Կաթողիկէ Պատրիարքներու Խորհուրդը Կաթողիկէ Պատրիարքներու Խորհուրդը 

Կաթողիկէ Պատրիարքներու Խորհուրդը զօրակցութիւն կը յայտնէ Հայ ժողովուրդին

Կը զօրակցինք Արցախի եւ Հայաստանի մեր հայ եղբայրներուն, որոնք կը տառապին, եւ անոնց արժանապատուութիւնը վիրաւորուած է` Ազրպէյճանի դէմ պատերազմի արդիւնքներէն:
Ունկնդրէ լուրը

Լիբանանի կաթողիկէ պատրիարքներու եւ առաջնորդներու խորհուրդի վարչութիւնը կոչ ուղղեց ՄԱԿ-ին եւ Ապահովութեան խորհուրդին լուծելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը:

Լիբանանի կաթողիկէ պատրիարքներու եւ առաջնորդներու խորհուրդը իր նիստը գումարելէ ետք հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ հետեւեալը.

«Կը զօրակցինք Արցախի եւ Հայաստանի մեր հայ եղբայրներուն, որոնք կը տառապին, եւ անոնց արժանապատուութիւնը վիրաւորուած է` Ազրպէյճանի դէմ պատերազմի արդիւնքներէն: Մենք միշտ դատապարտեցինք այս պատերազմը, որ մարդկային եղբայրութեան դէմ ոտնձգութիւն էր, մարդկային զոհեր եւ քանդում կը պատճառէր` Արցախի եւ Ազրպէյճանի մէջ: Նաեւ միշտ կոչ ուղղեցինք միջազգային ընտանիքին եւ պատասխանատուներուն խաղաղ բանակցութիւններով եւ դիւանագիտական ջանքերով լուծելու նման տագնապներ եւ վիճելի հարցեր:

Մենք նաեւ միշտ աղօթեցինք այս նպատակին իրականացման, ինչպէս նաեւ երկու կողմերուն միջեւ հրադադարի հաստատումին համար: Իսկ ներկայիս կը հաստատենք, որ կարելի չէ շարունակել ընկճել ժողովուրդները, հետեւաբար կոչ կ՛ուղղենք ՄԱԿ-ին եւ Ապահովութեան խորհուրդին լուծելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը, ինչպէս նաեւ վերջ մը դնելու այս ցաւին, որ կ՛աւելնայ զոհերուն եւ աղէտահարներուն ցաւերուն վրայ: Շրջանը կարիք ունի իսկական խաղաղութեան մը, որ հիմնուած է երկու կողմերուն համար արդարութիւն վրայ: Կը վերահաստատենք մեր վստահութիւնը հայ ժողովուրդին իմաստութեան ու միասնականութեան նկատմամբ եւ կ՛աղօթենք առ Աստուած, որ Ան մխիթարէ զանոնք իրենց դիմագրաւած այս ճգնաժամին մէջ»:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/11/2020, 07:49