարթոլոմէօ Սորճէ ֆրանչիսկոս Պապ եւ Հայր Պարթոլոմէօ Սորճէ 

Ոչ եւս է Յիսուսեան միաբանութեան անդամ Հայր Սորճէ՝ «մարդը Աստուծոյ աչքերով կարդացած» կղերականը»։

Հայր Սորճէ միշտ քաջալերած է կեանքի մէջ յառաջ երթալու այն վստահութեամբ, որ երբ հաւատքը կ՝ապրինք կը յաղթահարենք կեանքի բոլոր դժուարութիւնները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, նոյեմբեր 3-ին, Իտալիոյ Կալլարադէ քաղաքին մէջ հոգին աւանդեց առ Հայր, 91 ամեայ Յիսուսեան միաբանութեան անդամ, Աստուածաբան, քաղաքագէտ, Հայր Պարթոլոմէօ Սորճէ-ն։

Ունկնդրէ լուրը

Հայր Սորճէ ծնած է 25 նոյեմբեր 1929ին, Իտալիոյ «Իզոլա ՏԷլպա» կղզիին մէջ։  1946ին, մտած է Յիսուսեան միաբանութեան դպրեվանք, քահանայ ձեռնադրուած է 1958ին։ Հայր Սորճէ վարած է տարբեր բարձր պաշտօններ,  որոնց շարքին վարած է նաեւ “La Civiltà Cattolica” պարբերաթերթին տնօրէնի պաշտօնը։

Ան իր եղբայրակիցներու հետ միասին աջակցած է Քրիստոնէական ներշնչումով «մարդուն համար քաղաք» քաղաքական շարժումին, որ մեծապէս նպաստած է, մշակութային հաւասարութեան՝քաղաքական, ընկերային եւ շարժումներուն զարգացման ոլորտներնէն ներս, հակազդելու համար մաֆիական մշակոյթին։  

Հայր Սորճէ իր գործունէութիւններուն շարքին համագործակցած է նաեւ Octogesima adveniens ,Պօղոս Զ Պապի առաքելական թուղթին հրապարակման։ Նշեալ փաստաթուղթը կը վերաբերի տեղական եկեղեցիներուն դերակատարութեան, քաղաքական, ընկերային, տնտեսական մարզերէն ներս։

Հայր Սորճէ եղած  է նաեւ տարբեր օրաթերթերու ու պարբերաթերթերու տնօրէնը։ Հեղինակած աւելի քան 162 գիրքեր որոնց շարքին քրիստոնէական ընկերային վարդապետութեան հայող տարբեր գիրքերը։

«Վատիկան Նիւզ»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, Հայր Ճաքոմօ Քոթաս նշեց, թէ Հայր Սորճէսի հիմնական ուժը միշտ եղած է հաւատքը՝ ըլլայ առօրեայ կեանքին մէջ ըլլայ եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան օգնելու մէջ։ Հայր Սորճէ  միշտ քաջալերած է  յառաջ երթալու այն վստահութեամբ, որ երբ հաւատքը կ՝ապրինք, կը յաղթահարենք կեանքի բոլոր դժուարութիւնները։

Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի քարտուղար, գերապայծառ Սթէֆանօ Ռուսսօ,  այս առթիւ յղած ցաւակցական գիրին մէջ երախտագիտութեամբ յիշեց Հայր Սորճէյի վեհանձն վկայութիւնը նշելով, որ  հայր Սորճէն եղած է Վատիկանի Տիեզերական  Բ ժողովին թարգմանը ու ան մինչեւ ծայր աստիճան ապրեցաւ մարդկութեան նկատմամբ սէրը Gaudium et Spes” փաստաթուղթին հիման վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/11/2020, 11:44