Բնիկ հասարակութիւն Բնիկ հասարակութիւն 

Ամազոնեան տարածաշրջանի եպիսկոպոսներուն առաջին ընդհանուր ժողովը։

Ամազոնի եպիսկոպոսներու առաջին ընդհանուր ժողովին թուականը կը զուգադիպի Ամազոնի նուրիուած եպիսկոպոսներու սինոդի առաջին տարեդարձին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

26-էն-27 հոկտեմբերին, տեղի կ՝ունենայ Ամազոնեան եկեղեցական տարածաշրջանի եպիսկոպոսներուն առաջին  ընդհանուր ժողովը, որուն թուականը կը զուգադիպի Ամազոնեան տարածաշրջանի նուիրուած եպիսկոպոսներու գումարած սինոդի առաջին տարեդարձին։

Ունկնդրէ լուրը

Եպիսկոպոսներու ժողովը տեղի կ՝ունենայ առցանց, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Ամազոնեան տարածաշրջանէն աւելի քան 8 երկիրներէն եպիսկոպոսներ։

Ամազոնեան տարածաշրջանի եպիսկոպոսներուն առաջի ընդհանուր ժողովին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաւ եկեղեցական տարբեր հաստատութիւններէն, բնիկ հասարակութիւններէն աւելի քան 300 ներկայացուցիչներ որոնց հետ եկեղեցին կ՝ընթանայ ու կը համագործակցի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/10/2020, 10:13