Գարեգին Բ. շնորհակալութիւն յայտնեց Փութինին՝ Ղարաբաղի մէջ հայկական ժառանգութեան պահպանման համար
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը շնորհակալագիր յղեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին՝ երախտագիտութիւն յայտնելով անոր Ղարաբաղի մէջ հայկական ժառանգութեան պահպանութեան ուղղութեամբ ներդրած ջանքերուն համար: Այս մասին տեղեկացուցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մամլոյ դիւանէն:
Ըստ «Ռիա Նովըսթի» լրատու գործակալութեան՝ Գարեգին Բ. բարձր գնահատեց Ռուսիոյ իշխանութիւններուն, մասնաւորաբար Վլատիմիր Փութինին ջանքերը ռազմական գործողութիւններու դադրեցման, հրադադարի դրութեան հաստատման եւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման առումով:
«Ցանկանում ենք խորը երախտագիտութիւն յայտնել անձամբ ձեզ Ադրբեջանին յանձնուող տարածքներում հայ ժողովրդի պատմական ժառանգութեան` պատմական վանքերի, եկեղեցիների եւ մշակութային յուշարձանների պահպանման գործում ներդրած ջանքերի համար», կ՛ըսուի նամակին մէջ:
Կաթողիկոսը կ՛ընդգծէ, որ ռուս խաղաղապահներու տեղակայման շնորհիւ կարելի եղաւ ապահովել Դադիվանքի մէջ եկեղեցական ծառայութիւնը:
«Մեր ժողովուրդը մշտապէս կը յիշի Ռուսաստանի կարեւոր դերն արցախեան հողում արիւնահեղութեան դադարեցման գործում եւ աղօթելու ենք հայ-ռուսական բազմադարեայ բարեկամութեան անսասանութեան համար», դիտել կու տայ Գարեգին Բ. կաթողիկոսը:
Քաղուած «Ասպարէզ» էն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ