Վիեննայի մէջ ահաբեկչական արարքի զոհերուն յարգանքի տուրք Վիեննայի մէջ ահաբեկչական արարքի զոհերուն յարգանքի տուրք 

«Ոչ բռնութեան». կրօններու համաշխարհային համաժողովին պատգամը։

Նիսի եւ Վիեննայի մէջ կայացած ահաբեկչական արարքներու ի տես, աշխարհի կրօնապետերը յայտարարութեամբ մը յորդորեցին օգտագործել բառեր որոնք կը նպաստեն յարգանքին ու համախմբութեան։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ի տես Նիս քաղաքի եւ Վիեննայի մէջ յանուն կրօնքի ահաբեկչական ահռելի արարքներուն, անցեալ նոյեմբեր 4ին, կրօններու համաշխարհային համաժողովի կրօնապետերը իրենց պաշտօնական կայքին վրայ հրապարակեցին յայտարարութիւն մը, որուն մէջ յորդորեցին օգտագործել յարգանքի եւ համախմուածութեան նպաստող խօսքեր եւ ոչ թէ բաժանում հրահրող բառեր, հաստատելով որ խօսքի ազատութիւնը մարդկային իրաւունք է։

Ունկնդրէ լուրը

Խօսքի ազատութեան կից կրօնապետերու համաժողովի յայտարարութեան մէջ ընդգծուած է նաեւ մարդկային արժանապատուութեան յարգանքի բաժնեկցութեան արժէքը։

Խաղաղութեան ի սպաս կրօններու համաժողովի կրօնապետերու յայտարարութեան մէջ նշուած է «մեր պարտականութիւնն է արժանավայել, մարդկային ու ողորմածութեան պատասխաններ գտնել քան վրէժխնդրութեան  որովհետեւ, վրէժխնդիր ըլլալ կը նշանակէ խթանել մեր անձին եւ ուրիշներուն կործանումը։»։

Կրօնապետերը խստիւ մերժած են, որեւէ քաղաքական ուղերձ, որ կը միտի ոտնահարելու որեւէ դաւանանքի պատկան հաւատացեալ, Հաստատելով, որիրենց պարտականութիւնն է շարունակել սիրով կամուրջներ կառուցել։

Յայտարարութեան մէջ նշուած նաեւ, որ կրօնապետերը վստահ են, որ մահմետականները ցաւ կը զգան երբ՝ յայտնապէս կ՝անարգուի անոնց մարգարէն, սակայն այս մէկը թոյլ չտար խախտելու միեւնոյն իսլամական կալ այլ կրօնքի սկզբունքները։»

Կրօնապետերը ապա իրենց զօրակցութիւնը յայտնած են ահաբեկչական արարքներու զոհերուն, վերահաստատելով բազմակրօն եւ յարգալից ձեւով խօսելու իրենց յանձնառութիւնը, վէրքերու ապաքինումի եւ խաղաղութեան ու արդարութեան խթանման համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/11/2020, 08:40