Եւրոպական միութեան դրօշակը Եւրոպական միութեան դրօշակը 

Եւրոպայի եպիսկոպոսները. «Տագնապէն ստեղծենք աւելի լաւ աշխարհ մը։»

Եւրոպայի եպիսկոպոսներուն համահաւաք դասերու նախագահներուն պատգամը ուղղուած Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն ու հաստատութիւններուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Եւրոպայի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասերու նախագահները ստորագրեցին պատգամ մը ուղղուած Եւրոպայի անդամ երկիրներուն, հաստատութիւններուն, որոնք վերջերս կը քննարկեն զօրակցութեան նոր համակարգեր ստեղծել յետ համաշխարհային առողջապահական տագնապին։

Ունկնդրէ լուրը

«Եւրոպական Միութեան ապագան կախեալ չէ միայն տնտեսականութենէն, այլ կախեալ է ընդհանուր հոգիէ մը եւ նոր մտայնութենէ մը։ Ասոր համար Եւրոպայի մէջ ստեղծուած Քորոնա ժահրի տագնապը առիթ է հոգեւորական դարձի հնարաւորութեան, որուն ժամանակահատուածին պէտք չէ բոլոր ջանքերը կեդրոնացել նախին բնականոնութեան վերադառնալու վրայ,  այլ անհրաժեշտ է իրականացնել նոր արմատական փոփոխութիւն։ Այս տողերը գրուած են Եւրոպայի համահաւաք դասերու նախագահներուն Եւրոապականհաստատութիւններու յղած պատգամին մէջ։

Եւրոպայի եպիսկոպոսները պատգամի մէջ նշած են, թէ Համաճարակի սկիզբը կարգ մը եւրոպական երկիրներ վախով գործեցին փակելով ներքին եւ արտաքին սահմանները ու կարգ մը երկիրներ մերժեցին բժշկական սարքերու եւ դեղորայքի բաժնեկցութիւնը։ Եւրոպական ամբողջ ծրագիր մը խաթարուած էր։ Այդ երկիրները ապա անդրադարձան, որ, ինչպէս Ֆրանչիսկոս Պապ ըսած է « բոլորս կը  գտնուինք միեւնոյն նաւուն մէջ եւ փրկութիւնը կարելի է լոկ միասին։  Առ այդ Եւրոպական իութիւնը վերանորոգուած վճռակամութեամբ սկսաւ ողբերգական կացութեան պատասխանել միութեան ոճով, միաժամանակ բացայայտելով Եւրոպայի հիմնադիր հայրերու հոգին։

Ներկայ դրութեամբ գրած են Եւրոպայի եպիսկոպոսները, յարկաւոր է մտածել համաշխարհայնացումի նոր տիպար մը  կերտելու մասին, երաշխաւորելու համար շրջակայ միջավայրի յարգանքը, ընտանիքի կարեւորութիւնը, ընկերային հաւասարութիւնը, աշխատաւորներուն արժէքները եւ ապագայի սերունդներուն իրաւունքը, որոնց ուղեցոյց կրնան հանդիսանալ Ֆրանչիսկոս Պապին «Գովեալ ըլլաս» եւ« Fratelli Tutti»,  շրջաբերական թուղթերն ու եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան սկզբունքները, նախ եւ առաջ զօրակցութիւնը, յատուկէն մեկուսացնելներու ու ընկերութեան եզրին գտնուող անձերու ու աղքատներու նկատմամբ։

Եւրոպայի եպիսկոպոսները ապա իրենց պատգամին մէջ յորդորած են, որ երբ Քովիտ 19-ի պատուաստանիւթը տրամադրելի դառնայ անիկա նախ հասասնելի պէտք է  դառնայ աղքատներուն։

Եւրոպայի եպիսկոպսոները վերահաստատեցին Եւրոպական երկիրներուն ու հաստատութիւններու թիկունք կանգնելու եկեղեցւոյ յանձնառութիւնը, կառուցելու համար աւելի լաւ աշխարհը մը եւ զօրակցելու այն  ձեռնակներուն, որոնք կը նպաստեն Եւրոպայի իսկական արժէքներու զարգացման. զօրակցութիւն, մարդկային արժանապատուութեան անխախտելիութիւն , ժողովրդականութիւն, մարդկային իրաւունքներուն հաւասարութիւնն ու զարգացումը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/11/2020, 13:25