Քարլօ Աքութիս Քարլօ Աքութիս 

«Սուրբ Հաղորդութիւնը իմ մայրուղին է՝ դէպի Երկինք». Քարլօ Աքութիս

Քարլոն կեանքին մէջ իրեն հիանալի ընկեր մը գտած էր ՝ Յիսուսը: Եւ կը ցանկանար իր այդ թանկարժէք Գանձը կիսել բոլորին հետ, եւ ասոր համար դարձաւ առաքեալ՝ շնորհիւ իր շատ սիրած համակարգչային արուեստագիտութեան։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

10 հոկտեմբերին Ասսիզիի Սուրբ Ֆրանչիսկոսի մայր տաճարին մէջ նախատեսուած է 2006ին մահացած 15 ամեայ երիտասարդ երանելի Քարլօ Աքութիսի երանացման արարողութիւնը, որուն առիթով այսօր՝ մէկ հոկտեմբերին Աստուծոյ Ծառային աճիւնը կը փոխադրուի Ասսիզիի «մերկացումի» սրբավայր։

Ունկնդրէ լուրը

Երիտասարդներուն սիւնհոդոսին նուիրուած «Christus vivit» յետսիւնհոդոսական իր յորդորագիրին մէջ Սրբազան Քահանայապետը  Քարլօ Աքութիսը կը ներկայացնէ  որպէս տիպար երիտասարդներուն համար՝  նեաւ նոր արուեստագիտութեան նկատմամբ անոր ցուցաբերած ողջամիտ մօտեցումին  համար:

«Քարլօ Աքութիսը ծնած է 1991թ. Լոնտոն ապա ապրած է Միլան: Ան  իր մահկանացուն կնքած է վաղ հասակին 2006-ին, լէյկոզի հիւանդութեան հետեւանքով։ Աստծոյ ծառայ հռչակուած է  2018ին:  2019-ի  ապրիլի 5-ին անոր  աճիւնը հանդիսաւոր ձևով տեղափոխուեցաւ  Ասսիզիի Սանթա Մարիա Մաճորէ սրբավայր:

Քարլոն կեանքին մէջ իրեն  հիանալի ընկեր մը գտած էր ՝ Յիսուսը: Եւ կը ցանկանար իր այդ թանկարժէք Գանձը կիսել բոլորին հետ, եւ ասոր համար  դարձաւ առաքեալ՝ շնորհիւ իր շատ սիրած համակարգչային արուեստագիտութեան։   Ան ստեղծած  էր Սուրբ Հաղորդութեան հրաշքներուն նուիրուած առցանց հարթակ, որպէսզի բոլորին պատմէր Յիսուսին հետ իրական հանդիպման ուրախութեան մասին:

Երանացման գործընթացի փաստարկողի խօսքերու համաձայն՝ Քարլոն «հանճար մըն է , քանի որ նոյնիսկ առանց յատուկ կրթութեան, ան կարողացած էր ստեղծել համակարգչային ծրագրեր, նոյնիսկ մասնագէտներէն աւելի լաւ, եւ օգտագործած էր հաղորդակցութեան միջոցները՝ մարդու աւետարանման ու առաջընթացի համար»:

Անոր  հոգևոր հիմնասիւներն էին Սուրբ Կոյս Մարիամը և Սուրբ Հաղորդութիւնը, որոնց հետ ան ամէն օր կը հանդիպէր եկեղեցւոյ  խորանի մօտ, ինչպէս նաև՝ աղքատներուն օգնութիւնը: Ան իր տնեցիներէն կը խնդրէր  ուտելիքի մնացորդները դնել փակ ամաններու մէջ, որպէսզի զանոնք փոխանցէր տեղի աղքատներուն: Աւելին՝ ան ամէն շաբաթ իր ընտանիքէն առած  գրպանի դրամը եւս կը բաժնէր կարիքաւորներուն՝ Միլանի Սբ. Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի անուան բարեգործական կենտրոնին մէջ։

Երանացման գործընթացին մէջ  ներառուած է նաև մաուրիթանացի աշխատողի մը մկրտութեան պատմութիւնը։ Ան կը ծառայէր  Աքութիսներու տան մէջ: «Այս մարդը կը վկայէ, որ ինք քրիստոնեայ հաւատացեալ դարձած է՝ Քարլոյի շնորհիւ ու անոր տիպար եւ օրինակելի կենցաղին շնորհիւ»

Իր ծանր հիւանդութեան պահերուն Քարլոն կ՛ըսէր  «Ես իմ ​​բոլոր տառապանքներս, կը նուիրեմ Տիրոջը՝ յանուն Հռոմի Սրբազան Քահանայապետին ու Եկեղեցու կարիքներուն, որպէսզի ազատիմ  քավարանէն և ուղիղ Երկինք հասնիմ»:

Ան կը փորձէր չի դրսեւորել իր ցաւը. «Կան մարդիկ, որոնք ինձմէ շատ աւելի կը տառապին» կ՛ըսէր  բուժքոյրերուն, երբ անոր կը հարցնէին իր վիճակի մասին, ու կ՛աւելցնէր «Մայրիկիս բան չըսէք: Ան յոգնած է և միայն պիտի անհանգստանայ»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/10/2020, 08:36