Վանի Եկեղեցին Վանի Եկեղեցին 

Հայկական պատառիկներ 5 - ՄԵԾՆ ՆԵՐՍԷՍ (1)

Մեծն Ներսէսի անուան հետ կապուած են այն բարեգործական հաստատութիւնները, որոնք նպաստեցին Աւետարանական սկզբունքները արմատացնելու հայոց մէջ:
Ունկնդրէ լուրը

Յեղափոխութեան Շնորհիւ է, որ կեանքը կը յառաջդիմէ մոլորակիս վրայ: Հայ ժողովուրդը որպէս մարդկային ցեղի ամենահին ձեւաւորուած ազգային տարր, շատ վաղ ժամանակներէն գիտցած է այս անհերքելի ճշմարտութիւնը եւ պետականօրէն եղած է առաջին հրաժարողը իր դաւանած բազմաստուածութենէն:

Այսպէս` ան իր հողին հարազատ ծնունդ Աստուածներուն, Արամազդին եւ Անահիտին, Վահագնին եւ Աստղիկին, Նանէին եւ Միհրին, Տիրին եւ այլ բարի ու չար ոգիներուն գահընկէց ընելով` հաստատեց ճշմարիտ հաւատը` ի Քրիստոս:

Քրիստոնէութիւնը կայացնելու եւ զայն հայուն Առօրեային վերածելու ջանքերուն մէջ,  մեր աւագ հայրապետերէն շատեր իրենց իւրայատուկ դրոշմը ձգեցին; Այդ երախտաւոր հայրապետներէն մէկը` Մեծն Ներսէս բարեգործ հայրապետն է: Ան իր ունեցած ունակութիւններուն շնորհիւ, պալատէն ներս ստանձնած էր սենեկապետի պաշտօնը:

Փառէն կաթողիկոսի վախճանումէն ետք, հայրապետական աթոռը թափուր մնաց: Կղերականներու, պալատականներու եւ ժողովուրդի միահամուռ համաձայնութեամբ Ներսէս ուղարկուեցաւ Կեսարիա եւ կաթողիկոս ձեռնադրուեցաւ:

Ձեռնադրութենէն ետք, Մեծն Ներսէս Ա. կաթողիկոս եւ Արշակ Բ. թագաւոր համագործակցաբար կ'առաջնորդեն երկիրը:

 Մեծն Ներսէսի օրօք առեղծուած անբարենպաստ պայմանները, ստիպեցին հայրապետին Բարենորոգումներ ընելու:

Քանզի չորրորդ դարու երկրորդ կէսին տիրող քաղաքական խմորումներու հետեւանքով գիւղացիներու զանգուածային փախուստը դէպի նոր հիմնուած քաղաք անհրաժեշտութիւն յառաջացուցին կարգաւորելու հողատէրերու եւ պարզ գիւղացիներու միջեւ յարաբերութիւնը:

Արշակաւանի ստեղծած խառնիճաղանճ վիճակը, հողային հարցերը, երկրի ներքաղաքական պայմանները, եւ առհասարակ երկրի ծանր ընկերային տնտեսական կացութիւնը կարգաւորելու նպատակաւ, 354 թուին Աշտիշատի մէջ Մեծն Ներսէս գումարեց առաջին եկեղեցական օրէնսդիր ժողովը, ուր կազմուեցաւ հայ եկեղեցւոյ, կանոնադրութիւնը:

Աշտիշատի ժողովը հայ ժողովուրդի սրտին քրիստոնէացումը յառաջ բերաւ. Ան հանդիսացաւ մեծագոյն բարիքը հայ եկեղեցւոյ եւ հայ  ժողովուրդի հոգեկան ազնուացման առումով:

Մարդը այլեւս արժէք ունէր, որ դասակարգին ալ պատկաներ, որովհետեւ ատելութեան, ստրկութեան տեղը գրաւեցին գթութիւնը եւ ողորմածութիւնը:

Հոգեկան բարեկարգութեան հետքերը մենք կը տեսնենք մինչեւ օրս:

Իսկ ինչպիսի՞ք էին անոնք՝

1.    Մերձաւորներու հետ ամուսնութիւնը խստիւ արգիլեց եւ եօթը պորտի դրութիւնը ստեղծեց:

2.    Դատապարտեց նենգութիւնը, քսութիւնը (զրպարտութիւն եւ բամբասանք), ագահութիւնը, նախանձը, ցանկութիւնը, զրկողութիւնը, արուագիտութիւնը (միասեռականութիւնը), բամբասանքը, անառակ գինովութիւնը, որկրամոլութիւնը, յափշտակութիւնը, պոռնկութիւնը, թշնամիներու դէմ վրիժառութիւնը, ստութիւնը, թշնամութիւնը, անողորմածութիւնը, սուտ երդումը, արիւնահեղ սպանութիւնը, պիղծ անասնագիտութիւնը եւ անոնք որոնք յարութեան ակնկալութիւնը չ'ունէին եւ անյուսութեամբ կու լային մեռելներուն համար: Մեծն Ներսէսի որոշմամբ այս բոլորը միանգամայն կորստեան նոյն խորխորատին (անդուդ) մէջ ինկած կը սեպուէին:

3.    Ան ամբողջ ժողովուրդին կը պատուիրէր, եւ նոյնինքն թագաւորին եւ առհասարակ բոլոր մեծամեծներուն եւ բոլոր անոնց որոնք իշխանութիւն ունէին՝ պարտէին գութ ունենալու իրենց ծառաներուն, ստորադասեալներուն եւ աշակերտներուն հանդէպ: Սիրել զանոնք իբրեւ իրենց ընտանիքի անդամները եւ երբեք անիրաւ եւ տարապայմանօրէն չափազանց տուրքերով չնեղել, յիշեցնելով, որ անոնց համար եւս Տէրը գոյութիւն ունի երկնքի մէջ, նոյնպէս եւ ծառաներուն կը պատուիրէր մնալ արդար հնազանդութեանը տակ իրենց տէրերուն, որպէսզի Տիրոջմէ վարձք ստանան:

Մեծն Ներսէսի օրօք բոլոր եկեղեցիները խաղաղութիւն եւ նորոգութիւն գտան եւ Մեծ Հայքի բոլոր վայրերուն մէջ եպիսկոպոսներու պատուի շուքը տարածուեցաւ, եկեղեցական կարգը ամենապայծառ լուսաւորութեամբ եւ ամենամեծ լիութեամբ ծաղկեցաւ:

Եկեղեցւոյ կարգերը սահմանուեցան պերճ վայելչութեամբ եւ Սուրբ պաշտամունքի կարգերը ճոխացան. ինչպէս եւ աւելցան թիւը պաշտօնեաներուն: շէն եւ անշէն վայրերու մէջ բազմացուց եկեղեցական կարգերը. ինչպէս եւ կրօնաւորութիւնը:

Այս բոլորէն բացի ան անցաւ բարեգործական ծրագիր մշակելու գործին, ըստ իրեն «հարկ է, որ ամէն ոք անխտիր ողորմածութեամբ գոհացնէ կարիքաւորներուն»:

Մեծն Ներսէսի անուան հետ կապուած են այն բարեգործական հաստատութիւնները, որոնք նպաստեցին Աւետարանական սկզբունքները արմատացնելու հայոց մէջ: Բացի հարիւրաւոր վանքեր բարեկարգելէ. ստեղծեց բազմաթիւ բարեգործական հաստատութիւններ, հիւանդանոցներ, աղքատանոցներ, որբանոցներ, այրիանոցներ, անկելանոցներ, ծերանոցներ, հիւանդանոցներ երկրի զանազան կողմերը, եւ այս ամէն հիմնարկութիւնները հաստատուն եկամուտով ապահովեց: Դարձաւ իր դարաշրջանի ականաւոր եկեղեցական-քաղաքական գործիչ:

Հայ եկեղեցին որ հիմնուած էր Արտազու գաւառին մէջ, որոշ ատեն մը կեսարիոյ Աթոռին ենթարկուեցաւ: Իսկ Մեծն ներսէսի օրօք 366-ին, որոշուեցաւ հայոց եկեղեցւոյ անկախութիւնը Կեսարիոյ եպիսկոպոսութենէն:

 Մեծն Ներսէսի ժամանակ ծայր առած երկարատեւ պայքարը` նախարարական իշխանութիւններու, պետութեան, եկեղեցւոյ, աւատապետական տնտեսակարգի միջեւ եւ արտաքին քաղաքական ծանր հանգամանքները, թուլցուցին երկրի դիմադրողականութիւնը եւ վերջապէս Բիւզանդական եւ պարսկական իշխանութիւնները 387-թուականին, համաձայնութեան գալով` հայոց երկիրը իրար միջեւ բաժնուեցան, որ անբուժելի հարուած էր հայոց պետականութեան եւ քակտում Արշակունեաց թագաւորութեան:

  Աշխարհիկ իշխանութեան կորուստով, հայը փարեցաւ եկեղեցական Իշխանութեան,  անոր մէջ որոնելով սփոփանքը` այն բաղձալի կորստեալին, որ պիտի վերականգնուէր, միայն 6-7-դար ետք, բազում զրկանքներու եւ զոհողութիւններու գնով:

Խմբագրեց՝ Սօսէ Փիլաւճեան

Հաղորդավար՝ Գեր. Հ. Մաշտոց Վրդ. Զահթերեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/10/2020, 08:33