Արամ Ա. Կաթողիկոս Պապական Նուիրակ Գեր. Սփիթերի հանդիպում Արամ Ա. Կաթողիկոս Պապական Նուիրակ Գեր. Սփիթերի հանդիպում 

Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդիպում ունեցաւ Պապական Նուիրակին հետ Արցախի հարցին շուրջ

Վեհափառ հայրապետը լայնօրէն պարզեց Արցախի հարցը` իր պատմական ու քաղաքական երեսներով, յատկապէս ծանրանալով ստեղծուած ներկայ կացութեան եւ Կովկասի մէջ անոր վտանգալից հետեւանքներուն վրայ:
Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 4 նոյեմբեր 2020-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը աւելի քան ժամ մը հանդիպում ունեցաւ պապական նուիրակ Ժոզեֆ Սփիթերիի հետ` Արցախի Հանրապետութեան հարցին շուրջ:

Վեհափառ հայրապետը լայնօրէն պարզեց Արցախի հարցը` իր պատմական ու քաղաքական երեսներով, յատկապէս ծանրանալով ստեղծուած ներկայ կացութեան եւ Կովկասի մէջ անոր վտանգալից հետեւանքներուն վրայ:

Վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց, որ Արցախը պատմական Հայաստանի նահանգներէն մէկը եղած է եւ երբե՛ք մաս չէ կազմած Ազրպէյճանի: Պատմութեան ընթացքին եղած են ժամանակներ, երբ Արցախի մէջ հայերը ինքնավարութիւն հաստատած են: Փաստօրէն, Ստալինի միջամտութեամբ Արցախը իբրեւ ինքնավար շրջան մաս կազմած է Ազրպէյճանին: Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, ինչպէս այլ շրջաններու մէջ, նաեւ Արցախի ժողովուրդը իր ինքնորոշման արդար իրաւունքը վերահաստատեց եւ իբրեւ անկախ հանրապետութիւն վերակազմակերպուեցաւ:

Վեհափառ հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին հովանաւորութեամբ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի բանակցութիւններուն եւ անոնց ձախողութեան` Ազրպէյճանի անզիջող կեցուածքին պատճառով:

Խօսելով ներկայ պատերազմին մասին` վեհափառ հայրապետը յայտնեց, որ Թուրքիոյ քաղաքական եւ զինուորական միջամտութիւնը կացութիւնը աւելի վատթարացուցած ու բարդացուցած է, իսկ վարձկաններու ու ահաբեկիչներու մասնակցութիւնը պատերազմին առաւել եւս վտանգած է ամբողջ շրջանը: Վեհափառ հայրապետը նաեւ պարզեց Թուրքիոյ համաթուրանական ծրագիրը եւ անոր վտանգալից հետեւանքները` միաժամանակ յայտնելով, որ Ռուսիոյ հաւասարակշռուած մօտեցումը դժբախտաբար աւելի կը քաջալերէ Թուրքիան ու Ազրպէյճանը եւ կը նպաստէ անոնց քաղաքական ծրագիրներուն:

Այս ընդհանուր խորքին վրայ, վեհափառ հայրապետը շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանչիսկոս պապին, որ երկու առիթներով իր հրապարակային խօսքին մէջ անդրադարձած էր Արցախի պատերազմին եւ զինադադարի կոչ ուղղած: Ապա, վեհափառ հայրապետը ըսաւ, որ հայ ժողովուրդը կը սպասէ, որ Վատիկան աւելի ազդու դերակատարութիւն ունենայ` ճանչնալով Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը, Քոսովոյի նման, իբրեւ հիմնական ու մնայուն լուծում Արցախի հարցին, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի անվտանգութեան ապահովման: Վեհափառ հայրապետը միաժամանակ ընդգծեց, որ բոլոր պայմաններուն մէջ հայ ժողովուրդը երբե՛ք պիտի չընդունի, որ Արցախը մաս կազմէ Ազրպէյճանին:

Պապական նուիրակը խոստացաւ անմիջապէս վեհափառ հայրապետին կողմէ արտայայտուած մտածումներն ու սպասումները փոխանցել Ֆրանչիսկոս պապին եւ Վատիկանի պատասխանատուներուն:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/11/2020, 07:49