Սուրիոյ մէջ քանդուած եկեղեցի։ Սուրիոյ մէջ քանդուած եկեղեցի։ 

Գերմանիոյ եպիսկոպոսները. «Յառաջիկայ 26 դեկտեմբերին աղօթքի օր ձօնուած Սուրիոյ եւ Իրաքի քրիստոնեաներուն»։

Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ Քրիստոնեաները տակաւին կը շարունակեն պայքարիլ իրենց գոյատեւման ի խնդիր։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Նախաձեռնութեամբ Գերմանիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին, յառաջիկայ 26 դեկտեմբերին կազմակերպուած է աղօթքի օր  եւ այդ օրը պիտի նուիրուի Սուրիոյ եւ Իրաքի քրիստոնեաներուն։ Այս մասին հաղորդեց Գերապայծառ Լուտվիկ Շիք, Պամերկայի թեմի արքեպիսկոպոսը։

Ունկնդրէ լուրը

«Իրաքի եւ Սուրիոյ քրիստոնեաներուն իրավիճակը կը մնայ մտահոգիչ, նաեւ մահմետական պետութեան պարտութենէն ետք։ Արդարեւ քրիստոնեաներուն կացութիւնը կը շարունակէ  մտահոգիչ ըլլալ։  Հաւատացեալները տակաւին թիրախ են հալածանքներուն եւ բազմաթիւ վանգներուն։ Մահմետական Պետութեան սարսափը  տարածաշրջանին անկայունութեան պատճառ դարձաւ  ողբերգական եւ երկար ատեն։ Ծայրայեղ մահմետականներուն ահռելի բռնութիւնը անթիւ քրիստոնեաներուն ստիպեց փախչելու, սակայն քրիստոնեայ փոքրամասնութիւն մը կը շարունակէ գոյատեւել։ Ցեղային, կրօնական, քաղաքական ճնշումներուն ներքոյ, քրիստոնեայ փոքրամասնութիւնը ստիպուեցաւ Սուրիոյ մէջ  դիմագրաւել բազմաթիւ հարցեր։ Անոնք կը շարունակին պայքարիլ , քաղաքացիական պատերազմի պատճառով կործանուած Սուրիոյ եւ իրաքի  մէջ իրենց տեղը գտնելու ի խնդիր»   ըսած է  գերապայծառ Շիք։

Ան ապա անդրադարձած է վերջերս Սուրիա եւ Իրաք կատարած այցելութիւններուն, նշելով  թէ ինք մեծապէս տպաւորուած է Սուրիոյ եւ իրաքի տեղական եկեղեցիներու ու հաւատացեալներուն ունեցած  քաջութենէն։  Ըստ գերապայծառին, Սուրիոյ եւ Իրաքի  քրիստոնէութեան էութեան մաս կը կազմէ, չվհատիլ ու  օգնել նիւթական ու հոգեւոր կարիք ունեցող մարդոց, սփռելով յոյս ու վստահութիւն։ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ եկեղեցին համոզուած է  Միջին Արեւելքէն ներս իր դարաւոր ներկայութեան կարեւորութեամբ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/11/2020, 11:18