Սրբոց Հրեշտակապետաց տօնը Սրբոց Հրեշտակապետաց տօնը 

Հայկական պատառիկներ 8: Սրբոց Հրեշտակապետաց տօնը

Հայ ժողովուրդին լոյս բաշխող կարեւորագոյն կեդրոններէն եղած են հոգեւոր ճեմարանները, ուր մատղաշ սերունդներ դաստիարակուած եւ զարգացած են ու ապագային դարձած՝ գիտութեան, հաւատքի, մշակոյթի, ազգասիրութեան եւ ազգապահպանումի նուիրական ջատագովներ։
Ունկնդրէ լուրը

Այս շաբաթ հայ եկեղեցին կը նշէ` Սրբոց Հրեշտակապետաց տօնը: Տրուած ըլլալով, որ Հայաստանի Քանաքեռ աւանի մէջ հիմնուած դպրեվանքը նուիրուած է հրեշտակապետերուն տօնին` առ այդ սոյն հաղորդմամբ պիտի փորձենք մօտէն ծանօթանալ համանուն կրթօճախին:

Հայ ժողովուրդին լոյս բաշխող կարեւորագոյն կեդրոններէն եղած են հոգեւոր ճեմարանները, ուր մատղաշ սերունդներ դաստիարակուած եւ զարգացած են ու ապագային դարձած՝ գիտութեան, հաւատքի, մշակոյթի, ազգասիրութեան եւ ազգապահպանումի նուիրական ջատագովներ։

2020-2021 Ուսման տարեշրջանի հետ համընթաց, «հայկական պատառիկներ» մեր հաղորդաշարի միջոցաւ կը  լուսաբանենք հոգեւոր սոյն ոլորտը` նկատի ունինք Հայաստանեան իրականութեան մէջ վերջերս իւրայատուկ երեւոյթ հանդիսացող` Երեւանի Քանաքեռ աւանի մէջ 2018-ին հիմնադրուած հոգեւոր կրթօճախին` «Սրբոց Հրեշտակապետաց միացեալ հոգեւոր ճեմարան»ի ծաւալած գործունէութիւնը: Սոյն ճեմարանի հիմնադրման հիմնական նպատակն է՝ Հայաստանի եւ տարածաշրջանի հայութեան նոր սերունդին մէջ հոգեւոր մղումներ ունեցող պատանիները յայտնաբերել եւ զանոնք առաջնորդել դէպի Տիրոջ խորանի ծառայութեան:

Սոյն ծրագիրը կեանքի կոչուեցաւ ` Զմմառու Պատրիարքական կղերի Միաբանութեան Վանքի վարչութեան եւ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի, Ուկրանիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի թեմի առաջնորդի միջեւ գոյացած համաձայնագրով մը, ըստ որում Հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նուիրապետութեան  համար պիտի պատրաստուին հոգեւորականներ, որոնք հետագային պիտի ծառայեն որպէս հոգեւոր հովիւներ հայ ազգի զաւակներուն: Քանզի այն օրէն երբ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց ստեղծեց հայոց Այբուբենը` հայ ժողովուրդի կրթական եւ լուսաւորչեան աշխատանքներուն մէջ գլխաւոր դեր ունեցան Հայ կղերականները:

Ահա թէ ինչու այնքան կարևոր եւ էական է պատրաստել ապագայ հայ հոգեւորականը, մանաւանդ այսօր, երբ սերունդը համաշխարհայնացմամբ կլանուած է, եւ այդ յորձանուտին մէջ կը խարխափի: Այստեղ անհրաժեշտ եւ անժամանցելի է` հայ հոգեւորականութեան միջամտութիւնը, նոր սերունդին ճիշտ ուղու վրայ դնելու զայն դաստիարակելու եւ ապագան փրկելու:

Այսպիսի վտանգներ կանխելու միտումով եւ մօտ երեք դարերու փորձով զինուած Զմմառու միաբաններն ու Հայաստանի վիճակաւոր առաջնորդը 2018 թ.ին հիմնեցին սոյն կրթօճախը, զոր փոխարինեց նախկին՝ Ներսիսեան հոգեւոր ճեմարանը։

Իսկ ինչ կը վերաբերի այնտեղ ծաւալած աշխատանքներուն, ապա օրակարգը կ'ընդգրկէ զանազան աղօթքներու պահեր՝ ամենօրեայ սուրբ եւ անմահ պատարագ, ժամերգութիւններ, ջերմեռանդական աղօթքներ եւ աւետարանական երեկոներ։ Սաներուն ուսումնական կրթութիւնը ըստ կրթութեան և գիտութեան նախարարութեան սահմանած համակարգին կը ջամբուի շնորհիւ Մխիթարեան կրթահամալիրի տեսչութեանն ու դպրոցի պատասխանատուներուն։ Անոր կողքին, հիմնական են եւ կը մնան հոգեւոր դաստիարակութեան հիմքերը՝ շարականագիտութիւնն ու ծիսագիտութիւնը, իսկ ձայնամարզութիւնը՝ որպէսզի լաւագոյն ձեւով կատարեն խորանի սպասաւորութիւնը։ Սաներու մօտ ընդհանուր գիտելիքներու հորիզոնները լայնացնելու միտումով, անոնք շաբաթական տարբեր նիւթերով հանդէս կու գան հասարակութեանը ներկայութեամբ, իսկ աւարտին՝ կ՚ընտրուի լաւագոյնը եւ կը պարգեւատրուի։

2019 թ.ի ամռանը, 4-ժառանգաւորներ Զմմառու Մայրավանք հիւրընկալուեցան մասնակցելու` Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն նահատակուած` Զմմառու Պատրիարքական կղերի Միաբան` Մարտինի թեմի առաջնորդ` 2001-ին Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կողմէ երանելի հռչակուած` Իգնատիոս Մալոյեանին ծննդեան 150-ամեակի նուիրուած միջոցառումին, զոր կազմակերպած էին` Միաբանութեան Սուրբ Միքայէլ ընծայարանի եւ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի մեծ ընտանիքը` մայրավանքի վարչութիւնը, տեսչակազմը, ժառանգաւորները, նորընծաներն ու ուսուցչակազմը :

Մաշտոցեան բոցավառ ջահը վառ պահելով, զայն առաջ տանելու եւ հայ կղերականի լուսաւոր կերպարը անխաթար պահելու համար մեզի անհրաժեշտ են քահանայական նոր կոչումներ, որոնք պիտի գան ու լրումին պիտի հասցնեն լուսաւորչեան այն նուիրական գործը, զոր սկիզբ առաւ հայ ժողովուրդի քրիստոնէութեան ընդունումով: Արդ, սիրելի ծնողներ ի Հայաստան , յԱրցախ եւ ի սփիւռս աշխարհի, ձեր երեխաներուն մէջ քրիստոնէական հաւատքը վառ պահելը գովելի եւ դրուատելի երեւոյթ է, սակայն եթէ անոնց մէջ Արարչին ծառայելու սիրոյ ձգտում մը նկատէք, մի՛ զլանաք զանոնք ուղղել ծառայելու Աստուծոյ տաճարին, ինչպէս Տէրը չի զլացաւ իր Միածին Որդին եւ զոհաբերեց զինք համայն մարդկութեան փրկութեան զոհասեղանին: Ձեզմէ խնդրուածը ոչ թէ ձեր զաւակներու զոհաբերումն է հաւատքի սեղանին, այլ ձեր զաւակներու մղումին քաջալեր հանդիսանալն է, քանզի անոնք զինուած դպրեվանքէն ստացած գիտելիքներով, լեցուած հոգեպարար եւ կենսախինդ կեանքով եւ զօրացած Աստուծոյ հաւատքով պիտի հովուեն մեր ազգը՝ գօտեպնդելով զայն ամուր հաւատքով եւ փայլուն ապագայի նկատմամբ անսահման յոյսերով:

Գեր. Հ. Մաշտոց Վրդ. Զահթերեան 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/11/2020, 08:47