Արհիապատիւ Ռաֆայէլ Արքեպիսկոպոս Մինասեան Արհիապատիւ Ռաֆայէլ Արքեպիսկոպոս Մինասեան 

«Իմ տառապանքներս կը նուիրեմ բոլոր անոնց, որոնք ինձմէ աւելի կը տառապին» Քորոնավիրուսէն վարակուած Գերապայծառ Մինասեանը։

Գերապայծառ Միասեանը յատուկէն իր մօտիկութիւնը արտայայտած է Իտալիոյ Եպիսկոպոսներու Համահաւաք դասի նախագահ Կարդինալ Կուալթիերօ Պասսեթիին
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Քովիտ19 համաճարակի թիրախ դարձաւ նաեւ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի, Ուկրանիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի թեմի առաջնորդը Արհիապատիւ Ռաֆայէլ Արքեպիսկոպոս Մինասեանը, որ այս օրերուն կը խնամուի՝ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Հայաստանին նուիրած Աշոցքի Ռետեմթորէս Մաթեր հիւանդանոցին մէջ։

Նշոյլ մը ձայնով Իտալական «ՍԻՐ» գործակալութեան հետ ունեցած հեռաձայնային  զրոյցի մը առթիւ Հայաստանի Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդը յայտնած է՝ թէ ամէն ինչ սկիզբ առաւ պարզ կոկորդի ցաւով, որուն յաջորդեց բարձր ջերմութիւն, որուն հետեւանքով բժիշկները խորհուրդ տուին հիւանդանոց մտնել։

«Այժմ աւելի լաւ եմ եւ յոյս ունիմ որ յառաջիկայ օրերուն Երեւան կը վերադառնամ» ըսած է  Գերապայծառ Մինասեան որ հակառակ իր հիւանդ իրավիճակին կը շարունակէ մօտէն հետեւել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցող հակամարտութեան եւ Քարիթասի կողմէ գաղթական ընտանիքներուն տրամադրուած օգնութիւններուն։

«Այստեղէն է որ ունկնդրեցի նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին անցեալ կիրակի օրուայ խաղաղութեան ու հրադադարի կոչը ի նպաստ Լեռնային Ղարաբաղին» յայտնած է միշտ Սրբազան Առաջնորդը որ անդրադարձած է նաեւ Հայաստանի մէջ Քորոնժահրի տարածումին ու անոր կանխարգիլման ուղղութեամբ որդեգրուած որոշումներուն։

Գերապայծառ Միասեանը հուսկ յատուկէն իր մօտիկութիւնը արտայայտած է Իտալիոյ Եպիսկոպոսներու Համահաւաք դասի նախագահ  Կարդինալ Կուալթիերօ Պասսեթիին, որ իր կարգին վարակուած է քորոնաժահրէն եւ ծանր վիճակով կը գտնուի հիւանդանոցին մէջ, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց որոնք կը տառապին այս սարսափելի ախտէն հաստատելով թէ «Իմ տառապանքներս կը նուիրեմ անոնց որոնք ինձմէ աւելի կը տառապին»։

Ռատիովատիկան – Վատիկան Նիուզի անձնակազմը աղօթքով միացած շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթէ սիրելի գերապայծառ տիրոջ ու զայն կը շնորհաւորէ իր անուանակոչութեան տօնին առթիւ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/11/2020, 11:34