Խոր Վիրապ Խոր Վիրապ 

Հայ եկեղեցւոյ ծէսը և ծիսակարգը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (ԻԶ)։

Մեր յաջորդական հաղորդաշարի ընթացքին՝ պիտի անդրադառնանք Հայ Եկեղեցւոյ ժամերգութիւններուն, որոնցմէ առաջինն է Գիշերայինը:

Ողջոյն ձեզ յարգելի ունկնդիրներ

Ունկնդրէ լուրը

Մեր յաջորդական հաղորդաշարի ընթացքին՝ պիտի անդրադառնանք Հայ Եկեղեցւոյ ժամերգութիւններուն, որոնցմէ առաջինն է Գիշերայինը:

Հայ Եկեղեցւոյ ժամագիրքին մէջ առաջին ժամերգութիւն արձանագրուած է Գիշերայինը, որ կը կատարուի արեւածագէն երեք ժամ առաջ, վաղ առաւօտուն,  որովհետեւ ըստ Ս. Գրոց՝ օրը գիշերով կը սկսի: Օձնեցի Հայրապետը «Պաշտօն գիշերի» կը կոչէ զայն. Ստեփանոս Սիւնեցին իր կարգին՝ Գիշերի պաշտօն, գիշերային փառաւորութիւն կամ Գիշերւոյն աղօթք: Թէեւ «Ի մէջ գիշերի» կ'ըսենք՝ բայց առաւօտեան կ'աղօթենք, նկատի ունենալով որ ան կը սկսի հաւախօսին եւ կ'երկարի գիշերուան վերջին մասը, այդ պատճառով կոչուած է գիշերի պաշտօն:

Գիշերային ժամերգութեան գլխաւոր Քարոզին և աղօթքին մէջ,  Աստուծմէ կը խնդրուի. «զմնացուած գիշերիս խաղաղութեամբ անցուցանել», ուրեմն այս աղօթքին ժամանակ գիշերային խաւարէն մաս մը կը տիրէ: Այս ժամերգութիւնը կը կատարենք գիշերը՝ դարձեալ այն պատճառաւ, որ Քրիստոս գիշերուայ վերջին՝ առաջին լոյսին յարութիւն առաւ. նոյնպէս՝ մեռեալներու յարութիւնը այդ ժամուն տեղի պիտի ունենայ:

Առաջին երկու դարերուն, այսինքն՝ հրէական կամ Առաքելական ծագման շրջանին, հասարակաց աղօթքի ժամերը որեւիցէ խորհուրդ չունէին: Յետագային, Եկեղեցւոյ Հայրերն ու Վարդապետները անոնց խորհրդաւոր իմաստ տուին: Այսպէս իւրաքանչիւր ժամերգութեան սկիզբը՝ արձանագրուեցաւ Ս. Երրորդութեան ո՞ր դէմքին ուղղուած ըլլալը և անոր տնօրինական յիշատակը: Այս ուղղութեամբ՝ Գրիգոր Տաթեւացին, խորհուրդներու նախկին գրութիւնները ամբողջացուց. իսկ 1432 թուին, իր աշակերտը՝ Թովմա Մեծոփեցին այդ սահմանումները ընդարձակեց և փոխադրեց աղօթամատոյցին մէջ: Թովմա Մեծոփեցին Գիշերային ժամերգութեան սկիզբը՝ որպէս վերջնական ձեւ այսպէս սահմանեց. «Կարգաւորութիւն հասարակաց աղօթից որ կատարի ի մէջ գիշերի, ի դէմս Հօր Աստուծոյ»: Ինչպէս յիշեցինք, Գիշերային ժամու աղօթքը կ'ուղղենք Հօր Աստուծոյ. գիշերային հանգիստը Աստուծոյ շնորհած բարիքներէն մին է. հետեւաբար Աստուծոյ գոհութիւն կը յայտնենք մեր անցուցած խաղաղ գիշերուան համար, և կը խնդրենք որ մնացած գիշերն ալ անդորրութեամբ անցնենք, և յաջորդ օրը անարատ վարքով ապրինք իր կամքին համաձայն: Այնպէս որ մենք որպէս քրիստոնեաներ, գիշերը խոստովանելով մեր մեղքերը, Աստուծմէ կը խնդրենք բանալ մեր շրթները և աղօթել հետեւեալ խօսքերով. «Տէր եթէ զշրթունս իմ բանաս, բերան իմ երգեսցէ զօրհնութիւնս քո»: Գիշերային ժամերգութիւնը անցեալին կիրակի օրերը կը կատարուէր և կարգ մը մեծ տօները կանխող գիշերները. և երբեմն տօնական օրերուն, և շրջան մըն ալ ամէնօրեայ: Մեզի հասած ծիսական ձեռագիր մատեաններու համաձայն՝ հին ժամանակ Գիշերայինը կը սկսէր կէս գիշերին. «Արժան է գիշերապաշտօն առնել յայգ կիւրակէ» (Յ. Իմաստասէր), ինչպէս ցարդ կը կատարուի Աւագ Հինգշաբթի օրը՝ Հսկման կամ Խաւարման գիշերին և Զատկի նախօրէին՝ Երուսաղէմի Ս. Յարութեան տաճարին մէջ: ԺԴ. դարուն ան սկսած է ամէնօրեայ ժամերգութիւն դառնալ: Այժմ կիրակի օրերը ան կը կցուի Առաւօտեան ժամերգութեան, որմէ ետք Սուրբ և Անմահ Պատարագ կը մատուցուի: Ի դէպ՝ Գիշերային ժամերգութեան մէջ ամէնօրեայ և կիրակի օրերուն՝ որոշ յաւելումներ կամ  յապաւումներ կ'ըլլան:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/11/2020, 07:05