Աղթամարի Կղզին Աղթամարի Կղզին 

Հայ Եկեղեցին եւ Հայ Երիտասարդը դէմ առ դէմ - Ծածուկ Ցաւը։

Անձնական թէ հաւաքական ցաւ մը ներքնապէս կամ ծածուկ կրելը յատկապէս ներկայ ժամանակներուն, հերոսութիւն է: Երանի՜ անոր, որ կը յաջողի նաեւ անդրանցնիլ ցաւին պատճառած վիշտը, առանց հիւծելու ներքնապէս, վշտակիր եղած միջոցին:

Ցաւ արտայայտելու սկզբնատիպ օրինակը մանուկներուն քով պէտք է փնտռել: Դեռ նորածին, անգիտակից ու անբարբառ, մանուկները իրենց լացով գիտեն իրենց ներքին տագնապը՝ թէկուզ անգիտակից, արտայայտել: Բնախօսական իրավիճակներ արտայայտելու պահերէն սկսեալ մինչեւ անկողինին անհանգստութիւնը կամ խանձարուրին պատճառած նեղութիւնը անոնք կրնան բացայայտ արտայայտել, օգտագործելով բոլորիս ծանօթ միջոցը՝ լացը:

Երեխաները գիտակցութեան գալէ ետք չեն դադրիր այս «զէնք»ը օգտագործելէ, սակայն այլեւս ո՛չ թէ անգիտակցաբար, այլ գիտակցաբա՛ր զայն ձեռք առնելով, այս անգամ պարտադրելու համար իրենց սեփական կամքը: Տեսնուած է, որ մէկ մատ երեխան հրապարակաւ կը թելադրէ իր ծնողներուն ու կը պարտադրէ անոնց գնել այն, ինչը ի՛նք կը նախընտրէ այդ պահուն: Ուրեմն, անոր մէջ նախասիրութիւններու աճման հետ, կը կազմաւորուի նաեւ ազատ կամքը, որուն շնորհիւ կը յաջողի իր իրաւունքները պաշտպանել, տան, դպրոցին եւ փողոցին մէջ:

Երիտասարդ տարիքին, երբ արդէն կատարեալ չափահասութեան դռները կը թակէ մարդ, ցաւի արտայայտութիւնը զոյգ սեռերու պարագային կրնայ ամօթ համարուիլ կամ արժանապատուութեան հարցի վերածուիլ: Ոմանք կը պահեն իրենց ներքին ցաւը՝ վիշտը, եւ չեն արտայայտուիր: Ուրիշներ աւելի փխրուն սիրտ ունենալով՝ լուռ կ՛արտասուեն, դարձեալ մնալով տագնապ մը դիմակայելու բարձրութեան վրայ: Տգէտ կամ քաղաքավարութենէ զուրկ եւ ոչ-քաղաքակիռթ մարդիկն են, որոնք իրենց անձին վրայ ունեցած հակակշիռը կը կորսնցնեն, ցաւն ու վիշտը չափազանցուած ձեւով արտայայտելով: Այսպէս, անոնք իրենց մարմինին վնասներ կը հասցնեն, ինչպէս նաեւ դարձեալ մարմնական վնասներ՝ զիրենք շրջապատող մարդոց, իսկ տարածքին՝ ուր կը գտնուին, նիւթական բազո՜ւմ վնասներ: Զիրենք տագնապեցնող որեւէ հարց, ջղային բնաւորութեամբ եւ իրենց արարքները զսպել չկրցող մարդիկ կրնան շուտով վայրագութեամբ «հատուցել», ո՛չ թէ անպայման այն անձին, որ այդ մտահոգութիւնը պատճառած էր իրենց, այլ նոյնիսկ իրենց տան սեփական գոյքերուն՝ ստացուածքին նկատմամբ: Անոնք կահ-կարասիներ կը տապալեն, բիւրեղներ կը փշրեն, դուռ ու պատուհան կը կոտրեն, իսկ յոռեգոյն պարագային՝ պատ ու կտուր կը քանդեն կամ տունը կրակի կու տան…։ Ասիկա ցաւի ու վիշտի արտայայտութեան ինքնակործան տեսակն է, որուն երբեմն զոհ կ՛երթան նաեւ վշտակիրները իրենք:

Մեր եկեղեցին «հեթանոսական» դրսեւորումներ անուանած է այս կեցուածքները, որոնք մասնաւորաբար ցաւի ու վիշտի անհակակշռելիութեան հետեւանք են: Հայոց Արտաշէս թագաւորի մեծահանդէս յուղարկաւորութեան առիթով պատահած անձնասպանութիւնները, մազփետուքը եւ սգոյ այլ արտայայտութիւններ պատմիչին կողմէ արձանագրուած, պատճառ կը դառնան գահաժառանգ Արտաւազդի կրած անէծքին, երբ ան բողոքեց իր մեռած հօր՝ ըսելով. «Ի վերայ աւերակա՞ց թագաւորեցից»: Քրիստոնէական դարաշրջանին, մեր եկեղեցւոյ հայրապետները խստիւ արգիլած են չափազանցուած լացուկոծը՝ յիշեցնելով, որ անոնք բոլորը հեթանոսներու յատուկ կեցուածքներ են, եւ ուրեմն խորթ՝ քրիստոնէական հաւատքին:

Ցաւի ու վիշտի մէջ չափաւորութիւն պահպանելը նաեւ ունի այն լաւ հետեւանքը, որ այդ ցաւն ու վիշտը կրող անձը կը փրկուի ընդհանրական խայտառակութենէ: Ողբի բանաւոր արտայայտութիւններ, որոնց ընթացքին երբեմն լացն իսկ եղանակաւոր կը լսուի, պատճառ կը դառնայ չմտածուած ու անտեղի խօսքի արտայայտութիւններու: Իրենց առօրեայ կեանքի ընթացքին շատ լուրջ եւ չափաւոր խօսքերով ծանօթ անձեր երբեմն անկառավարելի կը դառնան իրենց կրած սուգին ընթացքին, թոյլ տալով, որ ներկաներ ճանչնան նաեւ իր այս միւս երեսը, այսինքն՝ վիշտի ընթացքին ի յայտ եկող տկարութիւնը:

Սգոյ հաւաքոյթներու ներկայ գտնուող անձերէն ոմանք երբ վերադառնան տուն, երբեմն հիացումով կը պատմեն իրենց հարազատներուն եւ ծանօթներուն ա՛յն մարդուն մասին, որ հակառակ մեռելատէրը ըլլալուն, պաղարիւնութեամբ ընդունած էր մահուան երեւոյթը եւ ի՛նք փորձած մխիթարել, իրե՛ն վշտակցող ներկաները: Ուրիշներ նման հաւաքոյթի ներկայ գտնուելէ ետք երբ վերադառնան, երբեմն կը պատմեն մեռելին շատ հարազատ անձի մը մասին, որ յուղարկաւորութեան ամբողջ տեւողութեան լուռ կանգնած եղած էր, առանց մէկ բառ իսկ արտասանելու:

Այս երկու տեսակի մարդոց կեցուածքը ընդհանրապէս քաջութիւն կը համարուի հանրային կարծիքէն: Սակայն հոգեբաններ այս երեւոյթը կը բացատրեն «գաղտնաբար տառապիլ», «ցաւը ծածուկ կրել» եզրերով, որոնք դարձեալ բնաւորութեան խնդիր են կամ՝ նկարագիրի հետ կապ ունին: Եթէ մէկը ծածկաբար կը կրէ իրեն պատճառուած վիշտ մը, այդ չի՛ նշանակեր, որ ատիկա չի՛ վնասեր իրեն, որքան ալ անտարբերութիւն ցոյց տայ արտաքնապէս կամ շրջապատի մարդիկ այնպէս կարծեն, թէ պատահածը որեւէ առնչութիւն չունի իրեն հետ:

Անհատներու կեանքին վերաբերող ցաւերէն բացի, կան նաեւ հաւաքական ցաւեր, որոնց կրողը կը դառնայ երբեմն ամբողջ ազգ մը: Համայնական ցաւերը աւելի մեծածաւալ ըլլալէն բացի, անոնց պատճառած վիշտն ալ աւելի համատարած կ՛ըլլայ: Դիւրագրգիռ անձեր աւելի բաց ականջներ եւ լսուածը առանց քննարկման ենթարկելու, այսինքն շուտով ընկալող բաց հոգիներ կ՛ունենան: Ուստի, անոնք անմիջական զոհը կը դառնան տուեալ կացութեան, շահագործուելով չարամիտներու կողմէ: Վերոյիշեալ ողորմելիներէն բացի, կացութիւնը լաւագոյնս հունաւորող, սակայն ծածուկ գործող անձեր գործի կը լծուին, ջուրին ընթացքը փոխելով ու զայն դէպի իրենց աւազանը հոսեցնելով:

Ողջամիտ մարդոց յոյսին մնացած է աշխարհը եւ յատկապէս անպաշտպան ու անոր մէջ տառապանքով ապրող արդարը: Ներամփոփ հոգիներու յատուկ առաքինութիւն է ներհայեցող ըլլալը, որուն մասնագէտներն էին անապատական հայրերը, ու մեր եկեղեցւոյ այն վանականները, որոնք յաջողեցան խորհրդապաշտութիւնը դարձնել իրենց առօրեայ կեանքին մաս կազմող երեւոյթ մը: Անոնք Աստուծոյ հետ ուղղակի հոգեկան հաղորդութեան մէջ ըլլալէ բացի, յաջողած են նաեւ արտաքին աշխարհէն իրենց պատճառուող չարիքները դիմակայել, ամփոփուելով իրենց ներաշխարհին մէջ: Անոնց պարագային չարին դէմ պայքարը, ինչպէս նաեւ մարդոցմէ եկող անարգանքը, ունի լուծման իւրայատուկ միջոց մը. այն է՝ ներաշխարհի պատուհանները փակել եւ հոգեկան զօրութեամբ լուծել այն խնդիրները, որոնք այլապէս լուծում չունին:

Ցաւը իր բոլոր արտայայտութիւններով, մինչեւ իսկ մահուան պատճառած վիշտը, խորհրդապաշտութեամբ հզօրացած մեր հայրերը ներաշխարհի փակ պատուհաններուն ետին կրցա՛ծ են նուազագոյն աստիճանի իջեցնել: Ասիկա ունի առաւելութիւն մը եւս. այն է, որ շրջապատդ չի՛ գիտնար ներքնապէս քեզ կրծող ցաւը: Ուրեմն, մարդիկ չեն ալ գիտնար, թէ դուն վիշտ մը կը կրես այդ պահուն, որովհետեւ արտաքնապէս երեւցող ժպիտդ ուրի՛շ հոգեկան վիճակ կը պարզէ. գուցէ, իրենց կարծիքով, այդ պահուն երջանկութիւն մը կ՛ապրիս դուն ներքնապէս: Մի մոռնար, որ այս հաւանական երջանկութիւնդ նոյնիսկ կրնայ շատերուն նախանձը գրգռել…։

Անձնական թէ հաւաքական ցաւ մը ներքնապէս կամ ծածուկ կրելը յատկապէս ներկայ ժամանակներուն, հերոսութիւն է: Երանի՜ անոր, որ կը յաջողի նաեւ անդրանցնիլ ցաւին պատճառած վիշտը, առանց հիւծելու ներքնապէս, վշտակիր եղած միջոցին:

ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/11/2020, 07:57