Հայ եկեղեցւոյ ծէսը և ծիսակարգը. Հայ եկեղեցւոյ ծէսը և ծիսակարգը. 

Հայ եկեղեցւոյ ծէսը և ծիսակարգը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (ԻԲ)։

Մեր նախկին հաղորդումներուն ընթացքին, համառօտ կերպով անդրադարձանք ծէսին և Հայ Եկեղեցւոյ ծիսական տարուայ հասկացողութեան: Յետ այսորիկ պիտի անդրադառնանք Հայ Եկեղեցւոյ ժամասացութեան հիմը նկատուող աղօթքին, պատարագամատոյցին, և այլ եկեղեցական տօներու աստուածպաշտութեան կարգերու կազմութեան:

ԻԲ. Հաղորդում

Ունկնդրէ լուրը

Ողջոյն ձեզ յարգելի ունկնդիրներ

 

Մեր նախկին հաղորդումներուն ընթացքին, համառօտ կերպով անդրադարձանք ծէսին և Հայ Եկեղեցւոյ ծիսական տարուայ հասկացողութեան: Յետ այսորիկ պիտի անդրադառնանք Հայ Եկեղեցւոյ ժամասացութեան հիմը նկատուող աղօթքին, պատարագամատոյցին, և այլ եկեղեցական տօներու աստուածպաշտութեան կարգերու կազմութեան:

Աղօթքը աղբիւրն է Եկեղեցւոյ հաւատքին: Ահա թէ ինչու՛   ծիսակատարութիւնը սահմանուած է Եկեղեցւոյ կողմէ, որպէսզի օգնէ մեզի լաւագոյն կերպով աղօթելու: Արդարեւ, աղօթքն ու ծէսը իրար առնչուած ըլլալով՝ ծիսակատարումի ընթացքին տեղի կ'ունենայ ամենասեղմ գործակցութիւնը Սուրբ Հոգիին և Եկեղեցիին միջեւ: Սուրբ Հոգին կը պատրաստէ Եկեղեցին իր Տիրոջ հետ հանդիպելու:  Եկեղեցւոյ Ս. Հայրերը յատուկ կարեւորութիւն ընծայած են աղօթքին, ըլլայ այդ մէկը առանձնակի կամ հաւաքական, որովհետեւ Աստուծոյ հետ հաղորդուելու լաւագոյն միջոցը նկատած են զայն:

Հռոմէական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Հայրերէն՝ Ս. Կեղեստինոս Քահանայապետը կ'ըսէ. «Օրէնք աղօթելոյ տայ զօրէնս հաւատալոյ» այսինքն՝ աղօթքի օրէնքը կը բացայայտէ հաւատքի օրէնքը. այլ խօսքով՝ աղօթքը կը զօրացնէ հաւատքը և փոխադարձաբար՝ հաւատքը կը զօրացնէ աղօթքը (Lex orandi legem dat credenda. Ut legem credenda lex statuat supplicandi): Ահա՛ թէ ինչու Առաքեալները առաջին դարերէն կազմած են Ս. Պատարագի խորհուրդը, ժամագիրքը և ծիսարանը: 397 թուականին, Երուսաղէմ այցելած Եթերիա անունով ուխտաւոր մը կը նկարագրէ հոն լսած ժամերգութիւնները, որ ըստ էութեան կազմուած էին երգերէ, սաղմոսներէ, աղօթքներէ, ընթերցուածներէ և քարոզներէ: Հայ ծէսը իր կազմաւորման ընթացքին, պիտի ազդուէր Երուսաղէմի Եկեղեցւոյ ծիսական աւանդութիւններէն, յետագային տալով անոր հայկական նկարագիր: 

Վատիկանեան Տիեզերական Բ. Խորհրդաժողովը (1962-65) բարեփոխեց արեւմտեան Լատին ծէսը, սկսեալ լեզուէն։ Թէեւ Արեւելեան Եկեղեցիները, որոնք ընդհանրապէս նկատուած էին աւելի՛ աւանդապահ քան արեւմտեան եկեղեցիները, հաստատ մնացին իրենց նախնական աւանդութիւններուն վրայ: Վատիկանեան Տիեզերական ժողովի ոգիէն մեկնելով՝ Հռոմի Սուրբ Աթոռը կոչ ուղղեց նաեւ արեւելեան Կաթողիկէ Պատրիարքութիւններուն վերատեսութեան ենթարկելու ծիսական արարողութիւնները եւ հարկաւոր բարենորոգումներ կատարել։

Այսպէս 1966-ին, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին, Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսի ընթացքին, Ամենապատիւ Իգնատիոս ԺԶ. Պաթանեան Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Սիւնհոդոսական Հայրերը նուիրուեցան Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ծիսական կարգերու բարեփոխութեան աշխատանքին. որուն իբր հետեւանք՝ Սիւնհոդոսը որոշում կայացուց ամբողջովին դասական հայերէնով մատուցանել Սուրբ Պատարագը, ի բաց առեալ Ճաշու ընթերցուածէն եւ Աւետարանէն, որոնք կրնային կարդալ աշխարհաբար եւ ի պահանջել հարկին՝ օտար լեզուներով, ըստ պատշաճի։

1983-ի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսը ուսումնասիրեց նաեւ հայ եկեղեցւոյ Ժամերգութեան բարենորոգումը, ինչպէս նաեւ Սուրբ Գրքի թարգմանութիւնը աշխարհաբարի, դիւրամատչելի և լաւագոյն ձեւով ներկայացնելու հաւատացեալներուն: Այդ օրերուն, Նոր Կտակարանի եւ Սաղմոսարանի թարգմանութիւն մը տեղի ունեցաւ աշխատասիրութեամբ՝ Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան երախտաւոր անդամ՝ Հ. Մեսրոպ Վրդ. Ճուրեանի: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/10/2020, 07:28