2023 Լիզպոնի համաշխարհային հաւաքի նշանաբանը 2023 Լիզպոնի համաշխարհային հաւաքի նշանաբանը 

Ներկայացուեցաւ Լիզպոնի 2023-ի ԵՀՀ նշանաբանը։

Նշանաբանի ներկայացումը տեղի ունեցաւ ճիշդ այն, օր երբ կը յիշատակուի երիտասարդներուն միջազգային հանդիպումներու հիմնադիր ,Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին քահանայապետ ընտրութեան տարեդարձը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, հոկտեմբեր 16ին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ մամլոյ ասուլիսի մը նթացքին ներկայացուեցաւ 2023 թուականի Լիզպոնի երիտասարդներուն համաշխարհային հաւաքի նշանաբանը։
 

Ունկնդրէ լուրը

Նշանաբանի ներկայացումը տեղի ունեցաւ ճիշդ այն օր՝ երբ կը յիշատակուի երիտասարդներուն միջազգային հանդիպումներու հիմնադիր, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին քահանայապետ ընտրութեան տարեդարձը։
Մամլոյ ասուլիսը հեռարձակուեցաւ ԵՀՀ հաւաքի ընկերային հաղորդամիջոցներու միջոցաւ։

ԵՀՀ հաւաքի նշանաբանը ներշնչուած է Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ ընտրուած Լիզպոնի ԵՀՀ ի նիւթէն «Մարիամ փութով ճամբայ ելաւ» (Ղուկ 1,39)։

Նշանաբանը ընտրուած է միջազգային մրցոյթէ մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին աշխարհի աւելի քան 30 երկիրներէն ժամանած հարիւրաւոր մրցակիցներ։

Նշանաբանը։

«Մարիամ փութով ճամբայ ելաւ» Լիզպոնի ԵՀՀ նշանաբանի մէջ գերիշխող տարրերէն մէկն է խաչը, որ կ՝անցնի ուղիէ մը՝ ուր Սուրբ Հոգին կը բարձրանայ։ Նշանաբանը հրաւէր է երիտասարդներուն անշարժ չմնալու , այլ դառնալու արդար եւ եղբայրասէր աշխարհի մը կառուցողները։ Կանանչ, կարմիր եւ դեղին գոյները կը ներկայացնեն Փորթուկալի դրօշակի գոյները։

Խաչը։

Քրիստոսի խաչը նշան է մարդկութեան նկատմամբ Աստուծոյ անհուն սիրոյն։

Ուղի

Աւետարանի Տիրամօր այցելութեան հատուածը, Լիզպոնի ԵՀՀ նիւթն է, որ մեզի ցոյց կու տայ, թէ Մարիամ պատրաստ էր ապրելու Աստուծոյ կամքին համաձայն եւ պատրաստակամ էր Եղիսաբեթի ծառայելու։  
Նշանաբանը հրաւէր է  երիտասարդներուն՝ վերանորոգելու իրենց ներքին ուժը, երազները, յոյսն ու երախտագիտութիւնը։

Վարդարան։

Վարդարանի ընտրանքը ոգեկոչում է Փորթուկալի ժողուվուրդի հոգեւորականութեան, Ֆաթիմայի Տիրամօր հանդէպ ունեցած ջերմեռանդութեան մէջ։ Վարդարանը զետեղուած է ուղիի մը վրայ, յիշեցնելու համար ուխտագնացութեան փորձառութիւնը, որ մեծ կարեւորութիւն ունի Փորթուկալի մէջ։

Մարիամ

Մարիամ պատկերացուած  է որպէս երիտասարդուհի մը, ներկայացնելու համար Ղուկաս Աւետարանիչի դիմագիծը եւ ուժեղացնելու աւելի մեծ նոյնացումը երիտասարդներուն հետ։


Հեղինակը։

Նշանաբանին հեղինակն է երիտասարդուհի 24 ամեայ գծագրիչ մը։ Ան Լոնտոնի մէջ ուսանած է գծագրութիւն եւ այժմ կ՝աշխատի Լիզպոնի մէջ լրատուական գրասենեակի մը մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/10/2020, 14:13